Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

100-ամեակին ընդառաջ ՌԱԿ-ը կը մնայ հաւատարիմ իր քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային սկզբունքներուն՝ յանուն իրաւական եւ ժողովրդավար Հայաստանի

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.

            Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը 98 տարեկան է: Հարիւրամեակին պատրաստուող մեր կազմակերպութիւնը թէեւ Սփիւռքի իրականութեան ծնունդ է, սակայն զինք բաղկացնող երկու կազմակերպութիւններէն Արմենական կուսակցութիւնը, որ հայ առաջին քաղաքական կազմակերպութիւնն է, հիմնուած է Վանի, իսկ Ժողովրդական կուսակցութիւնը՝ Թիֆլիսի մէջ: Հետեւաբար, ազգային միասնութիւնը արտայայտուած է նաեւ մեր կուսակցութեան հիմնադրումի ընթացքին՝ արեւելահայ թէ արեւմտահայ հատուածներու միաւորումով՝ պատմական Վանի, Թիֆլիսի թէ Պոլսոյ մէջ:

 

         Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան միութեան մաս կազմած քաղաքական ուժերը իրենց կարեւոր դերակատարութիւնը ունեցած են հայութեան կեանքին մէջ. Արմենականները եւ Սահմանադիր Ռամկավարներ՝ հայ ազատագրական պայքարի, Ժողովրդական կուսակցութիւնը՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան, իսկ ՌԱԿ-ը՝ Հայաստանի անկախութեան հռչակման առաջին տարիներուն:

 

            Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը միակ ոչ ընկերվարական քաղաքական հոսանքը եղած է հայ իրականութեան մէջ, մինչեւ Հայաստանի անկախութեան հռչակումը, 1991-ին: Կուսակցութիւնը դաւանած եւ տարածած է ազատական ռամկավարութեան (ժողովրդավարութեան) գաղափարախօսութիւնը: Գաղափարական այդ հաւատարմութեան շնորհիւ եղած է զուսպ, հաւասարակշռուած, ողջախոհ եւ իրատես ուժ մը: Ծայրայեղականութիւնը, արկածախնդրութիւնը եւ անիրատես գործելաոճը հեռու եղած են մեր կուսակցութենէն: Ան զօրաւոր եղած է մանաւանդ իր մտաւորական ուժով, ինչպէս Արշակ Չօպանեան, Վահան Թէքէեան, Միհրան Տամատեան, Անդրանիկ Անդրէասեան, Գերսամ Ահարոնեան եւ սփիւռքահայ հասարակական եւ քաղաքական միտքի ականաւոր այլ դէմքեր, որոնք անգնահատելի դերակատարութիւն ունեցած են Սփիւռքի ազգային-քաղաքական կեանքի կազմակերպումին եւ առաջնորդութեան մէջ:

 

            Գաղափարական սկզբունքներուն եւ դաւանանքին հաւատարիմ մնալով, կուսակցութեան համար հայրենասիրութիւնը վեր եղած է բոլոր տեսակի նկատառումներէն, մանաւանդ Սփիւռքի տարածքին, ուր գաղափարական մօտեցումներէն անդին եւ աւելին, առաջնահերթ եղած են հայութեան ազգային դիմագիծի պահպանումը եւ Հայ Դատի հետապնդումը:

 

            Սփիւռքահայ զանգուածներուն հայեացքը մի՛շտ դէպի հայրենիք ուղղելու եւ զիրենք հայրենիքով խանդավառելու մնայուն վարքագիծին մէջ կուսակցութիւնը որդեգրած է «Վարչաձեւերը գնայուն են, հայրենիքը յաւերժական է» կարգախօսը: Գաղափարական տարակարծութիւններ ունենալով հանդերձ, ՌԱԿ-ը յարաբերութիւններ եւ գործակցութիւններ ունեցած է Առաջին Հանրապետութեան, Խորհրդային Հայաստանի եւ Երրորդ Հանրապետութեան հետ:

 

            ՌԱԿ-ը առաջիններէն էր որ ողջունած էր Անկախութեան գործընթացի սկիզբը ազդարարող Հայաստանի Հանրապետութեան Հռչակագիրը, 23 Օգոստոս 1990-ին, գործուն մասնակցութիւն բերելով նաեւ հանրաքուէի Այո-ի քարոզարշաւին: Կուսակցութիւնը աշխոյժ գործունէութեան լծուած էր այդ տարիներուն, մանաւանդ իր պատգամաւորական խումբին միջոցով, որ պետականութեան հիմերը զօրացնող օրէնսդիր կարեւոր գործունէութիւն կ՚ունենար 1990 թուականի Գերագոյն խորհուրդի կազմին մէջ:

 

***

            Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան քաղաքական նպատակներէն կարեւորագոյն խնդիրն է պետականաշինութիւնը՝ որտեղ պիտի հետապնդուի այնպիսի արդար եւ իրաւական համակարգի հիմնում որ կ՚ապահովէ անհատի եւ քաղաքացիական հասարակութեան առաւելագոյն ազատութիւն եւ հաւասար իրաւունքներ բոլորին: Իրաւունքի սկիզբը ինքնավար մարդն է, իսկ ինքնավարութիւնն ալ իր կարգին կը դրսեւորուի որպէս նախաձեռնութեան եւ պատասխանատուութեան միատեղ գործընթաց:

 

            Օրէնսդրութիւնը պէտք է ամրագրէ անհատի բարոյական եւ մտաւոր անկախութիւնը ինչպէս նաեւ արժէքներու, հայեցակարգի ինքնուրոյն ընտրելու ունակութիւնը: Հետեւաբար իրաւունքի ազատական գաղափարախօսութիւնը կը կայանայ այն համագործակցութեամբ որ պետութիւնը պէտք է ենթադրէ որ քաղաքացիները իրենց շահերուն գիտակից են:

 

            Օրէնքը կը մնայ ցանկութեան սահմաններուն մէջ, եթէ պետութիւնը տակաւին չէ վերածուած իրաւական պետութեան, այսինքն չէ կազմաւորուած այնպիսի քաղաքական իշխանութիւն՝ որ կը ճանչնայ ու կ՚երաշխաւորէ օրէնքի գերակայութիւնը: Ազգի եւ իւրաքանչիւր անհատի բնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները ամրագրող եւ երաշխաւորող օրէնքը: Այս գործընթացները նախադրեալ են կայունացնելու պետութեան ժողովրդավարական կարգավիճակը, որ պէտք է ապահովուի ներկայացուցչական եւ ժողովրդավարութեան համակցութեամբ:

 

            Այս կարգավիճակի գործունէութեան հիմնական սկզբունքներն են.

 

            ա) Ներկայացուցչական (իշխանական մարմիններու ընտրութիւններ) եւ անմիջական ժողովրդավարական (հանրաքուէ, ժողովրդավարական քննարկումներ) կը գործեն համապատասխան օրէնքներով:

 

            բ) Ներկայացուցչական եւ անմիջական ժողովրդավարութեան ձեւերը իրար փոխլրացնող եւ միմեանց օրինականութիւն կ՚ապահովեն:

 

            գ) Սահմանադրութեան մէջ ձեւակերպուած մարդու իրաւունքներն ու ազատութիւնները անբեկանելի են թէ՛ ներկայացուցչական եւ թէ՛ անմիջական ժողովրդավարութեան եղանակներով:

 

            Որպէս ժողովրդավարական գերիշխանութեան սկզբունքի հիման վրայ կառուցուած պետական իշխանութեան ձեւ՝ ռամկավարական վարչակարգը կը յենուի երեք սահմանազատուած իշխանութիւններու հաւասարակշիռ գործունէութեան վրայ.

 

            – Օրէնսդիր իշխանութիւն, որ կ՚ընտրուի ժողովուրդի կողմէ եւ օրէնքի կը վերածէ ժողովուրդի կամքը:

 

            – Գործադիր իշխանութիւն, որ կը կենսագործէ օրէնքները:

 

            – Դատական իշխանութիւն, որ կ՚ապահովէ օրէնքներու ճշգրիտ կիրառումը եւ քաղաքացիներու հաւասարութիւնը օրէնքի առաջ:

 

            Իշխանութեան մարմիններու կազմաւորման ժողովրդավարական ձեւերը երաշխիքներ պէտք է ստեղծեն անհնար դարձնելու իշխանութեան բռնազաւթումը, իրաւասութիւններու չարաշահումը եւ օրինականութեան խախտումները:

 

            ՌԱԿ-ը կը հաւատայ որ դատաիրաւական համակարգը արմատական բարեփոխումներու կարիքը ունի: Այդ բարեփոխումները պէտք է իրականանան դատական իշխանութիւններու լիարժէք անկախութեան, արդարութեան եւ օրինականութեան պահպանումով եւ անկողմնակալ դատավարութեան սկզբունքներով: Այս հիմնարար նպատակներու իրականացման համար ՌԱԿ-ը առաջնահերթ կը համարէ հասարակական-քաղաքական կեանքի ժողովրդավարացումը, իշխանութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը, անհատի իրաւունքներու եւ ազատութիւններու երաշխիքներու ապահովումը Սահմանադրութեամբ:

***

            Այժմ ընկերային քաղաքականութեան մասին:

 

            Հասարակական ընկերային կեանքի բեւեռացումը մեղմելու նպատակով, ՌԱԿ-ի քաղաքականութիւնը կը հիմնուի չափաւորութեան եւ հաւասարակշռութեան սկզբունքներու վրայ: Ազատական ռամկավարութիւնը կը պաշտպանէ մասնաւոր սեփականութեան իրաւունքը, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը ձգտի ընկերային արդարութեան եւ կը մերժէ սեփականութեան որեւէ մենաշնորհում: Հասարակական բաշխումը եւ բռնի արգելքներու յարուցումը քաղաքացիներու անհատականութեան դրսեւորման մէջ չեն կրնար երաշխաւորել ընկերային արդարութիւն:

 

            Օրէնսդրութեամբ եւ արհեստակցական միութիւններու վերահսկողութեամբ ՌԱԿ-ը պիտի պայքարի պետական եւ մասնաւոր մենաշնորհներու, աշխատաւորներու շահերու անտեսման դէմ: Կուսակցութիւնը իր կարեւոր պարտականութիւններէն կը համարէ քաղաքացիներու ապահովագրութիւնը՝ գործազրկութեան, հիւանդութեան, պատահարի, ծերութեան եւ մահուան պարագաներուն՝ պետական մակարդակով: ՌԱԿ-ը անհրաժեշտ կը համարէ ստեղծել բոլոր պայմանները որոնց միջոցաւ քաղաքացին իր կարողութիւններուն համաձայն կը գտնէ աշխատանք, պաշտպանել քաղաքացին իշխանաւորներու եւ սեփականատէրերու կամայականութիւններէն: Սահմանել աշխատավարձի, ծերութեան եւ այլ նպաստներու ողջամիտ բաւարար չափ, եւ այլն: Ընտանիքը նկատելով ազգի գոյատեւման եւ յանձնառու քաղաքացիի կերտումի հիմնական գրաւականներէն՝ ՌԱԿ-ը կը հաւատայ որ պետութիւնը պէտք է իւրայատուկ ուշադրութիւն դարձնէ առողջ ընտանիքի կազմութեան՝ վարելով տնտեսական եւ ֆինանսավարկային քաղաքականութիւն, քաջալերել մայրութիւնն ու բազմազաւակութիւնը: Ելլելով այն իրողութենէն որ ազատական-ռամկավարութիւնը առողջ եւ հզօր է այնքան որքան բարձր է քաղաքացիներու գիտակցական մակարդակը, ՌԱԿ-ը անհրաժեշտ կը համարէ կրթութեան եւ մշակոյթի պետական հովանաւորութիւնը, խթանելու զարգացումը մեր ազգային նուաճումներուն: Այդ նպատակով պէտք է նորոգել Հայաստանի միջնակարգ, պարտադիր եւ անվճար հանրային ուսուցման ոլորտը, հիմնել ժամանակակից քաղաքակրթութեան համապատասխանող բարձրագոյն կրթական համակարգ, յատուկ հովանաւորութեամբ կարիքաւոր եւ տաղանդաւոր ուսանողներուն: Քաջ գիտակցելով որ բոլոր գաղափարախօսական, քաղաքական, ընկերային խնդիրներու լուծումը պիտի նպաստէ հասարակութեան ընկերային-տնտեսական վիճակի բարելաւման:

***

     Այժմ տնտեսական քաղաքականութեան մասին:

 

     ՌԱԿ-ի տնտեսական քաղաքականութեան հիմնական դրոյթը՝ անհատներու ազատ նախաձեռնութեան եւ ձեռնարկութեան համահաւասար իրաւունքի գերակայութիւնն է՝ մասնաւոր սեփականութեան անձեռնմխելիութեան, սեփականութեան բազմաձեւութեան եւ պետական նուազագոյն հակակշռի պայմաններով: Իւրաքանչիւր անձ ազատ եւ հաւասար հնարաւորութիւն պէտք է ունենայ աշխատելու իր կրթութեան, ունակութիւններուն եւ իղձերուն համապատասխան: Հայ քաղաքացին պէտք է ազատ ըլլայ որեւէ խումբի կողմէ իր նկատմամբ կիրառուող քաղաքական, տնտեսական կամ ընկերային ճնշումէ: Պետութիւնը պարտաւոր է ապահովելու այդ ազատութիւնները՝ խթանելով համընդհանուր համագործակցութիւնը տնտեսական առաւելագոյն արդիւնքներու եւ բարեկեցիկ կեանքի համար: Կանոնակարգուած ազատութեան եւ բոլոր քաղաքացիներուն հաւասար հիմքերու վրայ է որ իւրաքանչիւր քաղաքացիի ներդրումը եւ նախաձեռնութիւնը կրնան օժանդակել ընդհանուրի յառաջդիմութեան: Անհատի բնական ազատութեան հիմքը հանդիսացող մասնաւոր սեփականութեան իրաւունքը՝ տնտեսական պաշարներու՝ հողի, դրամի, աշխատանքի եւ ձեռնարկատիրական ունակութեան նկատմամբ, տնտեսական գործունէութիւնը մասնաւոր բնոյթ կրելով հանդերձ, սերտօրէն կ՚առնչուի հանրային կեանքին, հետեւաբար կառավարութիւնը հասարակութեան որպէս օրինաւոր ներկայացուցիչ, իրաւունք ունի եւ պարտաւոր է միջամտելու անոնց՝ յօգուտ հասարակութեան հաւաքական շահերուն:

 

            ՌԱԿ-ը Հայաստանի տնտեսական ապագայ զարգացումը անմիջականօրէն կը կապէ շուկայական համակարգի հաստատման անհրաժեշտութեան հետ: Շուկայական տնտեսութիւնը, ազատ մրցակցութեան եւ գիներու ինքնակառավարման պայմաններու մէջ, մարդկանց անձնական շահի բնական ձգտումը անմիջականօրէն կը ներդաշնակէ ընդհանուր շահերուն եւ այդպիսով ապահովելով հասարակութեան յառաջընթացքը:

 

            Ազատականութիւնը իրական ժողովրդավարութեան ստեղծողն է, իսկ ժողովրդավարութիւնը իր հերթին այն միջոցն է որով ազատականութիւնը կրնայ դտսեւորուիլ ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքի մէջ: Հետեւաբար, ժողովրդավարութեան եւ ազատականութեան հիմքերու վրայ կառուցուած հասարակական տնտեսակարգերն են որ ունակ են ապահովելու անհատի եւ հանրութեան արժանավայել կեանքը եւ պայմաններ ստեղծել անոնց համակողմանի զարգացման համար: 

 

ԳԷՈՐԳ ՀԱԼԷՊԼԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ