Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Տօներու Կաղանդչէք

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. Տարիներու հեզասահ թաւալգլորումը դարձած է արագընթաց` մեզի համար: Տակաւին երէկ էր, երբ կը տօնէինք Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, բարեկամներու, ծանօթներու եւ հարազատներու հետ, որոնցմէ մի քանին չկան այսօր: Ի՞նչ պատահեցաւ որ. ինչո՞ւ անոնք շուտ հեռացան մեզմէ։ Աւելի յարմար վա՞յր էր իրենց ճամբորդութիւնը, թէ՝ կեանքի գնացքը չսպասեց եւ մեկնեցաւ առանց անոնց: Անոնք որոնք կարողացան կառչիլ այդ կեանքի գնացքին, արդէն այսօր մեզի հետ են: Անոնք մենք ենք մինչեւ այսօր, մեր երիտասարդ սերունդը եւ անոնց յաջորդող մատղաշ սերունդն է, որ աչքերը բացած է այս երկինքի տակ, հայրենիքի եւ հայրենական դոյզն իսկ զգացումէ անտեղեակ, հոգ չէ թէ մի քանի բառ հայերէն կրնան խօսիլ, բայց հասակ առած են օտար շունչով, կրթութեամբ եւ դաստիարակութեամբ, հայ ծնողքին պարտականութիւնները առաւել եւս թէժացնելով ու ծանրաբեռնելով:

 

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ մենք «երկրի հակառակ կողմ»-ը կ՚ապրինք, այդ է պատճառը կարծեմ:

 

Տարին արդէն հասած է իր աւարտին, զիրար հրմշտկող տօնական օրերով: Ժողովուրդը մոլորած ամբոխի նման, շուարած կ՚աճապարէ մէկ տօնի պատրաստութենէն միւսին հասնելու համար: Հազիւ հազ պրծած էինք սա «Հալովին» կոչուած տօնէն, ուր իմ կարծիքով (այս «իմ կարծիքով» խօսքն ալ սորվեցայ իրաւաբան բարեկամէ մը, մեղադրանքէ, զրպարտումէ կամ իրաւական  հետապնդումէ զերծ մնալու համար), այլանդակութիւններու տօն մըն է, ուր ժողովուրդը փողոց կը թափի անճոռնի հագուստներով, տարազներով եւ ձեւակերպութիւններով: Իսկ այն խեղճ մանուկները որոնք իրենց ծնողներուն թելադրանքով եւ մեղսակցութեամբ ճամբայ ելած են, կը կարծեն թէ այդ օր իրենք հուրի-բերիներ են կամ վհուկներ եւ կամ այլ հեքիաթային, երեւակայական, ֆիլմերու հերոսներու կամ զանազան այլ  մարմնաւորումներ: Իսկ այդ բոլորը… մի քանի կտոր շաքարեղէնի կամ քաղցրեղէնի համար: Խուճապի մէջ ուրախութիւն ստեղծելու առիթ:

 

Հեռաձայնիս մէջ ունէի բազմաթիւ տեղւոյս պետական տօներու ցուցակներ, որոնց մէկ մասէն տեղեակ չէի, պետական էին թէ ոչ, կամ ինչո՞ւ պետական տօն պէտք էր ըլլար այդ: Օրինակ՝ «Ռոշ հաշանա», «Քաուանզա»,  «Հանուքա», Լուսնի նոր տարի, «Հոլի», «Ռամատան» եւ այլ տօներ, որոնք «ամերիկեան» չէին մի քանի տարի առաջ: Իսկ ինչպէ՞ս տեղ գտան Ամերիկայի պետական տարեցուցակներուն վրայ, չեմ գիտեր: Երեւակայեցէք ամերիկեան 7 պաշտօնական եւ մի քանի կրօնական տօներուն վրայ աւելցած հրէական, իսլամական, ափրիկեան, չինական եւ դուք շարունակեցէք այլազան այլ տօներ, որոնցմէ «խապար» չէինք նոյնիսկ: Իսկ այս բոլորին անյարմարութի՞ւնը: Երեւակայեցէք համարեա շաբաթը մի քանի անգամ, հանգիստիդ, աշխատանքի մէջ խորասուզուած կամ զբաղած մէկ  պահուն, յանկարծ հեռախօսդ սկսի բարձրաձայն քեզ ազդարարել յաջորդ օրուան այդ նշուած  տօնին մասին: Շատ յաճախ պատահած է որ հեռաձայնը ձեռքէս թռչէր դէպի պատուհան կամ դուռ, բայց նկատի ունենալով անոր փոխարժէքը, կամացուկ մը լռեցնել ջանացած էի զայն… մինչեւ որ անոր դարմանը վերջապէս գտայ զանոնք մշտապէս անհետացման դատապարտելով: Այժմ, հանդարտօրէն կը ներդրեմ ի՛մ տօներս իրենց ազդով, ի՛մ տօներս: Այդ արհեստագիտութիւնը գոնէ՛ այս առիթը ընծայած է մեզի:

 

Յաջորդ տօնը “Thanksgiving”-ն է, «Գոհաբանութեան» տօնը, որ նոյնպէս հայկական բնոյթ չունի, ըլլալով զուտ ամերիկեան տօն, փառաբանելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու երկրին պարգեւած բարիքներուն «նորագաղթ» անգլիացներուն եւ եւրոպացիներուն համար ընդհանրապէս, որոնք ժամանակին «ապաստանեցան» այս երկրի ափերը, մին՝ ոճրագործութեան, աւազակութեան յանցանքներով դատապարտուած եւ աքսորուած այս ափերը, իսկ միւսը՝ ոսկիի փնտռտուքի տենչով մոլորած, հասնելով այստեղ: Անշուշտ թէ փառք պէտք է տային այդպիսի բարիքներու համար: Բայց հայերս, ինչպէս միշտ, փնտռած ենք կերուխում, ու այս տօնը յարմար առիթ նկատելով, մենք եւս մասնակից դարձած ենք անոր տօնակատարութեան, հազարաւոր հնդկահաւեր զոհաբերելով մեր քիմքերու հաճոյքին համար:

 

Գոհաբանութեան տօնին յաջորդ օրը եւ յաջորդ Երկուշաբթի օրը անշուշտ զիրար հրմշտկելու, կոխկռտելու եւ մեր քսակները պարպելու օրեր են: Անոնք Black Friday, Cyber Monday կը կոչուին: Մարդիկ, տիկնայք եւ երիտասարդներ, արեւածագէն առաջ շարքի կը կանգնին վաճառատուներու առաջ, անոնց փեղկերը ճանկռտելով, նոյնիսկ՝ այդ անյարմար եղանակին, վրաններու տակ ծուարած, կը սպասեն վաճառատուներու բացման, որպէսզի…..  “Sale”-ի մէջ եղած լման վաճառատան ապրանքները գնեն, անոնց պէտքը կամ կարիքը ունին թէ ո՛չ: Կարեւորը սակայն… “Sale”-ի մէջ է այդ: Այդ վաճառատուները յաճախ կը վերածուին «խելագարուած ամբոխներու» վոհմակներու, ուր աներեւակայելի բախումներ, հրմշտուքներ եւ ծեծկռտուքներ եւս տեղի կ՚ունենան:

Յաջորդ տօնը Դեկտեմբերի 25-ն է, “Christmas”:

 

Դարեր առաջ, այդ օրը ընդունուած էր որպէս հեթանոսական տօն եւ սակայն քրիստոնէութեան կրօնքի ընկալումով, այդ տօնը վերածուեցաւ Քրիստոսի ծննդեան տօնակատարութեան, անհետացնելու համար հեթանոսական պաշտամունքի յամառ հետեւողականութիւնը այդ տօնին:

 

Հայ ժողովուրդի կաթողիկէ եւ բողոքական յարանուանութիւնները այդ օրը ընդունած են եւ կը տօնեն որպէս Քրիստոսի ծննդեան օր: Սակայն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին կ՚ընդունի Յունուար-ի 6-ը աշխարհով մէկ, իսկ Երուսաղէմը՝ Յունուարի 13-ը:

 

Քրիստոսի ծննդեան տօնակատարութիւնները վերջին մի քանի տարիներուն, 2008-2016, շղարշուած էին “Happy Holidays”-ի անուանումին ներքոյ, համաշխարհայնացումի զոհ դարձնելու նպատակով: Սակայն, վերջին մի քանի տարիներուն արդէն կը լսուին ու կը տեսնուին “Merry Christmas” մաղթանքներն ու խանութներու փեղկերուն վրայ զետեղուած վերտառութիւնները, հեռատեսիլի եւ այլ հաղորդակցութեան աղբիւրներէն սփռուած հաղորդումներն ու տեսաժապաւէնները, որոնք քրիստոնէութիւն կը բուրեն: Կարծէք «կլոպալիզմը» մէկ քայլ ետ գնաց այս իշխանութեան օրով:

 

***

Հազիւ մէկ շաբաթ անց, արդէն տարեգլուխ է եւ Նոր տարի:

 

Մարդիկ կը ճամբորդեն քաղաքէ քաղաք, Լաս Վեկասը կը վխտայ ժողովուրդներու տեսականիներով, նաեւ… հայերով: Մարդիկ ամէնուրեք կը խայտան, կ՚ուտեն, կը խմեն ու կը պարեն հին տարին ճամբելու եւ նորը դիմակալելու բարի  մաղթանքներով, ցանկութիւններով եւ աղօթքներով: Բոլորս, այո՛ բոլորս, իրարու կը մաղթենք բարին ու բարիքը, խաղաղութիւնն ու արեւշատութիւնը, երջանկութիւնն ու առողջութիւնը, յուսալով որ գոնէ՛, գոնէ՛ այդ մաղթանքներուն մէկ մասնը իրականային: Կը հաւաքուինք ընտանիքներով ասոր կամ անոր տունը, պարզապէս զիրար տեսնելու եւ մի քանի ժամ անցկացնելու համար հարազատի մը հետ, որ հաւանաբար մէկ տարի է արդէն չես տեսած, պատառի մը բաժնեկից ըլլալու, գաւաթի մը ումպին մասնակից դառնալու եւ անոր «հալը, քէֆը» հարցնելու համար: Որովհետեւ, տարուան մնացեալ օրերու ընթացքին հաւանաբար պիտի չկարենանք տեսնել զիրար այլ պարագաներով:

 

2019 տարին եղաւ արկածախնդիր ու փոթորկոտ աշխարհի զանազան ծայրամասերուն մէջ, իր քաղաքական յեղափոխութիւններով, բնական պատուհասներով եւ մարդկային ստեղծած աւերներով, պատերազմներով ու կոտորածներով, որտեղ հայ ժողովուրդի մասնիկներ ունեցան իրենց տխուր բաժինը այդ բոլորին մէջ: Միակ վայրը որ զերծ մնաց նման աղէտներէ, ի փառս Աստուծոյ, մեր հայրենիքն էր, արարատեան սուրբ հովանիին ներքեւ ծուարած իր ժողովուրդով: Մեր  մաղթանքն է, որպէսզի մեր հայրենիքը մնայ այդպէս անսասան ու անվթար: Մտածեն՛ք մեր հայրենիքի անդորր յառաջխաղացքը չապականացնելու մասին:

 

Իսկ Նո՛ր տարին, 2020-ը արդէն մեր սեմին է:

 

Այս Կաղանդը ինչպիսի՞ նորութիւններ բերելու հաւանականութիւններ ունի արդեօք այս տարի մեր հայրենիքին, ազգին, ընտանիքներուն, հարազատներուն եւ վերջապէս… աշխարհին:

 

Ցանկանք բարին աշխարհին:

Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ սիրելի հայ ժողովուրդ:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ