ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-
Տարեվերջի մտածումները պարզ բնոյթ ստացած են եւ գրեթէ ամէն մարդ կը մտածէ նախորդ տարուան ընթացքին պատահած դէպքերուն մասին ու կը ծրագրէ բարեփոխումներ կատարել յաջորդ տարուան համար։ Բնականաբար մէկը իր կեանքը բարելաւելու համար ամէն օր կրնայ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ։
Հայաստանի մէջ կատարուած հիմնական բարեփոխումները մեծապէս լաւ տրամադրութիւն արձանագրած են ժողովուրդին մէջ եւ յոյս կը ներշնչեն ապագայի նկատմամբ։ Հարցախոյզերու արդիւնքներուն համաձայն ժողովուրդին 70 տոկոսը գոհ է եւ լաւատես։
Անոնք որոնք պարտուեցան թաւշեայ յեղափոխութեան պատճառով, բնականաբար պիտի չուզէին բարելաւում տեսնել, մանաւանդ երբ անոնք տարիներով գողութեամբ ապրեցան բարձր մակարդակով, կողոպուտով հարստացան, ապօրինի միջոցներով տեղ հասան։
Բարեբախտաբար Նիկոլ Փաշինեան կրցաւ յեղաշրջել երկիրը եւ յոյս ներշնչել ապագայ սերունդին սիրտերուն եւ միտքերուն մէջ, շնորհիւ տարիներու ընթացքին տեղի ունեցող եղծումի, կաշառակերութեան, մենատիրութեան, գողութեան եւ ընդհանրապէս փտածութեան մթնոլորտը քանդելու իր կառավարութեան ջանքերուն։
Բազմաթիւ ղեկավարներ բանտարկուեցան եւ նոյնիսկ Փաշինեան ձերբակալեց փոխնախարար մը, որ ինք վերջերս նշանակած էր։ Վստահ եմ բարելաւելու այս շարժումը պիտի շարունակուի նաեւ բարեփոխութեան ենթարկելու արդարատութեան ոլորտը՝ նոր օրէնքներ հաստատելով։ Բնականաբար քանի մը ամիսէն կարելի չէ արդիւնքի հասնիլ։ Համբերութիւն պէտք է ունենալ, երբ նկատի առնենք որ Պերլինի պատը բարձրացաւ եւ 28 տարի ետք վերցուեցաւ։
Այս բոլորին կողքին կ՚ուզէի Փաշինեան կառավարութեան իրագործումներուն մէկ մասին գնահատականով անդրադառնալ՝ առանց մոռնալու որ այս կառավարութիւնն ալ կատարեալ չէ եւ սխալներ կը գործէ՝ նայելով թէ որ անկիւնէն կը դիտենք։ Աշխարհի վրայ կատարեալ բան չկայ եւ ամէն տեղ թերութիւններ կը պատահին։
Կ՚ուզեմ հակիրճ կերպով ներկայացնել ներքին հարցերը, ժողովուրդին կեանքը եւ համաշխարհային ղեկավարութեան կարծիքը։ Մեծ մասը քաղուած է ամերիկեան եւ եւրոպական կազմակերպութիւններու պատրաստած ուսումնասիրութիւններէն։
• Վերջին վեց ամիսներուն 81 հազար նոր աշխատատեղեր ստեղծուեցան Հայաստանի մէջ, առաւելաբար համակարգչային ճիւղին մէջ՝ աշխատավարձքերը բարձրացան 30 տոկոսով։
• Հայաստանի միջազգային առեւտուրի ընդհանուր գումարը 19 տոկոսով աւելցաւ այս տարի։
• Համաշխարհային դրամատունը (World Bank) դրական կեցուածք ունի Հայաստանի տնտեսական աճի վերաբերեալ՝ գնահատելով պետութեան ծրագիրներն ու անոնց իրագործումը։
• Հայաստանի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի յայտնեց, որ Ամերիկան զօրավիգ պիտի կանգնի Հայաստանի կառավարութեան՝ ժողովրդավարական եւ տնտեսական բարենորոգումներուն, նաեւ մանաւանդ զեղծարարութեան, խաբէութեան եւ գողութեան պայքարին մէջ։ Ամերիկան Հայաստանի իր օժանդակութիւնը պիտի բարձրացնէ 40 տոկոսով։
• Եւրոպայի Տնտեսական յանձնաժողովին ուսումնասիրութեան համաձայն Հայաստան Կովկասի շրջանին մէջ ամէնէն շատ տնտեսական աճ արձանագրած է. ապա կու գայ Ղրղզստան։
• Այս տարի աւելի քան 30,000 անհատներ եւ ընկերութիւններ պետական տուրք վճարեցին։
• Ամէնէն ցած աշխատավարձքը պիտի կրկնապատկուի եւ պիտի ըլլայ 68,000 դրամ։
• Շուրջ 5,000 երեւանցիներու աշխատավարձքը պիտի բարձրանայ եկող տարի. ի մասնաւորի արուեստի, երաժշտութեան, ստեղծագործական բնագաւառներու եւ մարզական դպրոցներու մէջ աշխատողներունը՝ 25-էն 50 տոկոսով։
• Աղքատութեան մակարդակը 2010-էն ետք պակսեցաւ հասնելով 23,5 տոկոսի, որ բնականաբար քիչ է։ Շիրակի շրջանի բնակչութիւնը ամէնէն աղքատն է, ապա Լոռին եւ Տաւուշը։ Պետութիւնը լուրջ ծրագիրներ կը մշակէ այդ կարեւոր շրջաններու կացութիւնը բարելաւելու համար։ Ընդհանուր բնակչութեան ծախսած դրամը 10-էն 13 տոկոս բարձրացաւ։
• Աւելի քան 300 որբերու համար պետութիւնը բնակարան պիտի հայթայթէ:
• Հայաստանի ամէնէն բարձր եկամտատուրք տուողներէն շուրջ 1,000 հարկատուներ այս տարի 14 տոկոս աւելի վճարեցին շնորհիւ պետութեան ջանքերուն եւ հետախուզական աշխատանքներուն։
• Կարեւոր երեւոյթներէն մէկն ալ այն է, որ մանաւանդ զինուորներու ամսականները բարձրացուց կառավարութիւնը. նաեւ ուսուցիչներու, բժիշկներու, ոստիկաններու եւ հանգստեան կոչուած անհատներու։
• Հայաստանի կառավարութեան պիւտճէին եկամուտը 24 տոկոսի բարձրացաւ։
Կան նաեւ այլ ծրագիրներ, որոնք պիտի ներկայացուին կառավարութեան կողմէ։ Աւելի քան 400 քիլոմեթր ճամբաներ եւ մայրուղիներ պիտի վերանորոգուին, գրեթէ հնամաշ բոլոր վերելակները փոխուին կամ նորոգուին, ծերանոցները բարելաւուին, զբօսայգիները մաքրուին, հանրակառքերը աւելի կազմակերպուին եւ այլ բազմաթիւ փոփոխութիւններ մտցուին Հայաստանի առօրեայ կեանքին մէջ։ Բնականաբար ժամանակ պիտի առնէ, մէկ օրէն միւսը բարեփոխումներ չեն կրնար ըլլալ։
Մեր երկիրը բաւական բարելաւուեցաւ եւ լաւագոյն ապացոյցը այն է, որ այս տարի զբօսաշրջիկներու թիւը 14 տոկոսով բարձրացաւ։ Աւելի քան 1,5 միլիոն զբօսաշրջիկ այցելած է Հայաստան եւ անցնող տարուան առաջին վեց ամիսներուն միայն՝ զբօսաշրջիկները ծախսած են 120 միլիոն տոլար, աւելի քան նախորդ տարի։
Եթէ մեր երկիրը բարելաւուած չէ, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ զբօսաշրջիկներու թիւը այսքան կը բարձրանայ եւ մարդիկ կ՚ուզեն Հայաստան այցելել՝ հայեր եւ մանաւանդ օտարներ։
Լուրջ պէտք է մտածել եւ ամէն ձեւով օգտակար ըլլալ մեր Հայաստանին, որ մեր մշտնջենական երկիրն է։
ՓՐՈՖ. ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ