Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ՊԱՆԾԱԼԻ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.

 

Ոսկեդարեան ուղիով

            Ինչպէս որ մեր նախնիք որպէս պատասխան հրաշալի Ոսկեդարը կերտեցին 428 թուի Արշակունեաց թագաւորութեան անկման դժբախտ առիթով, հայորդիք մեր շատ մօտաւոր անցեալին 1920 թուին, նորաստեղծ Հանրապետութեան անկման օրերուն ռահվիրաները հանդիսացան Համալսարանի բացման եւ յաջորդող տասնամեակներու հայ մատենագրութեան ու մասնագիտական ճիւղերու կատարեալ վերազարթօնքին։ Նոր Տարուան սեմին երախտագիտութեամբ կը յիշատակեմ այն հոյլ մը Էջմիածնի Հոգեւոր Ճեմարանի ուսեալ եւ ընտրեալ շրջանաւարտները, որոնք քաղաքական ամենադժուարին պայմաններու տակ խիզախօրէն իրենց առաջին պարտքը համարեցին հիմնել Երեւանի Պետական համալսարանը ուղիղ հարիւր տարիներ առաջ։

            Յիրաւի, դար մը առաջ Համալսարանի բացման մեծագոյն բարիքը այն եղաւ որ մինչեւ Խորհրդային կարգերու հաստատուիլը հայ ուսանողութիւնը ստիպուած էր Ռուսաստան, Գերմանիա, եւ Արեւմտեան Եւրոպա մեկնիլ համալսարանական ուսմանց հետեւելու համար։ 1920 թուին առիթը կը ներկայանար որ անոնք Հայրենիքի մէջ հիմնէին ու յետագայ սերունդին կտակէին բարձրագոյն եւ մասնագիտական ուսման կեդրոնը՝ մայրենի լեզուով, հայկական վաւերական եւ ակադեմական դրութեամբ՝ սերունդներու յաջորդականութեամբ, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ արտասահմանի հայութեան համար։

 

Հիմնադրութիւնը

            Երբ 1920 Նոյեմբեր 29-ին Հայաստան մաս կազմեց Խորհրդային Ռուսաստանի իշխանութեան որպէս Հայաստանի Բ. Հանրապետութիւն, ամիս մը ետք, Դեկտեմբերին հիմը դրուեցաւ Երեւանի Պետական Համալսարանին, որ դարձաւ Հայաստանի բարձրագոյն ուսման հաստատութիւնը։ Իսկ 1921 թուի Յունուար 23-ին, Համալսարանի հին ու պատկառելի շէնքին պետական բացումը կատարուեցաւ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի երեւելի հայագէտ շրջանաւարտներու հաւաքական աջակցութեամբ եւ գլխաւորութեամբ Համալսարանի առաջին տնօրէն Յակոբ Մանանդեանի։ Համալսարանի ներկայ շէնքը կառուցուեցաւ աւելի ուշ, երբ արդէն հազարաւոր ուսանողներ պիտի դիմէին բարձրագոյն ուսման։

            Այդ փաղանգը կազմեցին Մանուկ Աբեղեան, Ստեփան Մալխասեան, Գարեգին Եպս. Յովսէփեան, Հրաչեայ Աճառեան, Առաքել Բաբախանեան (Լէօ), Արսէն Տէրտէրեան, Պ. Քալանթարեան եւ Մ. Թումանեան, որոնք հանդիսացան հարազատ յաջորդները Սահակ-Մեսրոպեան առաջին դպրոցի Սուրբ Թարգմանիչներուն։ Իրենց բոլորանուէր աշխատանքին որպէս բարձր գնահատանք 1925 թուին բոլորը միասին պետութեան կողմէ արժանացան փրոֆեսորի կոչման, որոնք մասնագիտական ուսմանց հետեւած էին արդէն եւրոպական յայտնի համալսարաններէն ներս, եւ այժմ պատրաստ էին Երեւանի Պետական Համալսարանը ընծայելու մեր ազգին։

 

Պատմագէտ Փրոֆ. Յակոբ Մանանդեան

            Ակադեմիկոս Յակոբ Մանանդեան որ իր նախկին տարիներու բեղմնաւոր պատրաստութեան եւ հեղինակութեան տարիներէն ետք 1920 թուին Երեւան կը հաստատուէր, Խորհրդային Հայաստանի պետութեան յաջորդ տարուան Յունուար 7-ի հրամանագրով Երեւանի Պետական Համալսարանի Տնօրէն կը նշանակուէր, մնայուն կերպով վարելով նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան կաճառի վարիչի եւ դասախօսի պաշտօնները։ 

            Սկիզբէն Յ. Մանանդեան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոսի կողմէ 1900-1905 թուականներուն հայրենիք եւ Ս. Էջմիածին կը հրաւիրուէր որպէս դասախօս Գէորգեան ճեմարանին իր տարեկից երախտաւորներուն Հրաչեայ Աճառեանի, Մանուկ Աբեղեանի եւ Ստեփան Մալխասեանի հետ միասին։ Ան կը վարէր նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի «Արարատ» ամսագրի փոխխմբագրի պաշտօնը՝ խմբագիր Գարեգին Վրդ. Յովսէփեանի կողքին՝ հետագային մեր օրերուն Տ.Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ (1867-1952)։

            Կանուխէն Մանանդեան Աճառեանի հետ միասին հրատարակած էր «Հայոց նոր վկաներ» գիրքը Մայր Աթոռի ձեռագիր մատեաններու ընդմէջէն, 15 տարի մեծ վաստակ ձգելով Մայր Աթոռէն ներս, հրատարակելով նաեւ «Մեկնութիւն ստորոգութեանց Արիստոտէլի» աշխատութիւնը։ Մանանդեան հեղինակած է շարք մը բարձրագոյն մակարդակի հայագիտական եւ աղբիւրագիտական գիրքեր՝ «Յունաբան դպրոցը եւ նրա զարգացման շրջանները», «Կշիռները եւ չափերը հնագոյն հայ աղբիւրներում», «Ֆէոտալիզմը հին Հայաստանում», եւ բոլորին պսակը եղող «Քննական տեսութիւն հայ ժողովրդի պատմութեան» չորս հատորները։

 

Համալսարանի ուսման առարկաները, ուսանողութիւնը

            Երեւանի Պետական Համալսարանի հաստատման առաջին տարին ճարտարագիտական, մանկավարժական եւ շինարարական բաժինները սկզբնական առարկաները եղան, որոնց վրայ հետզհետէ աւելցան պատմագիտական եւ գիւղատնտեսական ճիւղերը։ 1922 թուի Մարտ ամսուն՝ բժշկագիտութեան ճիւղը աւելցաւ եւ նոյն տարին բացուեցան Համալսարանի տպարանը, գիտական աշխատանոցները, գրականութեան ու արուեստի գրադարաններ։ Միեւնոյն ատեն Համալսարանի առաջին հրատարակութիւնները սկսան լոյս տեսնել։

            Ուսանողներու թիւը զգալիօրէն կ՚աւելնար 255-էն 1160-ի, եւ 1925 թուականին թիւը հասած էր 1,300-ի։ Առաջին շրջանաւարտները հասան տարի մը ետք՝ թիւով 37 աւարտականներ։ Առաջին հնգամեակին ուսանողութեան թիւը արդէն 3,500-ի կը հասնէր, երբ 1927-ին Պետական համալսարանը դոկտորական աստիճանի թեկնածուներու պատրաստութեան կաճառը կը հաստատէր։ Աւելի կանուխ, 1923-ին, Երեւանի Պետական երաժշտանոցին բացումը կը կատարուէր որ իսկոյն Կոմիտաս վարդապետի անուամբ կոչուեցաւ։ Երեւակայեցէք այս բոլորը համայնավար կաշկանդիչ առաջին տարիներուն, որոնց ընդմէջէն վերոյիշեալ ուսեալ եւ ուսումնատենչ Գէորգեան ճեմարանի ընտրանին հրաշալի կերպով միակամ «հսկեցին» ու հայագիտութիւնը անաղարտ պահեցին Համալսարանէն ներս։

            Համալսարանի առաջին շրջանի աւարտականներէն աւելի քան 1,500 մասնագէտներ հասան, որոնց կարգին 435 մանկավարժ, 296 բժիշկ, 130 ճարտարագէտ, 324 գիւղատնտես, 93 անասնաբոյժ, 252 տնտեսագէտ եւ 11 արուեստագէտ շրջանաւարտներ։ Անոնց կողքին առաջին հնգամեակին Պետական համալսարանը հազարաւոր դասախօսներ եւ ուսուցիչներ ընծայեց հայրենիքին, ինչպէս նաեւ տարբեր մասնագէտներ՝ քիմիագէտներ, թուաբանագէտներ, իրաւաբաններ եւ աշխարհագրագէտներ։

 

Պետական ակադեմիան

            Համալսարանը իսկոյն դարձաւ նաեւ գիտական հետազօտութիւններու կեդրոն, ստեղծելով Պետական ակադեմիան, ուսումնասիրութիւններ կատարելով յիշեալ բնագաւառներուն մէջ, հրատարակելով զանոնք եւ սփռելով Խորհրդային Միութեան միւս հանրապետութիւններէն ներս որպէս ակադեմական, գիտական, ու մտաւորական ատաղձ։ Առաջին երկու տասնամեակներուն Համալսարանը հազարէ աւելի գիրք եւ գիտական հանդէսներ հրատարակած է, ինչպէս «Բանբեր Երեւանի համալսարանի», «Գիտական տեղեկագիր», «Երիտասարդ գիտաշխատող», եւ «Երեւանի համալսարան» պարբերաթերթերը։ Հայերու կողքին արտասահմանէն հայ եւ նոյնիսկ օտարազգի ուսանողներ ակնառու թիւ մը կը կազմէին Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս։ Սփիւռքէն գացող հայ ուսանողներ դարձան բժիշկներ, ճարտարագէտներ, երաժշտագէտներ, եւ ուսուցիչներ, ու վերադառնալով ոռոգեցին արտասահմանի խոպան դաշտերը։  

 

Երկու Հսկայ Հայագէտներ՝ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս եւ Յ. Մանանդեան

            Դպրեվանքի Ընծայարանի Ա. կարգի ուսանող էի, երբ դասի պահուն մատենագրութեան մեր ուսուցիչը՝ Սիմոն Սիմոնեան տեղեկացուց դարասկիզբի ներհուն բանասէր եւ պատմագէտ Համալսարանի առաջին տնօրէն Փրոֆ. Յակոբ Մանանդեանի մահը 79 տարիքին, պատահած Երեւանի մէջ, 1952 Փետրուարին։ Սիմոնեանէն մնայուն կերպով կը լսէինք նոյն անունը յարատեւ իր լիաբուռն թաւ ձայնով եւ շեշտով, բայց այս վերջին անգամ ցաւով եւ ափսոսանքով, միշտ յիշեցնելով մեզի անպայման կարդալ յայտնի պատմագէտ փրոֆեսորին «Քննական տեսութիւն հայ ժողովուրդի պատմութեան» չորս հատորեակը որպէս հայ դասական մատենագիրներու պատմագրական ամենէն ճիշդ եւ լրիւ քննարկումը։ Անկասկած իմ յետագայ աշխատանքներուն մէջ հիմնական տեղ ունեցան Մանանդեանի սոյն հատորները։

            Չորս ամիս ետք Յունիսին Անթիլիասի Հայրապետական իր բնակարանին մէջ կը վախճանէր հայագիտութեան հսկայ մը եւս՝ յանձին Երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին։ Երկուքն ալ, ինչպէս յիշեցի, եղան հիմնադիր գիտնականները Երեւանի Պետական համալսարանին։ Երկուքին մահը ծանր կը ճնշէր մեր ուսուցչին՝ Սիմոն Սիմոնեանի վրայ, որ հանգուցեալ Հայրապետին կողմէ իրեն որպէս գիտական աշխատակից կարգած էր 1946 թուականէն ի վեր երբ Հայրապետը պիտի հրատարակէր իր մեծածաւալ «Յիշատակարանք ձեռագրաց» հատորը։ Ուսանողներս անուղղակիօրէն մտաւոր կապ մը կը հաստատէինք Երեւանի Պետական համալսարանին հետ իմանալով երկու հայագէտ հիմնադիրներու վախճանումի մասին, յատկապէս Երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսին, որուն հայրական հովանիին տակ ստացանք մեր կրօնական դաստիարակութիւնը։

 

ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ