Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ. Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու առթիւ ՀԲԸՄ-ի Վերին Մարմինը «Նոր Օր»ի բարգաւաճման նպատակով կը նուիրէ $10,000 ամ. տոլար՝ բարձր գնահատելով «Նոր Օր»ի դերն ու ծառայութիւնը սփիւռքահայ կեանքէն ներս:

ՀԲԸՄ-ը խորապէս կը գնահատէ նաեւ այն իրականութիւնը, որ «Նոր Օր» հանգամանօրէն կ’անդրադառնայ ՀԲԸՄիութեան գործունէութիւններուն:

Այս առթիւ ՀԲԸՄ-ը կը շնորհաւորէ «Նոր Օր»ի աշխատակազմը, բարեկամներն ու ընթերցողները՝ մաղթելով քաջառողջութիւն, երջանկութիւն եւ յաջողութիւն իրենց աշխատանքին մէջ:

Ի մասնաւորի յաջողութիւն եւ բարի երթ կը ցանկայ «Նոր Օր»ին՝ իրականացուող բարեփոխութիւններուն առթիւ: ՀԲԸՄ-ը լիայոյս է որ շուրջ 100-ամեայ «Նոր Օր»ը այսուհետեւ նոյնպէս կը շարունակէ ընթանալ իր դաւանած աւանդական ժողովրդավարական ու հայրենասիրական ուղղութեամբ:

            ՀԲԸՄ Կեդրոնական Վարչութիւն

                             Նիւ Եորք

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ