Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Յայտարարութիւն ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան պաշտօնաթերթ «Նոր Օր»ը թեւակոխած է արդէն իր 98-րդ տարին: Այսօր հաստատակամ քայլերով բոլորիս սիրելի շաբաթաթերթը կը շարունակէ իր երթը դէպի պանծալի հարիւրամեակ:

Անցեալ տասնամեակը, նման նախորդողներուն, տարբեր չ’եղաւ «Նոր Օր» ի համար՝ ստանձնելու տարբեր որակի եւ տեսակի մարտահրաւէրներ:

Նոր տարուան եւ նոր տասնամեակի մը սկզբնաւորութեան Շրջանային Վարչութիւնս առաւել եւս վճռակամ, վերանորոգուած ուխտով եւ ամուր հաւատքով կը շարունակէ կանգուն պահել մեր արժէքաւոր ժառանգութիւն՝ «Նոր Օր»ը յանուն հայապահպանման վեհ առաքելութեան:

Հակառակ Սփիւռքի տարածքին հետզհետէ դժուարացող  Հայ Դպրոցը եւ Մամուլը պահելու եւ պահպանելու պայքարին, ներկայ ժամանակներու պայմաններուն հետ զուգընթաց քալելու նպատակով Վարչութիւնս կատարեց որոշ փոփոխութիւններ, ամրապնդելու տպագիր տարբերակի հրատարակութիւնը, միաժամանակ շարունակելով անոր ելեկտրոնային ցրւումը: Թերթիս խմբագրական կազմին մէջ գլխաւոր խմբագիր նշանակուեցաւ Դոկտ. Մինաս Գոճայեանը, որ իր երկարամեայ վաստակով փորձառութիւնը սիրայօժար ի գործ պիտի դնէ գլխաւորելու եւ վերահսկելու թերթիս հրատարակութեան աշխատանքը:  Գրաշարութեան, ձեւաւորման եւ հրատարակութեան պատրաստող տարբեր գործերը պիտի ապահովեն հայրենաբնակ երիտասարդ եւ արհեստավարժ խումբ մը աշխատակիցներ, առաջնորդութեամբ թերթիս նորանշանակ գործադիր խմբագիր՝ Օրդ. Անահիտ Կօշկարեանին:

Այսօր՝ մեր խորին շնորհակալութիւնը կ’ուզենք յայտնել վերջին չորս տարիներուն «Նոր Օր»ի երիտասարդ մտաւորական եւ ուսուցիչ՝ գլխաւոր խմբագիր ընկ. Հրաչ Սեփեթճեանին  իր անձնուէր եւ օրինակելի աշխատանքին համար, որուն շնորհիւ թերթս հասաւ աւելի բարձր որակի եւ մակարդակի: Խորին շնորհակալութիւն նաեւ վաստակաշատ ընկ. Լութֆիկ Թապաքեանին եւ իր կողակիցին՝ ընկ.հի Մատլէնին, իրենց երկար տարիներու նուիրական գործին եւ հոգատարութեան համար: Շնորհակալ ենք նաեւ տիկին Սիլվա Պալիքեանին իր քարտուղարութեան պաշտօնի երկարամեայ ծառայութեան համար:

Այս պատեհ առիթով, Շրջանային Վարչութիւնս նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ «Նոր Օր» բոլոր աշխատակիցներուն, կամաւորներուն եւ իր ընդարձակուած ընտանիքի անդամներուն, որոնք յարատեւօրէն կ’օժանդակեն թերթի հրատարակութեան զարգացման եւ տարածման աշխատանքին:

Թող Նոր Տարին բոլոր մեր շրջանակի բարեկամներուն, անդամակցութեան եւ համայն Հայ ժողովրդի զաւակներուն պարգեւէ խաղաղութիւն, առողջութիւն, ուրախութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ