Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Գործնական Հայրենասիրութիւն

«Մեռելներուս իբրեւ խաչ ես այս ծառը տնկեցի»:

Լեւոն-Զաւէն Սիւրմէլեան

 

Բարեգործներ կան, որոնք կ’ակնկալեն որ  անպայման շեփորուին իրենց արարքները, կան  նաեւ բարեգործներ, որոնք կը հետեւին Քրիստոսի Այրի Կնոջ Լումայի խորհուրդին: Այսպիսիները կեանքի նպատակ կը դարձնեն բարի արարքը` առանց փառասիրութիւնը շօշափող գովասանքներու: Անոնք երջանկութիւն կը վայելեն տեսնելով իրենց արարքին առթած ուրախութիւնը հասարակութեան մէջ:

 

Այս առնչութեամբ բոլոր պայմանները կը լրացնէ Երեւանի Պետական Համալսարանի ութսունամեայ, բայց միշտ երիտասարդի խանդավառութեամբ ու աւիւնով լի Փրոֆեսոր Գուրգէն Մելիքեան: Ան ամէն տեղ է, ուր կը հաւատայ թէ ինք կրնայ քար մը եւս աւելցնել հայրենաշինութեան կառոյցին վրայ: Հետեւաբար երբեք չզարմացայ ու անակնկալի չեկայ, երբ Ղարաբաղեան ազատամարտի թէժ օրերուն նկարուած հաղորդման մը մէջ զինք տեսայ Մոնթէ Մելքոնեանի եւ Արցախի ազատամարտիկներու հետ, Երեւան-Ստեփանակերտ դժուար ու վտանգաւոր թռիչքներ կատարող ուղղաթիռին մէջ՝ լեցուած վիրաւոր ազատամարտիկներով եւ օգնութեան մեկնող հայրենակիցներով:

 

Յետագային հպարտութեամբ լսեցի ու հետեւեցայ իր առաքելութիւններուն՝ Արցախի մէջ: Միայն անկաշառ եւ ինքնամոռաց տիպար հայրենասէրը կրնայ ընել Գուրգէնին գործը:

 

Վերջերս, ինչպէս արդէն աւանդութիւն էր դարձած, Գուրգէն Մելիքեան կրկին անգամ շնորհ ըրած էր գալ Լոս Անճելըս՝ հանդիպելու համար իր ծրագիրներուն օգտակար եղած ազնիւ բարերարներուն՝ ներշնչելով զանոնք, զեկուցելով անցնող տարուայ գործունէութեան մասին եւ, ինչու չէ նաեւ՝ նոր լիցք հաղորդելու եւ շարունակելու իր առաքելութիւնը: Հիմնադրամը կը կոչուի «Գուրգէն Մելիքեան Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքների հիմնադրամ»: Քաշաթաղը կը գտնուի Լեռնային Արցախի արեւմտեան կողմը՝ փակած Հայաստանի Հանրապետութեան:  Անիկա հարուստ է պատմական յուշարձաններով եւ անտառային տարածքներով: Բնութիւնը աւելի քան չքնաղ է ու վայրի, իսկ ձմեռները՝ աւելի մեղմ:

 

Հիմնադրամը իր աշխատանքները կը տանի մի քանի ուղղութիւններով.

ա) Բազմազաւակ ընտանիքներու օգնութիւն՝ նուիրելով կովեր, որոնք կ’ապահովեն կենսական սննդեղէններ, այնուհետեւ ծնած հորթուկները կաթնատու դառնալէ ետք ստացուած կաթնամթերքը կը վաճառեն՝ ապահովելով նկատելի եկամուտ:

բ) Մասնակի աջակցութիւն տալ աւելի քան 200 Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի (Վրաստան) եւ սուրիահայ ուսանողներու:

գ) Գիրքերու հրատարակութիւն:

դ) Ընկուզենիներու պուրակներու ընդարձակ տնկում: Ստացուած բերքին մէկ մասը բնակիչները կ’առնեն իրենց պէտք եղածը, իսկ մնացեալով կը պատրաստուին անուշեղէններ,որոնք կը վաճառուին հայրենի թէ արտասահմանեան շուկաներու մէջ:

 

 

Ձախէն՝ Թագուհի Արզումանեան, Քարոլայն Նաճարեան եւ Գուրգէն Մելիքեան

 

2019թ. նոյեմբերեան հաւաքը, տեղի ունեցաւ Կլէնտէյլի «Սիփան» շքեղ սրահին մէջ, ուր ներկայ էին շուրջ 180 հայրենակիցներ՝ մեծաւ մասամբ բարերարներ, որոնք տեղւոյն վրայ կատարեցին իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները: Օրուան հանդիսաւոր ճաշկերոյթի հանդիսավարուհին էր հայութեան կողմէ սիրուած ու խանդավառ մտաւորական Տիկ. Թագուհի Արզումանեան, որ Հիմնադրամի մեծագոյն բարեկամներէն է ու ոգեւորողը: Ան բանաստեղծական շունչով եւ բարի գալուստի ջերմ խօսքերէ ետք ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց Տիար Գուրգէն Մելիքեանը, որ սրտի խօսքը ուղղէ ներկաներուն եւ ներկայացնէ անցնող տարուան ձեռքբերումները: Ան հրաւիրեց ներկաները որ յոտնկայս յարգեն Հիմնադրամի բարեկամներ Նիք Քանեանի, Մայէսթրօ Ալֆոնդ Մարտոյեանի եւ Գրիգոր Պետրոսեանի յիշատակը:

 

Ներկաները ուրախութեամբ եւ ծափողջոյններով արձագանգեցին անցնող տարուայ նուաճումներուն: Այս տարի նոյնպէս մեծ թափով շարունակուած են ծառատնկումները՝ «Համահայկական ասմունքի փառատօն»ի, «Երեւանի Պետական Համալսարանի 100 ամեակի» եւ նախկին Սաղիմահայ եւ այժմ Լոս Անճելըսաբնակ «Դաւիթ Սամուէլեան եւ եղբայրք» պուրակները:

 

Տիար Գուրգէն Մելիքեան իր ներկայացումը կատարեց ցուցադրելով տեսահոլովակներ, որոնց շնորհիւ ներկաները աւելի խորութեամբ ծանօթացան այն հսկայական աշխատանքին, որուն լծուած են Հիմնադրամի անդամներն ու մասնակիցները: Առանձնապէս ուշագրաւ էր մեծ ու սրտցաւ հայրենասէրներ Քերոլայն եւ Ճորճ Նաճարեաններու հիմնած «ԱՐՓԵՆ» մայր եւ նորածին կեդրոնի 22 տարուայ գործունէութիւնը: Հիացումով եւ յուզմունքով իմացանք թէ երկու տասնամեակի ընթացքին այս կեդրոնը Արցախին պարգեւած է 32,680 երախայ, այլ խօսքով բնակչութեան մէկ չորրորդի չափ թիւ մը՝ այսինքն վաղուան զինուորը, բանուորը, մասնագէտը, ուսուցիչը, պաշտօնեան:Քերոլայն եւ Ճորճ Նաճարեաններ

 

Քերոլայն եւ Ճորճ Նաճարեաններ

 

Հանդիսաւոր ճաշկերոյթը իր հայրենասիրական եւ ժողովրդական սիրուած երգերով ճոխացուց բարերար եւ երգիչ Դաւիթ Սամուէլեան:

 

Դոկտ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ