Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. Չենք Մոռցած Ու Չենք Մոռնալու

Երեսուն տարի առաջ այս օրերուն տարատնկեալ «ազրպէյճան» կոչուած երկրի Պաքու մայրաքաղաքի հայութիւնը տեսաւ 20-րդ դարու մէջ իր երրորդ ցեղասպանութիւնը նոյն թաթարաթրքական (այսպէս կոչուած՝ ազերի թուրքեր) վոհմակներուն կողմէ։ 1990-ի Յունուարին իբր թէ «խառնամբոխը» տարերայնօրէն յարձակեցաւ երկրի քաղաքացիներէն հայ բնակիչներուն վրայ, կողոպտեց, թալանեց, առեւանգեց, բռնաբարեց ու թրքա-ազերական ընդունուած ձեւով ջարդեց բազմաթիւ հայեր։  Շուրջ 250,000 հայեր բռնագաղթուեցան, մէկ մասը ապաստանեցաւ Հայաստանի մէջ, մնացեալները ցիր ու ցան եղան Ռուսաստան եւ այլուր՝ մինչեւ իսկ…ԱՄՆ-ի Իւթահ (Utah) նահանգը։

 

            Կատարուածը տարերային չէր, ամենեւի՛ն, այլ տարատնկուած հանրապետութեան իշխանութիւններու նախապէս ծրագրուած քաղաքականութիւն, նոր բառով՝ ազգային մաքրազտման քաղաքականութիւն (ethnic cleansing)։ Բռնագրաւուեցան հայ ազգաբնակչութեան բնակարաններն ու ստացուածքները եւ պղծուեցան Հայոց հոգեւոր ու կրթական կեդրոնները։

 

            Եթէ «արեւելեան այս թուրքերուն» ըրածը թուրքական աւանդական քաղաքականութեան շարունակութիւնը չէր, հապա ի՞նչ էր։ Ի՞նչ անուն տալ այս եղեռնագործութեան, եթէ ոչ ցեղասպանութիւն, որովհետեւ  հայութիւնը այս սարսափելի վիճակին կը մատնուէր միայն հայ  ըլլալուն պատճառով։ Ինչպէս որ Ա. ցեղասպանութեան տարիներուն Օսմանեան Թուրքիան բանտերէն ազատել տուաւ ջարդարարներն ու մարդասպանները, այդպէս եւ «ազերի» իշխանութիւնները բանտերէն ազատ արձակեցին քրէական յանցագործները, որոnց արիւնալի ձեռքերուն ձգուեցաւ վայրենաբարոյ կերպով իրագործելու պետական յանձնարարութիւնը, որպէս յանցանքներու թողութեան «ազնիւ» միջոց մը։

 

            Եւ այս ամբողջը կատարուեցաւ աշխարհի աչքին առաջ, տակաւին Խորհրդային Միութիւն  կոչուած կայսրութեան աչքին առջեւ եւ անոր լուռ համաձայնութեամբ, աւելի մեղմ ըսած ըլլալով՝ կատարուող դէպքերու ծանրութիւնը լուրջի չառնուեցաւ։ Այդ իշխանութիւնները քիչ մը շարժեցան իրենց տեղերէն, երբ Արեւմուտքը բողոքեց Պրն. Կորպաչովին, որուն միջամտութիւնը մի կերպ հասցուեցաւ խռովարարներուն կամ նոր իշխանութեան ձգտողներուն, որոնք սկսան ԽՍՀՄ-ի դէմ ըմբոստութեան սուր ճօճել։

 

            Այո՛, մենք՝ ի Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի ո՛չ միայն չենք մոռցած  այս աղէտը, այլեւ պատրաստ ենք պատասխանելու կատարուածին համար եւ ասիկա մե՛ր անսակարկելի իրաւունքն է, մեր սրբազան պարտաւորութիւնը։

 

            Հետեւաբար նաեւ այսօր մենք՝ համայն հայութիւնս պարտաւոր ենք թիկունք կենալ հայրենի մեր նոր ու խոստմնալից իշխանութիւններուն, որոնք մեզի յոյս կը ներշնչեն գալիք աւելի՛ փայլուն օրերու հանդէպ։ Ժամանակը եկած է որ մենք պարտինք ըլլալ աւելի միասնական մեր ՀԻՄՆԱԿԱՆ ու ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ նախապատւութիւններուն շուրջ՝ պահելով հանդերձ մեր իւրայատկութիւնները եւ մեր ազատ մտածողութեան իրաւունքը։ Ըսել է թէ՝ մեր իւրայատուկ մտածելակերպերը կամ քաղաքական տարբեր հայեացքները պէտք չէ վերածուին բախումներու, փոխադարձ հայհոյանքներու եւ վիրաւորանքներու, որոնք մեզ կը շեղէն ընդհանուր թշնամիին՝ թուրք-ազերական ոսոխին դէմ դնելու մեր հիմնական քաղաքականութենէն։

 

            Ողբա՜նք մեռելները, բայց փառաբանենք նաեւ ազատութեան այժմու եւ գալիք ազատամարտիկները։

 

Մ.Գ.  

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ