Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Փտածութիւնը Ունի Տարբեր Շերտեր

Առաջին բաները, որոնք կ՛ակնկալուին աշխատողի մը կողմէ աշխատանքը ընդունելու համար,  հաւասար աշխատանքային իրաւունքներն են, ինչպէս նաեւ օրէնքով պաշտպանուածութիւնն ու  արժանապատիւ աշխատավարձը:

 

Ըստ ուսումնասիրութեանս, մինչեւ յեղափոխութիւնը Հայաստանի մէջ կար չգրուած օրէնք մը․ ցած օղակի աշխատողը երբեք չի կրնար իր դժգոհութիւնը բարձրաձայնել: Հայրենիքին մէջ փտածութեան ախտը բուժելու համար ճամբայ ելած Յեղափոխութեան վրայ մեծ յոյսեր ունի Հայ ժողովուրդը, մենք լաւատես ենք, որ անոնք պիտի իրականան, վերոյիշեալ յոռի մշակոյթին վերացումով:

 

Հակառակ շատ մը ոլորտներու մէջ դէպի լաւը փոփոխութեան, տակաւին ըստ տիրող մշակոյթին, մինչեւ օրս ուղիղ խօսիլը կը համարուի ըմբոստութիւն, իսկ անարդարութեան  մասին խօսիլը՝ բողոք, հաւասար աշխատանքային պայմաններ պահանջելը հասարակ եւ բարեկամական կապով արտօնեալ աշխատակիցներու միջեւ՝ ստոր մարդկային արարք, իսկ ղեկավարութեան տնօրէնութեան բացայայտ սխալներուն մասին բարձրաձայնելը՝ ոչ մարդկային, ծախու արարք։

 

Մինչեւ յեղափոխութիւն, Հայաստանի մէջ պետական հաստատութիւններուն մէջ տիրող անհաւասար պայմանները ակնյայտ էին, սակայն այդ բանին  մասին խօսիլը կը նշանակէր կորսնցնել աշխատանքը։ Յետ յեղափոխութեան աշխատավարձերու բարձրացումը կենսական է, սակայն բաւարար չէ ըստ երեւոյթին, յոռի երեւոյթները հիմնականօրէն փոխելու համար։ Կարեւոր են այլ փոփոխութիւններ, որոնք աշխատողին հոգեբանութեան վրայ դրական կ՛ազդեն: Այսօր, նոյն աշխատավարձով կողք կողքի կ՛աշխատին մարդիկ, որոնցմէ մէկը ծանրաբեռնուած է երկու աշխատակցի չափ, միւսը՝ կէս։

 

Խնդիրը թերեւս երկար ու խոր արմատներ ունի, կարճ ժամանակի մէջ զայն հիմնականօրէն արմատախիլ ընել   անհնար է:

 

Փտածութիւնը միայն պետական մակարդակի ֆինանսական կողոպուտին չի վերաբերիր: Փտածութիւն է նաեւ աշխատանքային բարոյականի յոռի իրավիճակը, որ արգելք կը հանդիսանայ տուեալ երկրի մը զարգացումին:

 

Ժողովուրդը համբերատար է, իսկ մենք լիայոյս, որ համբերատար սպասումը եւ հաւատքը արդար ու արժանապատիւ ապագայի մը հանդէպ , վերջ ի վերջոյ պիտի բերէ սպասուած բարեկեցիկ ու արժանապատիւ Հայաստանը եւ յեղափոխութիւնը պիտի յաջողի:

 ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ