Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Ազատութիւն

Ազատութիւն կը նշանակէ ըլլալ անկախ եւ անկաշկանդ, ունենալ կամքն ու հնարաւորութիւնը ազատ արտայայտուելու, ըլլալ ուրիշին իշխանութենէն զերծ։

Ժողովուրդի պարագային՝  իրաւունք՝ տնօրինելու իր քաղաքական, պետական, հասարակական ու մշակութային կեանքը։ Այս հանգամանքը աւելի եւս շեշտադրուած եւ սուր է մեր՝  հազարամեայ պետականութեան պատմութեան ընթացքին դարերով անազատ ու կախեալ կեանք ապրած ազգիս համար։ 

Վերջին հարիւր տարուայ հայաստանեան անկախութեան պատմութեան ընթացքը ազատութեան տարբեր դրսեւորումներ ունեցաւ։ Իւրաքանչիւր հանգրուան, որուն անցաւ Հայաստանը, իր հետ բերաւ իրեն բնորոշ դժուարութիւնները։  Առաջին, կարճ հանրապետութիւնը կարելի է կարծել սկիզբ  պէտք է դներ ազատութեան գաղափարին։ Անոր յաջորդ  կարծեցեալ ազատութեան 70 տարիները, այնուհետեւ ներկայիս հանրապետութիւնը, անկախութեան սերունդը եւ ազատութիւն տենչացնող հայ ազգը։

          Ազատութեան գաղափարը մօր կաթի հետ եկող շարժիչ հսկայ ուժ է, որ եթէ ներարկուած է հոգիի բջիջներուն մէջ ծննդեան առաջին օրէն, ուրեմն անհնար է այդ մէկը արմատախիլ ընել մարդուն մէջէն։ Հոգիով ազատութիւն ունեցող մարդը քաղաքական ազատութիւն պիտի ակնկալէ։ Պիտի գործէ, պիտի պահանջէ եւ պիտի պահպանէ ուրիշներուն ազատութեան իրաւունքը։ Ազատութիւնը նաեւ մարդկային իրաւունք է հաստատուած միջազգային ընտանիքին կողմէ:

          Եթէ պահ մը հեռանանք վերամբարձ բառերով վեհ գաղափարներու մասին խօսելու տեսանկիւնէն,  պէտք է  նշենք հետեւեալը․ այն ազգը, որուն դաստիարակութեան ու մշակոյթին մէջ է ազատութեան գաղափարը  իր նորածինէն ամենատարէցը  իր ներսը կը կրէ զայն,  հետեւաբար անկոտրում է այդ ազգին ոգին, անսասան է անոր կամքը, անբեկանելի է անոր որոշումը։

Հայաստան իր պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն պարբերաբար ճաշակած է անազատ կեանքի դառնութիւնը ու իր ուսերուն վրայ կրած է անոր ծանր բեռը։ Բայց Հայ մարտնչող ոգին, Հայ միասնականութեան  գաղափարն ու ուժը դրդած են հայ որդիներուն եւ դուստրերուն կողք կողքի կանգնիլ, ուս ուսի տալ ու զէնք բռնել յանուն ազատութեան, որ պիտի գայ, որ ունինք եւ իւրաքանչիւրս հայս մեր մէջ կրելով յաջորդ սերունդին կը փոխանցենք։

          Ազատ է այն պետութիւնը, երբ ազատ   է անոր ժողովուրդին առաջնորդող ղեկավարին միտքն ու ղեկավարման ոգին։ Ազատ է այն պետութիւնը, երբ իւրաքանչիւր քաղաքացի վստահ է, որ իր խօսքին, միտքին, խիղճին ու դաւանանքին ազատութիւնը պաշտպանուած է իր երկրին մէջ։   

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ