Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ Ո՞ւր Է Սփիւռքահայ Նոր Սերունդը…

Ոչ թէ յոյն իմաստասէր Տիոկենէսի լապտերը, այլ լուսարձակը առած կը փնտռենք նոր սերունդը սփիւռքահայ ազգային-հասարակական կեանքի հրապարակին վրայ։

Չենք ուզեր փորձութեան մէջ իյնալ եւ յիշել՝ ըսելով, թէ «մեր ժամանակ այսպէս չէր, այլ այնպէս…»։ Նոր ժամանակները նոր մարդիկ կը ծնին, լոյս աշխարհ կը բերեն նորութիւններ ու նորարութիւններ, նոր մօտեցումներ, մտայղացումներ եւ նոր մարտահրաւէրներ։

Ամէն սերունդ կ՚ունենայ իր տեսակէտները, մօտեցումներն ու առհասարակ խօսքը, եւ ամէն սերունդ քար մը կ՚աւելցնէ կառուցուող շէնքին պատին վրայ։ Այդպէս եղած է նաեւ մեր մէջ՝ մինչեւ 1980-ականները, որմէ ետք ստեղծուած է մտահոգիչ նահանջ մը, սպառնալից անտարբերութիւն մը։

Ազգը եւ հասարակութիւնը ապրող օրկանիզմ  են, շնչող գոյութիւններ, եւ ինչպէս ամէն շնչող կամ անշունչ գոյութիւն բնութեան օրէնքով ամէն միջոցի ու բնազդական ճարտարութեան կը դիմէ ինքզինք կամ իր տեսակը շարունակելու համար, այդպէս ալ մարդ արարածն ու հասարակութիւնը եւ ամբողջ ազգը։ Մեր օրերուն մենք կը տեսնենք բնութեան այս ամէնէն էական օրէնքին խախտումը՝ հայրենիքէն դուրս, արտաշխարհին մէջ եւ կը ծագի մեծ հարցումը՝ Ո՞ՒՐ Է ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ։

Ոմանք պիտի մեղադրեն մեզ՝ նախկին սերունդս, թէ մենք կարող մասնագէտներ (քատրեր) չպատրաստեցինք, անոնց համար գործունէութեան դաշտ չստեղծեցինք, իրենց սրտով չգացինք եւ այլն եւ այլն։ Պիտի ըսուի նաեւ, թէ Արեւմտեան աշխարհին մէջ (ԱՄՆ, Եւրոպա, Գանատա, Հարաւային Ամերիկա կամ Աւստրալիա) մենք տեղ չտուինք նորերուն եւ իրենց լեզուով ու ճաշակով չըրինք մեր ժողովներն ու հաւաքները։ Այս բոլորը ընդունելի ըլլալով հանդերձ չեն արդարացներ նոր սերունդին վտանգաւոր եւ յանցաւոր անտարբերութիւնը ազգային-հասարակական կեանքէն ներս։ Կը բաւէ զգացական մօտենանք եւ «նրբացուցիչներ» փնտռենք։ Դժբախտաբար նոր սերունդը, սկսելով մեզմէ շատերուն զաւակներէն, առհասարակ անտարբեր են իրենց ազգին վերաբերող կարեւոր խնդիրներու հանդէպ։ Ապրիլ 24-ին փողոց իջնելով ցոյց ընելը դրական երեւոյթ է, բայց խիստ անբաւարար։

Ատենն է, որ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ եւ ՀԱՄԱԽՈՀԱԲԱՐ կամաց կամաց «մեկնող» սերունդս ԼՈՒՐՋ երկխօսութեան մը հրաւիրէ նոր սերունդի բոլոր ներկայացուցիչները, անգամի համար գոնէ միասնաբար նստելու եւ ակադեմականօրէն քննարկելու այս հարցը, այլապէս այս սերունդը այս ընթացքով մեր մատներուն արանքէն պիտի սահի ու երթայ…։

Մ.Գ.

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ