Ընկերուհի Մայտա Քիւրէճեան շրջապատուած ՌԱկ Արեւմտեան Ամերիկայի պատասխանատուներով
Հինգշաբթի 16 Յունուարի երեկոյեան, ընկերային մտնոլորտի մէջ, հիւրասիրութիւն մը կազմակերպուած էր Ալթատինայի ԹՄՄ Պէշկէօթուրեան կեդրոնի ժողովասրահէն ներս, ի պատիւ ԹՄՄ-ի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի կեդրոնական վարչութեան Արեւմտեան շրջանի նոր վարիչ քարտուղարուհի Մայտա Քիւրէճեանին: Երկար տարիներու հասարակական ու միութենական այլ պաշտօնով:
Ընդունելութեան ներկայ էին տեղւոյն ԹՄՄ-ի երեք մասնաճիւղներու, խնամակալ մարմին եւ կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները ներառեալ տիտրոյթէն ժամանած ԹՄՄ-ի կեդրոնական վարչութեան Ատենապետ հրապարակագիր` Երուանդ Ազատեանը: Քիւրէճեանը հանքամանօրէն ներկայացուց Պութոնէն ժամանած ԹՄՄ-ի կեդրոնական վարչութեան վարիչ տնօրէն Արամ Արքունը: Ապա Քիւրէճեան հանդէս գալով շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ի պատիւ տրուած այս ընդունելութեան համար, ինչպէս նաեւ ծանօթացուց ներկաներուն իր հասարակական անցած ուղին: Ողջոյնի ու գնահատական խօսքերով հանդէս եկան ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ` ընկերներ Արա Ահարոնեան եւ Գէորգ Հալէպլեան, որոնք ծանօթ էին Լիբանանէն Քիւրէճեանի Միութենական ու հասարակական աշխոյժ գործունէութեան: ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ` Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան իր խօսքով հանդէս եկաւ ընդունելութեան աւարտին:
Քիւրէճեանի ընդունէլութեան ներկայ էին California Courrler շաբաթաթերթի արտօնատէր-խմբագիր` Յարութ Սասունեանը, «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագիր Գրիգոր Խոտանեանը Հ.Բ.Ը. Միութեան վարիչ քարտուղար` Հրանդ Վարդապետեանը ու ինչպէս նաեւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ներկայացուցիչ` Յարութ Տէր Դաւիթեանը: Այս առիթով կ՛ուզենք շեշտել կարեւորութիւնը Թէքէեան Մշակութային Միութեան գործունէութեան հարաւային Գալիֆորնիայի մէջ, ուր 50 տարիներ առաջ կեանքի կոչուեցաւ ԹՄՄ-ի Լոս Անճելըսի մայր մասնաճիւղը:
Ընկերուհի Մայտա Քիւրէճեանին կը մաղթենք յաջողութիւն իր նոր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով: