Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Երեսունհինգ Տարիներու Հաւատքի Վկայութիւն Եւ Ակադեմական Նուաճումներ

 

Հայ Քոյրերու Վարժարանը Փետրուար 9ին մեծ հանդիսութեամբ տօնեց իր երեսունհինգ ամեակը Մեթրոպոլ  սրահին մէջ, համեմուած՝  Տիգրան Ասատրեանի ուրախ երգերով։ Սրահը լեցուն էր պաշտօնական հիւրերով, բարերարներով, բարեկամներով, ծնողներով եւ նախկին սաներով։

Պատուական հիւրերն էին Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի ներկայացուցիչ՝ Գերյարգելի Բարսեղ Ծ.Վ. Պաղտասարեանը, Մեծարոյ Մեծաւորուհի Մայր Արուսեակ Սաճոնեանը՝ ընդհանուր Մեծաւորուհի Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան, Սենաթըր՝ Անթոնի Փորտանտինօ, Կլենտէյլի Քաղաքապետ՝ Արա Նաճարեանը, Կարտենայի քաղաքապետ՝ Արթ Կասկանեանը, Քրեսենթա Հովիտի Քաղաքային Խորհրդի նախագահ՝ Հերրի Լիոն, Լոս Անճըլըսի Հինգերորդ Աւագանու շրջանի Հանրային Անվտանգութեան եւ Յատուկ Առաջադրանքներու տնօրէն՝ Կրէկ Մարթայեան, Հայ Քոյրերու Վարժարանի բարեկամ եւ բարերար՝ Պրն. Յարութ Պրոնոզեանը։

Հանդիսութիւնը սկսաւ աղօթքով եւ զոյգ քայլերգերով, ապա Գերյարգելի Հայր Բարսեղը սեղանը եւ սեղանակիցները օրհնելէն ետք, յարգարժան հիւրերը իրենց սրտի խօսքը եւ բարեմաղթութիւնները յղեցին Վարժարանիս  տնօրէնութեան։  ԱՄՆ­ ի  Կոնգրեսի անդամ Ադամ Շիֆը  իր  մաղթանքը յղած էր  տեսանիւթով։  Շրջանաւարտներու կողմէն սրտի խօսք ուղղեց 2000 թուականի շրջանաւարտ Բժիշկ Րաֆֆի Քոթոյեանը։

Վարժարանս ստացաւ զանազան վկայագրութիւններ պաշտօնական անձերէն եւ պատուեց շարք մը ուսուցիչներ եւ աշխատողներ՝ իրենց քսանէն աւելի տարիներու  երկարամեայ նուիրումին համար, որոնց մէջ էր նաեւ Հայ Քոյերու Միաբանութեան անդամ Քոյր Ակիւլինէն։

Կը մաղթենք որ Վարժարանս շարունակէ իր Աստուածահաճոյ առաքելութիւնը՝ կրօնի եւ հայապահպանման։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ