Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց Ժողովը

 

Աւանդոյթ դարձած սովորոյթով՝ Սրբոց Ղեւոնդեանց Տօնի առիթով հրաւիրուեց ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի 2020 թուականի հոգեւորականաց առաջին ժողովը։ Այս տարի Փետրուարի 18-ին այն տեղի ունեցաւ Սբ. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ Մայր Տաճարում, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան հօր՝ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։

Առաւօտեան տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որից յետոյ Սրբազան Հօր աղօթքով եւ շնորհաւորական խօսքով՝ նուիրուած Սբ. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին, Արմէն Համբար սրահում սկսուեց հոգեւորականաց ժողովը։ Շնորհաւորելով եւ իր բարեմաղթութիւնները յղելով Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից Տօնի առիթով՝ Սրբազան Հայրը ի մասնաւորի կարեւորեց միմեանց նկատմամբ հոգածութիւն դրսեւորելու, հովուուական կեանքի մէջ առաւելագոյնը ներդնելու կարողութիւնը՝ ասելով. «Բոլորս անխտիր մեր առօրեայ կեանքին մէջ բազում փորձութիւններու առջեւ կը կանգնինք։ Բոլորին կը յաղթենք, երբ մեր հաւատքը կեանքին կը կոչենք գործնապէս կենտրոնացած ըլլալով մեր հոգեւոր առաքելութեան վրայ եւ ի մասնաւորի իրար նկատմամբ ցուցաբերած յարգանքով ու սիրով»։

 

 

Սրբազան Հօր Պատգամը Հոգեւորականաց Ժողովին

Ժողովի սկզբնաւորութեան Սրբազան հայրը մանրամասն ներկայացրեց 20 կէտից բաղկացած այն կարեւոր ծրագրերը, որոնց կեանքին կոչումով նոր թափ եւ զարգացում կ’ապրի իւրաքանչիւր եկեղեցի՝ լոյս սփռելով թեմական կեանքին վրայ։ Դրանցից էին՝ Reclim-ի կազմակերպումը, որ այս տարի նուիրուած է Ս. Էջմիածնին (այն մանրամասնեց Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսիսեանը), թեմական կեանքի կազմակերպումը վերազինելու նոր թուային ծրագրեր ներդնելու քայլերը, որ ներկայացրեց Առաջնորդարանի Վարիչ-տնօրէն Յարութ Մարգարեանը, նոյեմբերին Ս. Էջմիածնում անցկացուելիք Ազգային-եկեղեցական ժողովին ընդառաջ կազմակերպական եւ պատգամաւորների ընտրութեան հարցերը։ Տիրան Աւագեանը խօսեց թեմի եկեղեցիների տարեկան անդամական ժողովների կազմակերպման հարցերի մասին։ Hye camp-ի գործունէութիւնը ներկայացրեց Տ. Գրիգոր Քհնյ. Զաքարեանը։ Առաջնորդ Սրբազան հայրը կարեւորեց այլ կէտեր եւս, յատկապէս խօսելով Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգութեան նուիրահաւաքի կազմակերպման մասին, որի յանձնաժողովի ատենապետն է Յովնան Արք.-ը եւ վերջին շրջանում է՛լ աւելի յաճախականութեամբ է այցելում Հայց. եկեղեցւոյ տարբեր թեմեր նուիրահաւաքի առաքելութեամբ։

Ժողովի երկրորդ մասին, որ նուիրուած էր Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի մահուան 100-ամեակին, կազմակերպուեց գիտաժողով՝ եւս մէկ անգամ ոգեկոչելու երջանկայիշատակ պատրիարք-գիտնականի վաստակը։ Թեմի հոգեւորականների զեկոյցներով եւ մասնակցութեամբ անցած դասախօսութիւնների շարքը լաւագոյն առիթն էր իւրաքանչիւր հոգեւորականի համար՝ վերստին հաղորդակցուելու Պատրիարք Սրբազան Հօր հոգեւոր ու գիտական, եկեղեցական ու ազգային վաստակին, նորոգելու իրենց հաւատքն ու կոչումը այդ ժառանգութեան լոյսի ներքոյ։ Գիտաժողովի զոյգ նիստերին ելոյթ ունեցան Հոգշ. Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանը, որ ներկայացրեց «Օրմանեանի դարձը դէպի մայր եկեղեցի» զեկոյցը, Արժն. Տ. Վազգէն Քհնյ. Բոյաջեանը՝ «Օրմանեանի անտիպ արխիւները Հայաստանի մէջ», Արժ. Տ. Զաքարիա Քհնյ. Սարիբեկեանը՝ «Օրմանեան մտքի եւ գրիչի մարդը եւ գրաւոր վաստակը»։

Երեկոյեան Սբ. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ Մայր Տաճարի մէջ մատուցուեց Ս. Պատարագ, պատարագիչն ու հոգեւոր պատգամը փոխանցողն էր՝ Արժն. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Յարութիւնեանը։ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի 2020 թուականի հոգեւորականաց առաջին ժողովն աւարտեց իր աշխատանքը՝ ստացուած պատգամները կեանքի կոչելու, յառաջիկայ երկուշաբթի Մեծ պահքին նախապատրաստուելու մտքերով։

Դիւան Առաջնորդարանի 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ