Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

«Վարդանանց Տօն»ի Ոգեկոչում Կեանքը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանին Մէջ

 

       Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգային տօներու շարքին Վարդանանց տօնը ունի իր իւրայատուկ տեղն ու կարեւորութիւնը, որովհետեւ իրարայաջորդ սերունդներ կը յիշեն, թէ 451 թուականին հայ ժողովուրդը իր իշխանական եւ հոգեւորական  աւագանիով, զինուորներով եւ քաջարի ժողովուրդով միացեալ բռունցք դարձաւ  եւ դէմ դրաւ քրիստոնէական եւ ազգային դիմագիծին սպառնացող մեծ վտանգի մը, կեանքի գնով պայքարեցաւ ու նահատակուեցաւ վասն կրօնքի ու վասն հայրենեաց:

         Հայրենիքի ու կրօնքի պաշտպանութեան համար մարտիրոսացած հերոսներուն յիշատակը պանծացնելու համար, Չորեքշաբթի 19 Փետրուար, 2020-ին, վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Վարդանանց» տօնակատարութիւնը, ներկայութեամբ օրուան հիւր բանախօս՝ Հոգեշնորհ Տէր Օշին վարդապետ Չուալերթանեանի,  վարժարանիս հոգաբարձութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Պերճ Արապեանի, տնօրէնութեան, ծնողներու եւ ներկաներու:

        Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք Միջն. Գ. դասարանէն՝ Գէորգ Գէորգ իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ իւրաքանչիւր տարի, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին եւ համայն հայութիւնը, համազգային մեծ խանդավառութեամբ կը նշեն Սրբոց Վարդանանց տօնը, որպէս հայրենապաշտութեան, Աստուածպաշտութեան եւ հայ քրիստոնէական ոգիի պատմական յաղթանակին: Ան իր խօսքը շարունակեց ըսելով, թէ  Վարդանանց հերոսութիւնը մեզի համար միայն պատմութիւն կամ յիշողութիւն չէ, այլ պայքարի կենդանի խորհրդանիշ է: Արդի ժամանակներուն բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներ եւ խնդիրներ կը սպառնան մեր ժողովուրդին թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ սփիւռքի մէջ:  Այսօր կարիքը ունինք Վարդանանց ոգիին,  ազգի միասնութիւնն ու միաբանութիւնը ամրապնդելու համար: Վերջապէս ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. « Կ’ուխտենք, վերանորոգել մեր հաւատքի կեանքը, մեր ծառայողական առաքելութիւնն ու մեր ազգային նկարագիրը՝ կեանքի գնով պայքարելու հաւատքի ու հայութեան պահպանման համար»:

        Փաթիլ Փափազեան (Նախ. Ե.) եւ  Ալին Գէորգեան (Միջն. Ա.) ներկայացան Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց» ասմունքով, որմէ ետք Նախ. Բ. եւ Նախ Գ. դասարանի աշակերտները բեմահարթակ բարձրացան ու իրենց քաղցրահնչիւն ձայնով ներկայացան «Հիմի՞ էլ Լռենք» խմբերգով: Իսկ Նախ. Գ. դասարանի աշակերտները հանդէս եկան «Վարդանանք» ներկայացումով: Անոնց միացան վարժարանիս Կարս պարախումբի աշակերտները (Նախ. Ե.-էն Միջն. Գ.), որոնք թնդացուցին սրահը ներկայացնելով  «Սարդարապատ» պարը: Իսկ նախ. Ա. դասարանի աշակերտները իրենց քաղցրանուագ ձայնով երգեցին «Իմ Հայրենեաց Հոգի Վարդան» եւ «Մենք Քաջ Վարդանի Տոհմէն Ենք» երգերը:

       Վերջապէս վարժարանիս Հայ Գրականութեան եւ Հայոց Պատմութեան դասատու՝ պարոն Աւետիս Տիպան ներկայացնելով Հոգեշնորհ Տէր Օշին վարդապետ Չուալերթանեանը  զայն  բեմ հրաւիրեց , որպէսզի փոխանցէ օրուան պատգամը: Հայր սուրբը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանիս հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան  այս հրաւէրին  եւ գեղեցիկ առիթը ընծայելուն,  Վարդանանց տօնին առիթով  հայկական վարժարանի մը մէջ ներկայ գտնուելու եւ յիշելու նախկին օրերը, երբ ինք եւս պատանի հասակին  ազգասիրական եւ հայրենասիրական շունչով՝ բեմէն երգած էր Վարդանանցի նուիրուած երգեր: Ապա ան պատրաստած ըլլալով հարցումներու շարք մը, հաճելի մթնոլորտի մը մէջ աշակերտներէն քաղեց իրենց ունեցած գիտելիքները Վարդանանցի վերաբերեալ: Ան նաեւ անդրադարձաւ Վարդան Մամիկոնեանի եւ Ղեւոնդ Երէցի կատարած դերին  հայապահպանման եւ ազգապահպանման  մասին ու խօսքը շարունակեց ըսելով.«Վարդանանք զոհուեցան հայրենիքի ու հաւատքի համար, այսօր մեր ալ պարտականութիւնն է կառչած մնալ մեր հզօր հաւատքին  : Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ մեր հաւատքը կը պարտինք նախ Աստուծոյ, ապա Վարդանանց ոգիին: Պէտք է ամուր պահպանենք մեր հաւատքն ու մեր լեզուն:

                 Յայտագիրը իր աւարտին հասնելով վարժարանիս  տնօրէնուհի՝ Տիկ. Կալինա Նաճարեան բեմ բարձրացաւ շնորհակալութիւն յայտնելով հայր սուրբին, ինչպէս նաեւ յայտագրի պատասխանատու ուսուցիչներուն, ապա բեմ հրաւիրեց  Տիար Պերճ Արապեանը, որպէսզի յուշանուէրով մը պատուէ հայր սուրբը:

     Միշտ կը յիշենք Քաջն Վարդանն ու զինակիցները, որոնք եղան հայ ազգի պարծանքն ու մեր եկեղեցւոյ պսակը, որովհետեւ 451-ին իրենց արիւնը թափեցին մեր կրօնքին , մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ մեր ազգին համար:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ