Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ Վարժարանը Տօնեց Դրնդէզը*

 

«Երթայ Ձմեռը, գայ Գարունը, երթայ Հինը, գայ Նորը, երթայ Չարը ու գայ՝ Բարին… Թող զարնէ տհոլը ու փչէ զուռնան»: Տնօրէն Նորայր Տատուրեանի այս խօսքերով սկսաւ Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանի Դրնդէզի աւանդական խարոյկահանդէսը:

 

15 Փետրուար Շաբաթ օր տրամադրութիւնը տօնական էր շաբաթօրեայ վարժարանի մէջ: Բակի մէջ թէ» աշակերտներու եւ թէ՝ ծնողներու մէջ կար գարնանամուտի այս զուարճանքի ժպտադէմ ակնկալութիւն: Տօնակատարութեան մասնակցութիւն բերած էին նաեւ բազմաթիւ մեծ հայրեր ու մեծ մայրեր:

 

Ապա բոցավառեցաւ հանդէսը երբ սկսաւ հնչել ազգային երգերու աշխոյժ եւ մեծաձայն երաժշտութիւնը, շնորհիւ հայրենի երեք երաժիշտներու: Ու անմիջապէս տաքարիւն աշակերտներու առաջին խումբ մը, աւելի համարձակները, սկսան կրակին վրայէն թռչիլ: Աւելի փոքրիկները, ո’չ նուազ խիզախ, ուսուցչուհիներու ձեռքէն բռնած վայելեցին նոյն «վտանգաւոր» հաճոյքը: Ապա ամբողջ դպրոցը պարեց լոյսի, յոյսի եւ սիրոյ մեծ շուրջպարը:

* Տեառնդառաջի տօնը: Նաեւ՝ Տրնտես, Տէրնտաս:



 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ