Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Զօրակցական Հաւաք Ի Պաշտպանութիւն Մասիս Մայիլեանի. Պատուոգիրի Տուչութիւն՝ Ընկ. Յակոբ Նազարեանին

Մարտ 1, 2020-ին  Փասատենայի ԹՄՄ կեդրոնին մէջ ներկայութեամբը համայնքիս կուսակցական, հասարակական եւ համակիրներու լայն ընտրանիի, տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք ի պաշտպանութիւն Արցախեան գալիք ընտրութիւններուն ՌԱԿ-ի առաջադրած թեկնածուին ՝ Մասիս Մայիլեանին ՝ որպէս նախագահի թեկնածու եւ «Նոր Արցախ» դաշինքի ՝ որպէս խորհրդարանական պատգամաւորներու , որուն մաս կը կազմեն ՝ Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, «Ինքնութիւն եւ Միասնութիւն» եւ «Վաղուայ Արցախ» կազմակերպութիւնները։

         Յանուն ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակի, բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Շրջանայինի ատենապետ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, նշելով որ ՌԱԿ-ը այսօր աննախընթաց պատմական երեւոյթի մը առաջ կանգնած է, երբ կը մասնակցի ազատ եւ անկախ Արցախի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն որ անպայման դրական փոփոխութիւններ պիտի բերէ Արցախի ժողովուրդի ընկերային-տնտեսական կեանքին մէջ, աւելի բարգաւաճ Արցախի տեսլականով։

          Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Արա Ահարոնեան որ պատմականը ներկայացուց ՌԱԿ-ի Արցախի հիմնադրման եւ տարբեր հանգրուաններուն, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ իրականացած եւ ապագային իրականացուելիք ՌԱԿ-ի հովանաւորութեամբ մարդասիրական, կուսակցական, մարզա-մշակութային, գիւղատնտեսական տարբեր ծրագիրներուն, Ստեփանակերտի, Քելբաջարի եւ այլ շրջաններու մէջ։

          Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Փանիկ Քեշիշեան որ կարեւոր նկատեց ՌԱԿ-ի միջոցաւ ազատական-ռամկավարութեան գաղափարախօսութեան տարածումը Արցախի եւ Հայաստանի մէջ, աւելի առողջ պետական քաղաքական համակարգի ստեղծումով եւ սփիւռքի ՌԱԿ-ի անվերապահ աջակցութիւնը այդ նպատակներու իրականացման համար։

        Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ընկ. Գէորգ Հալէպլեան, որ ներկայացուց մանրամասնութիւններ Արցախի ընտրութիւններուն ներկայ գործընթացներուն մասին, անդրադառնալով որ ինչու՞ ՌԱԿ-ը կը պաշտպանէ Մասիս Մայիլեանի թեկ՚նածութիւնը եւ «Նոր Արցախ» դաշինքը, յատկապէս նշելով որ Մայիլեանի հիմնական նպատակն է փոփոխութիւններ երկրի պետական, տնտեսական եւ ընկերային համակարգերէն ներս, վեր առնելով Մայիլեանի ունեցած դիւանագիտական, պետական գործիչի հարուստ անցեալը, եւ անոր մաքուր կենսագրութիւնը ՝ ինչ կը վերաբերի փտածութեան, խնդրայարոյց կամ ապօրինի հարստացման երեւոյթներու հետ առնչութիւն չունենալը։

         Հանդիպման աւարտին, Արցախի շրջանակին մատուցած ծառայութեան, գիւղատնտեսութեան զարգացման միտուած ներդրումներուն, Շահումեանի շրջանի մանուկներու համար նախատեսուած խաղահրապարակի կառուցման աջակցութեան ՝ յանուն ՌԱԿ-ի Արցախի Հանրապետական Վարչութեան, Արցախի ՌԱԿ-ի պատւոյ կոչում շնորհուեցաւ (առողջական պատճառներով ի բացակայութեան)  ՌԱԿ-ի երկարամեայ վեթերան ընկ. Յակոբ Նազարեանին։

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ