Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ Ռուբէն Հերեան Ակումբի Ձեռնարկը

 

Ակումբի վարչական կազմը

 


 

Ջերմ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ հաւաքուած էր ՌԱԿ Ռուբէն Հերեան ակումբի անդամակցութիւնը, տօնելու համար ակումբին նոր վարչութեան կազմակերպած երկրորդ ընկերային միջոցառումը, որ նուիրուած էր Հայ կնոջ օրուան յիշատակութեան պատշաճ առիթին: Ձեռնարկը կայացաւ ընկերուհի տիկ. Անի Տիանա Սարգիսեանի հիւրընկալ բնակարանին մէջ, Լոս Անճելըս, Գալիֆորնիա, 7 Մարտ 2020-ի երեկոյեան ժամը 7.30-ին:

 

 

Ներկաներէն տեսարան մը

 

 

Հաւաքոյթին հասոյթը նուիրուած էր ակումբի բարեզարդման եւ բարեկարգումի ծրագիրներուն յատկացեալ, ի մասնաւորին՝ տիկնաց յանձնախումբի կազմաւորման:

Ներկայ էր հոծ թիւով անդամակցութիւն, համակիրներ, հիւրեր եւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան եւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ:

Հաւաքոյթին բացումը կատարեց ակումբին ատենապետ ընկեր Յակոբ Մարտիրոսեանը, որ բարի գալստեան իր ողջոյնէն ետք, ներկայացուց ակումբին յառաջիկայ տարեշրջանի գործունէութիւններու եւ ձեռնարկներու ծրագիրները: Ան ներկայացուց օրուան հիւրերը եւ հրաւիրեց ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկեր տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանը որ տայ իր պաշտօնի եւ սրտի խօսքերը անդամակցութեան:

 

 

ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Ռաֆֆի Պալեան, կողքին՝ Շրջանային վարչութեան անդամ՝ Գէորգ Գրիգորեան, ընկերուհի Անի Սարգիսեան եւ վարչական ընկերներ

 

 

Ապա՝ ներկաները հրաւիրուեցան ընկերուհի Անի Սարգիսեանին կողմէ նուիրուած իր բնակարանի խոհանոցին մէջ հրամցուած, բազմատեսակ եւ համեղ ճաշերուն, որտեղ շարքը անընդհատ վերանորոգման մէջ էր:

Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտը դարձած էր իսկապէս մէկ ընտանիքի անդամներու. մին՝ Օրէնճ Քաունթիէն ժամանած, միւսը՝ Փասատինայէն, Կլէնտէյլէն եւ Լոս Անճելըսի հարաւային շրջաններէն: Երկար ժամանակ զիրար չտեսած անհատներու նման բոլորը անխտիր, լարուած էին իրենց բազմատեսակ ակումբային, բարեկամական եւ անհատական պատմութիւններով, անհամար խնդուքներով եւ ծիծաղով, որտեղ՝ կը հնչէր մեղմ, կողմնակի, մթնոլորտը եթերացնող երաժշտութիւն մը, կատարողութեամբ մայր ու որդի՝ Լորային եւ Տարօնին կողմէ:

 

 Ընդհանուր տեսարան

 

 

Յատուկ առաքելութեամբ ուղղուած՝ տիկ. Աստղիկ Տատուրեան ստանձնեց նոր տիկնաց յանձնախումբին կազմակերպումը եւ լծուեցաւ աշխատանքի, ակումբին վարչութեան միւս անդամներուն հետ գործակցութեամբ:

Խիստ գնահատելի էր վարչական ընկերներուն տարած հոգատար եւ բծախնդիր աշխատանքը, ձեռնարկի կազմակերպման մէջ: Իսկ հակառակ անոր որ վարչութեան անդամներու պարտականութիւն սեպուած էր սեղաններու զարդարանքը, երբ հասանք տիկ. Սարգիսեանի բնակարանը, արդէն ամէն ինչ կարգին էր, սեղանները զարդարուած եւ ճաշերը տեղադրուած:

Այսպիսի սքանչելի երեկոյ մըն էր, որուն հաճոյքը վայելեց Ռուբէն Հերեան ակումբի անդամակցութիւնը, շնորհիւ ընկերուհի Անի Սարգիսեանի առատաձեռն նուիրատուութեան եւ ակումբին նորակազմ եռանդուն եւ նուիրեալ վարչական կազմին տքնաջան աշխատանքին:

Շնորհակալութիւն բոլոր ներկաներուն իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն եւ մասնակցութեան համար:

Կը հանդիպինք յաջորդ միջոցառման, առայժմ՝ ցտեսութիւն:

 

Ռ. Հերեանի Վարչութիւն

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ