Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն Քորոնավիրուսի COVID-19 Վարակին Կապակցութեամբ

 

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը անդրադառնալով վերջին շաբաթներու ընթացքին համաշխարհային մակարդակով տարածուող COVID-19 հիւանդութեան իրավիճակին կը յանձնարարէ իր բոլոր աշխարհացրիւ շրջանակներուն աչալրջօրէն հետեւիլ սոյն հիւանդութեան տարածման զարգացումներուն միաժամանակ յարգելով կանխարգելիչ  յանձնարարութիւնները տարբեր երկիրներու համապատասխան շրջաններու մէջ:

Այս առիթով, հարկ է խուսափիլ մեծ թիւով հաւաքներէ և միջոցառումներ կազմակերպելէ կան յաճախելէ: Ընթացքին առօրեայ հաղորդակցութեան նպատակներով օգտագործել համացանցային և հեռախօսային միջոցները առաւելապէս փոխան անձնական շփումի:

Մեր նպատակն ու ցանկութիւնն է կիրառել ամէն միջոց կանխելու և նուազեցնելու վերոյիշեալ հիւանդութեան տարածումը աշխարհի զանազան առնչուած շրջաններու բնակչութեանց մէջ:

Բարձր պատասխանատուութեամբ մեր քաղաքացիական ծառայութիւնը պարտինք ի գործ դնել կանխել ու վերոյիշեալ հիւանդութեան տարածումը Մայր Հայրենիքի և աշխարհի տարբեր գաղթօճախներու տարածքին:

 

Ռաֆֆի Պալեան / Ատենադպիր                           Մայք Խարապեան / Ատենապետ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ