Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Խմբագրական. Այս Աննախադէպ Օրերուն Աչալրջօրէն Հետեւինք Ապահովական Բոլոր Թելադրանքներուն

Վերջին շաբաթներու Պսակաձեւ Ժահրի (Coronavirus) COVID-19 համաճարակի զարգացումներուն գերուշադիր կը շարունակենք բոլորս հետեւիլ բնականաբար որոշ մտահոգութեամբ:

 

Այսօրուան իրավիճակով երբ ականատես կ’ըլլանք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ Պսակաձեւ Ժահրով վարակուողներու թիւի արագացող աւելացումին, միաժամանակ համաճարակի շուրջ մեծածաւալ մտահոգութեան մթնոլորտ մը կը տիրապետէ մոլորակի տարածքին որը օրէ օր կը ծանրանայ բնակչութեան մեծամասնութեան մօտ:

 

Պիտի ուզէինք նշել, թէ մեր բոլորին լաւագոյն պաշտպանութեան զրահը այս հիւանդութեան դէմ մեր լաւատեղեակ ըլլալը պիտի հանդիսանար ընդհանրապէս հիւանդութեան ախտանշաններու, տարածման ձեւերու կանխարգելման եւ բուժման մասին: Համոզուած ենք թէ սոյն երկրի դաշնային եւ նահանգային եւ քաղաքային համապատասխան մարմինները այս աննախընթաց կացութեան ընթացքին անհրաժեշտ բոլոր քայլերը կ’առնեն բոլոր հնարաւոր միջոցները օգտագործելով հիւանդութիւնը կանխելու եւ վերացնելու նպատակով: Հարկաւոր է հանդարտութեամբ վերաբերուիլ ներկայ կացութեան նկատմամբ: Յիշենք որ Պսակաձեւ Ժահրով վարակուողներու բացարձակ մեծամասնութիւնը լուրջ հիւանդութեան չենթարկուիր եւ կը մնայ առանց ախտանշաններու:

 

Խիստ զգուշութիւն պէտք է ցուցաբերէ բնակչութեան մեծահասակներու այն խումբը որ ունի լուրջ հիւանդութիւններ եւ կամ այն անհատները որոնք ունին ցածր դիմադրողականութիւն:

 

Մեր կոչը պիտի ըլլար մեր բնակչութեան եւ համայնքին անդամներուն տարիքային բոլոր խաւերով, լրջօրէն հետեւիլ տեղական կամ նահանգային պատասխանատուներու եւ առողջապահական մարմիններու ցուցմունքներուն եւ յանձնարարութիւններուն:

 

Ժամանակաւորապէս մեկուսացած մնալ մեր տուներուն մէջ եւ դուր գալ միայն կենսական պատճառներով:

 

Աննախադէպ ժահրային այս համաճարակի մտատանջ այս օրերուն աչալրջօրէն հետեւինք ապահովութեան բոլոր թելադրանքներուն, քաջ գիտնալով, թէ այս դժուարին հանգրուանը պիտի յաջողինք յաղթահարել մեր պատասխանատուութեան գիտակցութեան բարձրագոյն մակարդակով: Մեր մարդկային եւ մարդասիրական ձեռքերը պարտինք օգտագործել ի նպաստ մեր ժողովուրդի ապահովութեան եւ բարօրութեան:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ