«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի պատուիրակութիւնը այցելեց «Թէքէեան» կեդրոն հանդիպում մը ունենալու համար Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանակի պատասխանատուներուն հետ: Շտապի անդամները զեկուցեցին տագնապի յաղթահարման եւ այս պայմաններուն մէջ լիբանանահայութեան անհրաժեշտ օժանդակութիւնները կազմակերպելու աշխատանքային ծրագիրին մասին, որ կը դրսեւորուի նշեալ շտապի կազմութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին ներկաները անդրադարձան շտապի աշխատանքներուն կազմակերպման եւ լիբանանահայութեան գործնապէս օգնելու ծրագիրի ոչ հատուածական բնոյթին, որ կ’առաջադրէ հասնիլ իւրաքանչիւր հայ անհատի, որ անհրաժեշտ օժանդակութեան կարիք ունի:
ՌԱԿ-ի պատասխանատուները իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով բարձր գնահատեցին կատարուած համալիբանանահայ համադրումի նախաձեռնութիւնը՝ սերտ գործակցութեան ձեռք մեկնելով նորակազմ շտապին: