Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Հանդիպում Թէքէեան Կեդրոնին Մէջ

 «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի պատուիրակութիւնը այցելեց «Թէքէեան» կեդրոն հանդիպում մը ունենալու համար  Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանակի պատասխանատուներուն հետ: Շտապի անդամները զեկուցեցին տագնապի յաղթահարման եւ  այս պայմաններուն մէջ լիբանանահայութեան անհրաժեշտ օժանդակութիւնները կազմակերպելու աշխատանքային ծրագիրին մասին, որ կը դրսեւորուի նշեալ շտապի կազմութեամբ: 

 

Հանդիպման ընթացքին ներկաները անդրադարձան շտապի աշխատանքներուն կազմակերպման եւ լիբանանահայութեան գործնապէս օգնելու ծրագիրի ոչ հատուածական բնոյթին, որ կ’առաջադրէ հասնիլ իւրաքանչիւր հայ անհատի, որ անհրաժեշտ օժանդակութեան կարիք ունի:

 

ՌԱԿ-ի պատասխանատուները իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով բարձր գնահատեցին կատարուած համալիբանանահայ համադրումի  նախաձեռնութիւնը՝ սերտ գործակցութեան ձեռք մեկնելով նորակազմ շտապին:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ