Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Պոլսոյ Հայկական «Մարմարա» Թերթի Տպագրութիւնը Ժամանակաւորապէս Կը Դադրեցուի

Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական «Մարմարա» թերթը «քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով ժամանակաւորապէս կը դադրեցնէ տպագիր տարբերակին լոյս ընծայումը։ Այս մասին կը հաղորդէ nomarmara.com-ը։

 

Թերթի կայքին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան համաձայն՝ այս քայլը ժամանակաւոր է եւ «Մարմարա»-ի տպագրութիւնը հնարաւորինս արագ պիտի վերականգնուի։ Իսկ առայժմ պիտի գործէ միայն թերթի համացանցային կայքը։

 

«Իբրեւ «քորոնա» ժահրի համավարակի կանխարգելիչ միջոց՝ մենք ժամանակաւորապէս ընդհատած ենք թերթին տպագրութիւնը։ «Մարմարա»-ն կը հրապարակենք միայն համացանցով՝ առցանց տարբերակով՝ աշխատելով տունէն։

Ամենակարճ ժամկէտներու մէջ մեր խմբագրակազմը պիտի վերադառնայ իր բնականոն աշխատանքին եւ թերթի տպագրութեան»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ