Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական «Մարմարա» թերթը «քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով ժամանակաւորապէս կը դադրեցնէ տպագիր տարբերակին լոյս ընծայումը։ Այս մասին կը հաղորդէ nomarmara.com-ը։
Թերթի կայքին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան համաձայն՝ այս քայլը ժամանակաւոր է եւ «Մարմարա»-ի տպագրութիւնը հնարաւորինս արագ պիտի վերականգնուի։ Իսկ առայժմ պիտի գործէ միայն թերթի համացանցային կայքը։
«Իբրեւ «քորոնա» ժահրի համավարակի կանխարգելիչ միջոց՝ մենք ժամանակաւորապէս ընդհատած ենք թերթին տպագրութիւնը։ «Մարմարա»-ն կը հրապարակենք միայն համացանցով՝ առցանց տարբերակով՝ աշխատելով տունէն։
Ամենակարճ ժամկէտներու մէջ մեր խմբագրակազմը պիտի վերադառնայ իր բնականոն աշխատանքին եւ թերթի տպագրութեան»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։