Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռուսաստանէն Դէպի Հայաստան Թռիչքները Միայն Մոսկուայէն

Ռուսաստանը, նոր տիպի «Քորոնա» ժահրային վարակի տարածմամբ պայմանաւորուած, 23 մարտէն ժամանակաւոր սահմանափակումներ կը մտցնէ օդանաւային փոխադրումներու գործընթացին մէջ ՌԴ-ի տարածքէն դէպի այլ երկրներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՌԴ-ի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը: Բացառութիւններ կը կազմեն թռիչքները Մոսկուայէն դէպի այլ երկիրներու մայրաքաղաքներ ու խոշոր քաղաքներ:

 

«Ռուսական օդագնացութեան կայքի հրապարակած տեղեկատւութեան համաձայն՝ թռիչքները որոշ քաղաքներ, այդ շարքին Երեւան, պիտի իրականացուին բացառապէս Մոսկուայէն»,-ըսուած է դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ