Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Սփիւռքի Գրասենեակը Վերատեսութեան Կ՚ենթարկէ Իր Ծրագիրները

ՀՀ Սփիւռքի գործերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեան ըսած է, որ  շարք մը ծրագրեր պիտի վերանայուին կամ պիտի կասեցուին:

 

Սինանեանի համաձայն՝ Սեպտեմբերին նախատեսուած Համահայկական համաշխարհային վեհաժողովին մասնակցելու հրաւէրներու ուղարկումը այս պահուն կասեցուած է:

 

Ինչ կը վերաբերի «Ի գործ» ծրագիրին, որ պիտի սկսէր 1 Յուլիսին, այս պահուն դեռ չէ կասեցուած.

 

«Մենք կը շարունակենք յայտեր ընդունիլ, ծրագիրը չենք չեղարկեր, բայց հնարաւոր է՝ ժամկէտներու յետաձգում ըլլայ»:

 

«Քայլ դէպի տուն» ծրագիրը, որու ծիրէն ներս շուրջ 800 երեխայ պէտք է այցելէր Հայաստան 1 Յունիսին, դեռ ուղղումներու փուլին մէջ է:

 

«Կը հետեւինք իրադարձութիւններու զարգացման եւ համապատասխան որոշում կ’ըլլայ», – ըսած է Զարեհ Սինանեան:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ