Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ԱՄՆ-ը Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Ապրիլ 24, 1915-ին, Պոլսոյ  մէջ ձերբակալուեցան հարիւրաւոր  հայ  մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ եւ ուղարկուեցան դէպի սեւ ճակատագիր. այդպէսով սկիզբ առաւ (1915-1923) թուականներու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ թէեւ կարմիր Սուլթան Համիտի ժամանակաշրջանէն ծայր առած էր, սակայն Էնվէր, Թալէաթ Ճեմալ եռեակը կատարելագործեց Արեւմտեան Հայաստանի հայ ժողովուրդի տեղահանման եւ բնաջնջման ծրագիրը:

Ահաւասիկ, այս տարի Ցեղասպանութեան 105-րդ ամեակն է, եւ այն սերունդը որ ապրեցաւ այդ դժբախտութիւնը եւ աղէտը, կը հանգչի ի Տէր բացի մի քանի մամիկ եւ պապիկներէ, եւ պահանջատիրութեան, հատուցումի եւ գրաւուած հողերու ազատագրման պարտականութեան դրօշը նոր սերունդները  կը կրեն:

Անտարակոյս, մենք  բոլոր պետութիւններու, ի մասնաւորի մեծ  պետութիւններու առնուազն քաղաքական աջակցութեան կարիքը ունինք եւ ինչու չէ ռազմական աջակցութեան կարիքը: Աջակցողներու թիւը օրէ օր կաւելնայ, այդ մէկը լաւ է սակայն տակաւին  շատ աշխատանք կայ տանելու. ԱՄՆ-ը ամենաուշն էր, եւ դեռ ուրիշներ ալ կան:

 

Ինչո՞ւ ԱՄՆ-ը Այսքան Ուշ Մնաց

Դժբախտաբար մեր  ազգի ճակատագիրը միշտ կախեալ եղած է մեծ պետութիւններու շահերէն. Սեւրի Դաշնագիրը 1920 թ. որ մեր ազգի արդար իրաւունքները պիտի ապահովէր ոտնակոխ եղաւ եւրոպական մեծ պետութիւններու կողմէ իրենց շահերը ապահովելու համար: Համայնավարները արդէն պատերազմէն դուրս քաշուած էին եւ իրենց մասնակցութեան վերջ տուած,  նոր կարգերը ամրապնդելու համար. ԱՄՆ-ի մէջ նախագահ Ուիլսընի յաջորդող Հարտինկն ալ իր առաջնահերթութիւնը ունէր եւ Հայ Դատը անոնց շարքին չէր. միայն թուրքն էր շահաւորը Աթաթուրքի ղեկավարութեամբ:

1915 թ.-ի Ցեղասպանութեան ունեցած հետեւանքները շատ ծանր ու դառն էին մեր ազգին համար, շատ բան կարելի չէր ակնկալել Ցեղասպանութենէն փրկուած սերունդէն, սակայն անոնք ազգային նոր սերունդ մը դաստիարակեցին, որ Հայաստանէն մինչեւ Լիբանան, Միացեալ Նահանգներ եւ այլուր բողոքի ցոյցեր կազմեց 1965 թ. եւ ազգի իրաւունքները պահանջեց:

Ճարտարագէտ Գուրգէն Մկրտիչ Եանիկեանը, 1973-ին Քալի‎ֆորնիոյ մէջ երկու թուրք հիւպատոսներ սպանեց. ան 1973-ի Յուլիսին ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, եւ Մարտ 1, 1984-ին բնական մահով իր մահկանացուն կնքեց բանտին մէջ 88 տարեկան հասակին:

(1975-1997) թուականներուն հիմնուեցաւ Հայաստանի ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը, որուն հոգեւոր հայրը Հերոս Գուրգէն Եանիկեանը կը նկատուէր. ան հայկական ռազմաքաղաքական գաղտնի կազմակերպութիւն մըն էր,  աշխուժ գործունէութիւն ունեցաւ եւ համայն աշխարհին յիշեցուց Թուրքիոյ այդ ոճիրը. նոյնը ըրաւ այդ թուականներուն հայկական ուրիշ զինեալ խումբ մը, Հայոց Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ անունով: Անոնք զինեալ պահանջատէրներ էին եւ մարդկային խիճը զարթնեցուցին:

1965 թ., Ուրուկուայը առաջինը եղաւ պաշտօնապէս Հայոց Ցեղասպանութիւն ճանչցողը եւ անոր հետեւեցան տասնեակ մը երկիրներ, խորհրդարաններ, ինքնակառաւ մարմիններ եւ համաշխարհային կազմակերպութիւններ. թէեւ ԱՄՆ-ի նահանգները մեծամասնութեամբ  ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն ան պետական մակարդակով շատ ուշ մնաց:

 

Բայց Ինչո՞ւ

1975 թ. ի վեր բազմաթիւ ջանքեր թափուած են հայկական զանազան կողմերէ ԱՄՆ-ի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին օրինագիծը ճանչնալու համար. սակայն  Թուրքիոյ, ամերիկեան հրէական համայնքի եւ ԱՄՆ-ի կառավարութեան մասնակցութեամբ տասնամեակներ շարունակուող պայքարը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կապակցութեամբ, ձախողած են եւ ամէն անգամ օրինագիծ չէ յաջողած մինչեւ 2019 թ.:

1978-ի Նոյեմբեր 1-ին ԱՄՆ-ի նախագահ Քարթըրը արձակեց հրէական Հոլոքոստի վերաբերեալ նախագահի յանձնաժողովը: Քարթըրը խնդրեց, որ յանձնաժողովը տեղեկագիր ներկայացնէ ՝ ուղղուած «Հոլոքոստի հետեւանքով զոհուածներու համար համապատասխան յուշահամալիրի ստեղծման եւ պահպանման»: Զեկոյցէն ետք Քարթըրը խոստացաւ, որ ԱՄՆ-ի մէջ պիտի կառուցուի Հոլոքոստի նուիրուած յուշահամալիր մը, սակայն յուշահամալիրը եւ իր մէջ ընդգրկուած թանգարանի համար 100 միլիոն ԱՄՆ տոլարի պահանջք կար:

Այդ առիթէն եւ նախագահ  Քարթըրի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան տեսլականի եւ «Յիշելու արշաւ» զուգամերձութիւնէն օգուտ գաղելու նպատակաւ, ամերիկահայ կազմակերպուած համայնքը մեծ աշխատանք տարաւ Հայոց Ցեղասպանութեան գրեթէ մոռցուած յիշողութիւնը վերադարձնել հանրային գիտակցութեան:

Այն ժամանակուայ Քալիֆորնիոյ ամերիկահայ նահանգապետ Ճորճ  Տէօքմէճեան, ճնշում գործադրեց թանգարանի պատասխանատուներուն վրայ,  որպէսզի  հայազգի Սէթ Մոմջեանը նշանակուի իբրեւ ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչ թանգարանի յանձնախումբի մէջ: ԱՄՆ-ի հայ համայնքը մէկ միլիոն տոլար նուիրեց  այն նպատակով, որ թանգարանը ներառնէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուշադրութեան հնարաւորութիւն կեդրոնի մէջ. յիշենք որ այդ տեղի ունեցաւ ութսունական թուականներու սկիզբին:

1983-ի Օգոստոսին հայկական ակնկալիքները իրականութիւն դարձան, երբ թանգարանի յանձնաժողովը որոշում կայացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ցուցահանդէսներու շարքի մէջ բովանդակէ: Թէեւ 1915-ի Ցեղասպանութեան մասին որոշումը պաշտօնական չէր:

Թուրքիոյ կառավարութիւնը չափազանց անհանգստացած օգնութիւն խնդրեց իր դաշնակից Իսրայէլէն: Թուրքիան ճնշում գործադրեց որ հայերը դուրս  մնան յուշահամալիրէն:

Իսրայէլի դիւանագէտները խնդրեցին հրէական ազդեցիկ երեսփոխաններէն, համոզեն թանգարանի յանձնաժողովին`  բացառելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Թուրքիոյ ճնշումը ԱՄՆ-ի երեսփոխաններու եւ նախագահ Ռէկընի վարչակազմի վրայ կանխեց  Հայոց Ցեղասպանութեան ցանկացած մասին ներկայութիւնը թանգարանին մէջ, ինչպէս նաեւ դադրեցուց  Հայոց Ցեղասպանութեան մասին օրինագիծի ընդունման ջանքերը:

Երբ յուշահամալիրը վերջապէս բացաւ իր դռները 1991 թ., ան միայն Հոլոքոստի եւ հրեայ զոհերու մասին էր, հայերը դուրս մնացին եւ հայերու նուիրած մէկ միլիոն  տոլարը մոռցուեցաւ:

Մարտ 21, 2007 թ. հայ ազգի լաւ բարեկամ երեսփոխան Ատամ Շիֆը հարցում ուղղեց պետքարտուղար Քոնտալիսա Ռայսին ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ պետական վարչակազմի բռնած հակառակ դիրքի համար. երկար հարց ու պատասխանէ ետք Ռայս յիշեց թէ Թուրքիան լաւ դաշնակից է, եւ ան կարեւոր է:

 

Ի՞նչ Փոխուեցաւ 2019 Թ.

Միջազգայնօրէն, 2019-ին շարք մի զարգացումներ տեղի ունեցան, որոնք ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւններու մէջ կտրուկ փոփոխութիւններ ըրին: Թուրքիոյ կողմէ  Ռուսաստանի  S-400 համակարգի գնումը, որ զայրացուց ամերիկացիներուն, եւ յետոյ Թուրքիոյ արշաւը Սուրիոյ քիւրտերու դէմ, որոնք ԱՄՆ դաշնակիցներ են: Հանրապետականները եւ  Դեմոկրատները աննախադէպ դատապարտեցին Թուրքիոյ նախագահ Ռեջէփ Թայիփ Էրտողանը այդ բոլորին համար: Անոնք հզօր պատժամիջոցներ որոշեցին Թուրքիոյ դէմ: Փաթեթի մէկ մասն էր  Հայոց Ցեղասպանութեան օրինագիծը:

Այդպէսով, ԱՄՆ-ի երեսփոխաններու (Congress)ի եւ Ծերակոյտի (Senate)ի Հայոց Ցեղասպանութեան Ընդունման որոշումը տեղի ունեցաւ 2019-ի վերջերը. ԱՄՆ-ը ամենավերջինն էր սակայն այս քայլը մեծ նշանակութիւն ունէր. 1923 թ. ի վեր, Թուրքիան կը հերքէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այն իր դաշնակիցներուն կը ճնշէ  որ հակառակ դիրք ունենան  եւ ժխտական  ըլլան  հայկական կոտորածները պաշտօնապէս յայտարարելու «Ցեղասպանութիւն», որ ՄԱԿ-ը կը սահմանէ որպէս  այն կատարուած գործողութիւնները «ազգային, էթնիկական, կամ կրօնական խմբաւորում ոչնչացնելու մտադրութիւնը», ինչ որ մեր ազգին դէմ կատարուեցաւ թուրքին կողմէ, եւ ահաւասիկ ԱՄՆ-ն ալ ճանչցաւ, թէեւ ոչ նախագահական մակարդակով: Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ բոլոր հայկական կազմակերպութիւնները երկար տարիներէ ի վեր մեծ աշխատանք տարած են եւ կը տանին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, եւ երբ ժամանակը եղաւ ԱՄՆ-ի երեսփոխանները խնդիրը պատրաստ գտան։

Ի հարկէ մենք պէտք է  շարունակենք մեր արդար պայքարը եւ  շարունակենք բոլոր միջոցներով, քաղաքական եւ այլ ոլորտներու մէջ:  Քաղաքական հողի վրայ նոր աջակիցներու եւ աւելի ճիշտ պետութիւններու աջակցութեան կարիքը ունինք, նմանապէս մարդասիրական, ընկերային եւ նման կազմակերպութիւններու աջակցութեան:

Ճրտգ. Համբարձում Աղպաշեան

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ