Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄ-ը Մեկնարկեց Համավարակէն Տուժածներուն Օգնութիւն Հասցնել

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը մեկնարկեց “AGBU LA Cares” նախաձեռնութեան՝ օժանդակելու “COVID-19” համավարակէն տուժածներուն AGBU LA Cares. Բաւարարել կարիքները աննախադէպ ժամանակներու ընթացքին Լոս Անճելըս.- 

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) մեկնարկած է “AGBU LA Cares” նախաձեռնութեան, նպատակ ունենալով օժանդակել բոլոր անոնց, որոնք անհրաժեշտութիւնը ունին սնունդի հիմնական կարիքներու՝ վերջերս COVID-19 համաճարակէն բխող նիւթական դժուարութիւններու պատճառով։ ՀԲԸՄ-ը եւ համայնքի անդամներ քով-քովի եկան Երեքշաբթի, 28 Ապրիլ 2020-ին, բաշխելու ջուր եւ ուտեստի առաջին խմբաքանակը բոլոր անոնց, որոնք կարիքը ունին դժուարին այս օրերուն։ Հաւատարիմ մնալով ընկերային հեռաւորութիւնը պահելուն եւ առողջապահական խիստ ցուցմունքներուն, իրերը ծրարուած էին օգնելու համար ընտանիքներու՝ պատրաստելու հաւասարակշռուած եւ սննդարար ուտեստներ։ Նշենք, թէ իւրաքանչիւր ծրար կ՚ապահովէ մէկէն երկու շաբթուան կերակուր։ ՀԲԸՄ-ի խումբ մը կամաւորներ աջակցեցան օգնելով ծրարելուն, բաժնելուն եւ դրամահաւաքին։

Լեւոն Քէշիշեան, — Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանէն LAcares Ծրագրի Գործավար — կը համակարգէր գնումներու կարեւոր աշխատանքը, գործակցելով վարժարանին խոհարարին հետ՝ ընտրելու բազմատեսակ բարձրորակ ապրանքներ։ Կամաւորները կը ծրարէին պանիր, ոսպ, աղ, թէյ, ձիթաիւղ, բրինձ, սփակեթի եւ այլ ուտեստներ՝ յուսալով օժանդակել անոնց, որոնք սնունդի սահմանափակ միջոցներ ունին։ Խորհրդանշական քայլով մը, նշելով Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցը, Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2020-ին ՀԲԸՄ-ը մեկնարկը տուաւ “AGBU LA Cares” նախաձեռնութեան, հրաւիրելով կարիքաւորներ որպէսզի արձանագրուին agbugiving.org/LAcares/ կայքին։

Աւելի քան 100 ծրարներ ապահովուեցան նուազ քան 48 ժամուան ընթացքին։ Նախաձեռնուած էին իրերը յանձնելու հեռավար միջոցներ ՀԲԸՄ-ի Քանոկա Փարքի դպրոցէն, ինչպէս նաեւ Փասատինայի դպրոցէն ու կեդրոնէն, ուր կամաւորներ համապատասխան դիմակներով եւ ձեռնոցներով, տուփերն ու ջուրը ուղղակիօրէն կը զետեղէին մօտեցող ինքնաշարժներուն սնտուկին մէջ։ Մուտքն ու ելքը դասաւորուած էր այնպէս, որ իրերու ստացումը ըլլայ ապահով եւ արդիւնաւէտ թէ՛ ստացողներուն եւ թէ՛ ալ կամաւորներուն համար, պահելով ընկերային հեռաւորութեան ուղեցոյցները։

Երուանդ Տեմիրճեան,— ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ եւ հոգին “AGBU LA Cares” նախաձեռնութեան, այս առիթով ըսաւ. «Արտակարգ այս ժամանակներուն, մենք աւելի շատ կը մտածենք, քան երբեւէ, մեր մեծ ընտանիքին մասին։ Որպէս հայեր եւ լոսանճելըսցիներ, մենք մեզ աւելի մօտիկ կը զգանք որպէս համայնք։ Կը յուսանք, որ այս ծրարը “AGBU LA Cares”-ին կողմէ ժպիտ բերէ անոնց դէմքերուն, որոնք կարիքը ունին ամէնէն շատ, թէկուզ քանի մը երկվայրկեան միայն»։

 

 

ՀԲԸՄ-ը պիտի շարունակէ իր ջանքերը օգնելու անոնց որոնք կարիքը ունին ամէնէն շատ։

Բաշխումը պիտի շարունակուի Մայիս ամսուան ընթացքին։ Եթէ դուք կամ ձեզի ծանօթ այլ անձնաւորութիւն մը կը ճանչնաք Լոս Անճելըսի մէջ որ կարիքը ունի օժանդակութեան, կը խնդրենք, որ այցելէք agbu.org/LAcares եւ ապահովէք ծրար մը։

 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ