ՀԲԸՄիութեան Լոս Անճելըսի Մարի Մանուկեան վարժարանի հայերէն լեզուի ուսուցչուհիներէն, ազգային-հասարակական բեղուն գործիչ, հայ մամուլի երիտասարդ աշխատակից՝ Ընկերուհի Սեւան Պօղոս Տէր Պետրոսեան վերջերս արդարօրէն արժանացած է Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի նիւթական եւ բարոյական գնահատանքի մը, հայերէն լեզուի առ ցանց ուսուցման ծրագիրին, իր բերած գնահատելի ներդրումին եւ աշխատանքին համար։
Այս առիթով սրտանց կը շնորհաւորենք մեր թանկագին Ընկերուհին այս արդար եւ իրաւ արժեւորումին համար, մաղթելով իրեն անմառ խանդավառութիւն եւ անսպառ եռանդ՝ շարունակելու համար ազգապահպանման եւ ազգակերտման սուրբ եւ պատուական գործը։
ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանային Վարչութիւն
«Նոր Օր» երկլեզու Շաբաթաթերթի Վարչութիւն
ՌԱԿ.ի Վալիի Ռուբէն Հերեան Ակումբի Վարչութիւն