Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Շնորհաւորագիր. Տիկին Սեւան Պօղոս Տէր Պետրոսեան Կը Պարգեւատրուի «Արժան Եւ Իրաւ»

ՀԲԸՄիութեան Լոս Անճելըսի Մարի Մանուկեան վարժարանի հայերէն լեզուի ուսուցչուհիներէն, ազգային-հասարակական բեղուն գործիչ, հայ մամուլի երիտասարդ աշխատակից՝ Ընկերուհի Սեւան Պօղոս Տէր Պետրոսեան վերջերս արդարօրէն արժանացած է Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմ­նադրամի նիւթական եւ բարոյական գնահատանքի մը, հայերէն լեզուի առ ցանց ուսուցման ծրագիրին, իր բերած գնահատելի ներդրումին եւ աշխա­տանքին համար։

Այս առիթով սրտանց կը շնորհաւորենք մեր թանկագին Ընկերուհին այս արդար եւ իրաւ արժեւորումին համար, մաղթելով իրեն անմառ խան­դա­վա­ռութիւն եւ անսպառ եռանդ՝ շարունակելու համար ազգապահպանման եւ ազգակերտման սուրբ եւ պատուական գործը։

 

ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանային Վարչութիւն

«Նոր Օր» երկլեզու Շաբաթաթերթի Վարչութիւն

ՌԱԿ.ի Վալիի Ռուբէն Հերեան Ակումբի Վարչութիւն

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ