Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան Բարքեր

Քալող Սեղանները . . .

Պսակաձեւ ժահրի համաճարակը նոր բառամթերքով ճոխացուց անգլերէն լեզուն։ Օրինակ՝ live streaming, առցանց սփռում եւ social distancing, ապահով գօտի։ Ուրեմն ըստ ապահով գօտիին, մարդիկ պէտք է իրարմէ առ նուազն վեց ոտք (մօտաւորապէս երկու մեթր) հեռու նստին կամ քալեն։

Պետական հրահանգով՝ Մարտ 14-էն ի վեր ճաշարանները փակ էին որպէսզի մարդիկ քով-քովի գալով զիրար չվարակէին այդ ախտէն։ Կարգ մը նահանգներ Մայիս 15-ին թոյլատուութիւն տուին ճաշարաններուն որ բանան իրենց դռները յաճախորդներուն համար, սակայն մասնակի տարողութեամբ (limited capacity)։

Քալող սեղաններու դէպքը պատահած է Մէրիլընտ նահանգի Օշըն Սիթի քաղաքին մէջ։ Ուրեմն Fish Tales Bar and Grill ծովեզերեայ ճաշարանը հետեւեալ միտքը յղացած է, որպէսզի անսայ իրարմէ վեց ոտք հեռու նստելով ուտելու պետական հրահանգին։

Ճաշարանատէրը՝ անիւներով օժտուած սեղաններուն մէջտեղերը կլոր մը փորած է որպէսզի մարդիկ կայնին հոն եւ սեղաններուն չորս կողմերն ալ անցուցած է ինքնաշարժի անիւներուն ներքին խողովակները (inner tubes), որպէսզի իրարու եթէ զարնուին՝ փորձանք մը չպատահի եւ յաճախորդները (տես նկարը) շարքով յառաջանան, կատարելու իրենց ապսպրանքը։

Որո՞ւ միտքէն կանցնէր այսպիսի մտայղացում մը . . . Բայց մարդիկ այլեւս ձանձրացան տունը կալանքի տակ մնալէն եւ ստիպողաբար պիտի բանան իրենց գործատեղիները, որպէսզի աշխատին եւ իրենց ընտանիքին ապրուստը կարենան ապահովել՝ այնպէս չէ՞ . . .

Արդար ըլլալու համար պէտք է աւելցնեմ որ ճաշարանները ցարդ ապսպրանքով միայն ճաշ կը պատրաստէին իրենց յաճախորդներուն համար։ Իսկ յաճախորդը կ՛երթար ճաշարան, ապսպրանքը կ՛առնէր եւ տուն կը վերադառնար։ Մէկ տարբերութեամբ միայն որ ճաշարանին մէջ նստելով ուտել արգիլուած էր։ Սա՝ ըստ ինծի, երկու չարեաց փոքրագոյնն է եւ շատ մը յաճախորդներ գոհացած էին այդ տարբերակէն!

Անհաւատալի՝ Բայց Իրաւ . . .

Գաղտնիք մը չէ որ մարզական աշխարհը լի է անակնկալներով։ Այսօրուան մեր նիւթը պիտի կեդրոնանայ աշխարհահռչակ պասքէթպոլ խաղացող Մայքըլ Ճորտընի վրայ։

Մայքըլ Ճորտըն՝ որպէս արհեստավարժ մարզիկ, 15 տարուայ պատուաբեր վաստակ մը ունի, խաղալով Chicago Bulls խումբին հետ։ Այդ խումբին հետ ան տիրացած է վեց ախոյանական տիտղոսներու եւ երկու անգամ ալ մասնակցած է Ողոմպիական խաղերուն՝ Լոս Անճելըսի մէջ 1984 թուականին եւ Պարսելոնայի մէջ 1992 թուականին, ներկայացնելով Միացեալ Նահանգները։

Իսկ ի՞նչ է անհաւատալի, բայց իրաւը։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։ 1985 թուականին անոր հագած մարզական զոյգ մը կօշիկը (sneakers) վերջերս աճուրդով ծախուած է 560,000 տոլարի . . .

Բայց պէտք է դիտել տամ որ իր հագած ըլլալու հանգամանքը չէ որ այդ զոյգ մը կօշիկին գինը բարձրացուցած է այդ աստիճան, այլ ան թէ՝ իր կօշիկներէն մէկուն վրայ Մայքըլի ստորագրութիւնը (տես նկարը) դրոշմուած է ու վերջ։

Հետաքրքրական է գիտնալ թէ աճուրդը սկսած էր 300,000 տոլարով, սակայն վերջին քսան վայրկեաններուն՝ անոր գինը անհամեմատօրէն բարձրացած էր, ինչպէս վերոյիշեալ գումարը կը յայտնաբերէ։

Գնողը անշուշտ այդ զոյգ մը կօշիկը պիտի չհագուի, այլ պիտի պահէ որպէս արժէքաւոր մէկ առարկայ՝ հաւանաբար յուսալով որ ժամանակի ընթացքին անոր արժէքը աւելի եւս պիտի գնահատուի։

Մայքըլ Ճորտընի հարստութիւնը ցարդ կը գնահատուի 2.1 միլիառ տոլարով եւ ան ունի հինգ զաւակներ՝ երկու ամուսնութիւններէ գոյացած։

Այս տուեալներուն նայելով՝ չեմ կրնար չմտածել թէ վերոյիշեալ գումարը եթէ մեր տրամադրութեան յանձնուի, որքա՜ն օգտակար պիտի դառնայ մեր կարիքաւոր հաստատութիւններուն, ըլլան անոնք դպրոցներ, թերթեր թէ շատ մը մշակութային միութիւններ։ Ամերիկեան ասացուածքը հետեւեալ ձեւով կը պարզաբանէ մեր մտածումը, wishful thinking.

 

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ