Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանը Միասնական Եւ Համախմբուած Որդիների Կարիք Ունի

 

 Վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ չեմ գիտնէր թէ ուրկէ, յայտնուած են «անյայտ տեսակի»  հայեր։ Անյայտ  կ’ըսեմ, որովհետեւ երբէք չեմ տեսած այսքան չարութեամբ լեցուած  եւ այսքան թունաւոր ու բացասական հայ։  Յայտնի է, որ  ամբողջ աշխարհի մէջ  քորոնա ժահրը կաթուածահար ըրած  է ամեն բան՝ տնտեսութիւն, զբօսաշրջութին, կեանքի սովորական ընթացք, առողջական վիճակ եւ այլն։ Հայաստանին մէջ այս ամենը բազմակի անգամներ վատ է ։ Պատճառները շատ են։ Սկսեալ քաղաքականից մինչեւ ընկերային-անձնական։  Չեմ ուզեր թուարկել ամենը՝ բուն նիւթէն չշեղելու համար։ Այն , ինչի մասին կ’ուզեմ խօսիլ, պառակտուած հայ հասարակութեան մասին անհանգստութիւնս է, ըլլան անոնք սփիւռքահայ, թէ հայաստանաբնակ։

Վերջին շաբաթներուն յաճախ կրկնուող  նիւթը քաղաքական-առողջապահական կապն է։ Ոմանք կը կարծեն որ առաւօտուն արթննալով քաղաքագէտ դարձած են, ոմանք ալ՝ բժիշկ-վարակաբան,  ու ամեն բան գիտեն։ Ոմանք կը կարծեն, որ իրենց ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած գրառումներով երկրի աշխարհաքաղաքական հարցերը կը լուծեն, ոմանք ալ՝  առողջապահական բոլոր խնդիրները։ Ոմանց կը թուի, որ իրենք  ամեն բան գիտեն մինչ կառաւարութիւնն  ու ժողովուրդը բան չգիտեր։  Ոմանց մօտ ալ երեւի այն միտքը կայ,  որ մարդիկն    ու երկիրը  իրար խառնելով,  անպատասխանատու յայտարութիւններով, անկարգութիւններ ստեղծելով կը լուծեն երկրին մէջ տիրող ծայրայեղ իրավիճակը։

 Հայաստանը այս պահուն կարիքն ունի հոգատար ու միասնական զաւակներու։ Հայաստանը հիւանդ  է, շնչահեղձ կ՛ըլլայ, արհեստական շնչառութեան կարիքը ունի։ Հոգատար հայը թունաւոր յայտարութիւններ ընող հայը չէ, ան՝ Հայաստանի համար ցաւող հայն է։ Անկախ իր քաղաքական համոզումներէն, անկախ իր անձնական կարծիքէն, հոգատար հայը համախմբող, լարուած պահուն ինքզինքը զսպող,  Հայաստանի կարիքները եւ ո՛չ, թէ  իր անձնական շահը  առաջնահերթութիւն սեպող հայն է։  Փոխանակ սոսկ խօսելու, Հայաստանը այս ճգնաժամեն դուրս բերելու համար ելքեր առաջարկել և քայլեր ձեռնարկել  պէտք է։ Այս բանը  կը վերաբերի բոլորիս՝ մեծեն փոքր, աշխատաւորէն սկսեալ մինեւ պաշտոնեան, անկախ մեր քաղաքական համոզումներէն, անկախ մեր անձնական հաւակնութիւններէն, անկախ մեր անձնական շահերէն, անկախ մեր փառասիրութենէն։  Հիմա շնչահեղձ եղող Հայաստանը միասնական ու համախմբուած որդիներու կարիքը ունի՝ հիւանդութենէն ու արտակարգ իրավիճակէն դուրս ելլելու համար։   

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

 

 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ