Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեր Դրօշը Մեր Կեներուն Մէջ Կը Կրենք

 Յունիսի 15-ը Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի  պետական օրն էր։

          2006 թուականի այս օրը ՀՀ Ազգային Ժողովը ընդունեց` «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշի մասին» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական զինանշանի մասին» նոր օրէնքները։

          Հայկական եռագոյնը  մեր այն պետական խորհրդանիշներէն մէկն  է, որ մեր կեներուն մէջ կը կրենք, ինչպէս միայն մեր ազգին բնորոշ գիծերը, միայն մեր ազգը բնորոշ վարքն ու մարմնի  արտաքին յատկանիշները։ Չեմ կրնար ըսել, որ արդեօ՞ք բոլոր ազգերը նոյնը կը զգան իրենց պետական դրօշին հանդէպ  ինչպէս մենք, բայց  վստահաբար կրնամ փաստել, որ  ամեն  հայորդիի համար՝ անկախ իր բնակած երկրէն, հայկական  եռագոյնը այն է՝ ինչ, որ է ընտանիքի անդամը՝ հայրը, մայրը, քոյր-եղբայրը։ Հայը անձը հայկական եռագոյնը հպարտութեամբ ծածանելու սովորութիւն ունի նոյնիսկ  առանց որեւէ առիթի եւ այս բանը ան կ՛ընէ ամենայն հպարտութեամբ։

 Իւրաքանչիւր երկրի դրօշի գոյները կամ խորհրդանիշները կը բխին իրենց ազգային առանձնայատկութիւններէն, անոնց ապրած պատմական կեանքէն․․․Հայաստանի եռագոյնը իր երեք գոյներուն  մէջ  կը կրէ մեր դարաւոր անցեալի ցաւն  ու պայծառ ապագայի միաժամանակէտ  ուժը, Հայաստանի համար թափուած արիւնը, հայ ժողովուրդի մշտական պայքարը յարատեւման, քրիստոնէական հաւատքի եւ Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան համար, խաղաղ երկինքի տակ ապրելու  կամքն ու յոյսը, հայ ազգի արարող կամքի ուժը․․․․

          Մեր դրօշը մեր հպարտութեան առիթներէն մէկն, մեր ազգային մասունքներէն մէկն է, մեր ինքնութեան ներդաշնակ շարունակութիւնը․․․: Ան դաջուած է մեր կենի մէջ: Կ՛ապրի մեր հոգիին ու սրտին ամենանուիրական անկիւններուն մէջ։

Ամուր ու անխախտ  պահենք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը, Հայաստանի պետական խորհրդանիշներ՝ դրօշն ու զինանշանը , հայկական եկեղեցին ,  հայու արարող հոգին  ու անսասան կամքը եւ այս ամէնուն  համար մեզի  ուժ պէտք է: Այդ ուժը՝ մեր միասնականութեան մէջն է։

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ