Թագաժահրի պարտադրած սահմանափակումներն ու մարտահրաւէրները յաղթահարելով՝ Մաշտոց Գոլէճը համակարգչային հեռակայ ուսուցման արդիական բոլոր միջոցները օգտագործելով, շարունակեց իր կրթական առաքելութիւնը, որը բեղմնաւորուեցաւ: Ուրբաթ, Յուլիս 26-ին 92 մանկավարժութեան ուսանողներ ակա-դեմական իրենց տարազներով մէկ առ մէկ բեմ բարձրանալով ստացան իրենց հա-մապատասխան վկայականները ձեռամբ Գոլէճի նախագահ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի:
Շրջանաւարտներու աչքերուն մէջ երախտագիտութեան, ուրախութեան եւ բա-ժանումի արտայայտութեան արցունքներ կը հոսէին, երբ ֆիզիքական երկար բացա-կայութենէ ետք անոնք վերամիանալով կ’ողջագուրուէին, ի մասնաւորի, երբ շրջա-պատուած էին իրենց ընտանեկան հարազատներով, որոնք եկած էին ականատես-ները դառնալու այս աննախընթաց եւ իւրայատուկ վկայականներու տուչութեան:
Մաշտոց Գոլէճը մեծ թափով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը առանց ըն-կրկումի ու նահանջի ամառային եւ աշնանային իր դասընթացքները ի սպաս դնելով հետաքրքրուող ուսանողներու, որոնք կոչումն ունին ծառայելու մեր գաղութներուն, որպէս հայագէտներ ու մանկավարժներ: