Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկահայ Կեանք. Մաշտոց Գոլէճի Հունձքը՝ 92 Նոր Շրջանաւարտ

Թագաժահրի պարտադրած սահմանափակումներն ու մարտահրաւէրները յաղթահարելով՝ Մաշտոց Գոլէճը համակարգչային հեռակայ ուսուցման արդիական բոլոր միջոցները օգտագործելով, շարունակեց իր կրթական առաքելութիւնը, որը բեղմնաւորուեցաւ: Ուրբաթ, Յուլիս 26-ին 92 մանկավարժութեան ուսանողներ ակա-դեմական իրենց տարազներով մէկ առ մէկ բեմ բարձրանալով ստացան իրենց հա-մապատասխան վկայականները ձեռամբ Գոլէճի նախագահ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի:

            Շրջանաւարտներու աչքերուն մէջ երախտագիտութեան, ուրախութեան եւ բա-ժանումի արտայայտութեան արցունքներ կը հոսէին, երբ ֆիզիքական երկար բացա-կայութենէ ետք անոնք վերամիանալով կ’ողջագուրուէին, ի մասնաւորի, երբ  շրջա-պատուած էին իրենց ընտանեկան հարազատներով, որոնք եկած էին ականատես-ները դառնալու այս աննախընթաց եւ իւրայատուկ վկայականներու տուչութեան:

            Մաշտոց Գոլէճը մեծ թափով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը առանց ըն-կրկումի ու նահանջի ամառային եւ աշնանային իր դասընթացքները ի սպաս դնելով հետաքրքրուող ուսանողներու, որոնք կոչումն ունին ծառայելու մեր գաղութներուն, որպէս հայագէտներ ու մանկավարժներ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ