Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Յուլիսի 5-ը ՀՀ Սահմանադրութեան Օրն Է

 «Հայաստանի  Հանրապետութիւնը   ինքնիշխան, ժողովրդավարական, սոցիալական, իրաւական պետութիւն է»,- այս դրոյթով կը  սկսի Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը։  

Յուլիսի 5-ը  Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան Օրն է, որ որպէս պետական տօն կը նշուի  սահմանադրութեան ընդունման օրէն՝ 1995ի Յուլիսի 5-էն ։

ՀՀ Սահմանադրութիւնը, ինչպէս  պետական խորհրդանիշները, իւրաքանչիւր գիտակից քաղաքացիին կը  դրդէ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեան, ինչպէս նաեւ, մեր սիրտերուն մէջ ծնունդ կու տայ  հպարտութեան զգացումի,  այդ արժէքներուն հանդէպ  հոգատարութեան զգացումի, որովհետեւ այդ ամէնը կը բխին  մեր  ազգային արժէքներէն, կամ  սերտ կապի մէջ է անոնց հետ։

Իւրաքանչիւր հայու համար, ըլլան անոնք հայաստանաբնակ թէ՝ սփիւռքի մէջ ապրող,  ՀՀ սահմանադրութիւնը մեր արժանապատիւ կեանքի երաշխիքն է: Ան ապացոյցն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան համար մարդը գերագոյն արժէք է։ Ցաւալի է, որ աշխարհի բոլոր հայերը չէ, որ  Հայաստան կ՛ապրին, բայց վստահ եմ , որ որքան հպարտ Հայաստանցի են բնակիչները, նոյնքան հպարտ Հայաստանցի են  սփիւռքի մէջ ապրողները, նոյնիսկ եթէ այլ երկրի հպատակութիւն ունին։ Օտար երկրի մէջ բնակելու փաստը բնաւ չի խանգարէր բոլոր հայերուն ունենալ նոյն զգացումները, նոյն հպարտութիւնը, նոյն հոգատարութիւնը, նոյն պատասխանատուութիւնը թէ՛ հայութեան, թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ՀՀ անկախութեան եւ բարեկեցութեան, թէ՛ մեր ազգային արժէքներու եւ թէ՛ մեր պետական խորհրդանիշներու եւ սահմանադրութեան հանդէպ:

Պատմական տարբեր ժամանակաշրջաններ կու գան եւ կ՛երթան։  Կը փոխուին ղեկավարներ, կը բարեփոխուի թէ՛ սահմանադրութիւնը, թէ՛ օրէնքները, թէ՛ կառավարման սկզբունքները եւ թէ՛ քաղաքացիական գիտակցութիւնը։ Անփոփոխ կը մնայ անկախ, ազատ ու արժանապատիւ ապրելու մեր գիտակցութիւնն ու ձգտումը։

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ