Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի Վանքերուն Ճակատագիրը Քանդում Եւ Գրաւում. Գայեանէ, Հառիճ, Սեւան, Սանահին, Գեղարդ

«Օգոստոս 30-ին 1933 թուին գիշերանց Գեղարդայ վանք եկան գործադիր մարմնի նախագահ Մարտիկեանը, Հայաստանի հնութեանց պահպանութեան նախագահ Զօրայեանը, ընդհանուր ոստիկանապետը, իրենց հետ ունենալով եօթ ութ պետական պաշտօնեաներ, եւ առաւօտուն յանձնեցին գրաւոր վճիռը վանքի

վերաբերմամբ»

Յովհաննէս Վրդ. Հիւսեան, Վանահայր

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ 

            Անցեալ շաբթու անդրադարձայ մեր օրերու հնադարեան հայ վանքերուն վերաբացումին ու անոնց լիակատար վերանորոգութեանց աշխատանքներուն Երջանկայիշատակ Շինարար Տ.Տ. Վազգէն Ա Ամենայն Հայոց Կյաթողիկոսի անմիջական եւ հերոսական ջանքերով՝ իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք։ Այդ բարերար աշխատանքներուն ողբալի նախընթացը ըլլալով հարկ է ներկայ գրութեամբ անդրադառնալ Խորհրդային Միութեան երկրորդ տասնամեակին, Երեւանի եկեղեցիներու բռնագրաւումէն եւ անոնցմէ երկուքին Ս. Պօղոս     Պետրոս եւ Ս. Կաթողիկէ եկեղեցիներու քանդումէն անմիջապէս ետք զոհ գացող Հայաստանի բազմաթիւ միջնադարեան վանքերուն, որոնք եւս գրաւուեցան, փակուեցան եւ ծառայեցին պետական աշխարհիկ նպատակներու։

 

Գայեանէի Վանքը

            1929 սեպտեմբեր 20ին Վաղարշապատի հնադարեան Գայեանէի վանքը թիրախ դարձաւ համայնավար պետութեան։ Մայր Աթոռոյ Տեղակալ Խորէն Արքեպիսկոպոս Մուրատբեկեան, յանուն Տ.Տ. Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին բողոքագիր ղրկեց Հայաստանի Ներքին Գործոց նախարար Սեդրակ Մարգարեանին Էջմիածնի եւ Գայեանէի վանքերուն վրայ դրուած տուրքերուն առնչութեամբ։ Կը պահանջուէր որ պարտադրուած գումարները պետական դրամատուն յանձնուէին մինչեւ սեպտեմբեր 30։

            Տեղակալ Արքեպիսկոպոսը կը բացատրէր պետական իշխանութեանց որ «Էջմիածինը ծխական եկեղեցի չէ», այլ սրբավայր աշխարհի չորս կողմ ցրուած հայութեան համար եւ նստավայրը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Գայեանէի եկեղեցին եւս ծխական եկեղեցի չըլլալուն ենթակայ կը մնար Ս. Էջմիածնի      որուն հովանաւորութեան եւ խնամքին յանձնուած է, աւելցնելով թէ «Գայեանէի վանքը ոչ մի եկամուտ չբերելով դեռ որոշ նորոգութիւնների համար ծախքեր է պահանջում Էջմիածնից»։ Նամակը կը խնդրէր պետութենէն որ Վաղարշապատի հարկային յանձնաժողովը «անպահանջ թողնէ» յիշեալ տուրքերը։

 

Սեւանայ Վանքը

            Սեւանայ Վանքը լուծարքի ենթարկուեցաւ 1930 թուի փետրուարին որուն համար վանահօր տեղակալ Եղիշէ վարդապետ Շահումեան Հայաստանի պետու թեան յատուկ արձանագրութիւնը յանձնած է Մայր Աթոռին, որուն համաձայն պետութեան ղեկավարներէն Ա. Եղիազարեանի կարգադրութեամբ Սեւանայ վանքը «ամբողջովին լուծարքի ենթարկուեցաւ փետրուար ամսուն»։ Որպէս հետեւանք վանքի գրաւումին, պաշտամունքի յատուկ իրերը Եղիշէ վարդապետին յանձնուեցան զանոնք Էջմիածին փոխադրելու համար, իսկ հնագիտական արժէք ունեցող իրերը յատուկ ցուցակով յանձնուեցան Հայաստանի հնութիւններու   յանձնախումբին։ Վանքապատկան մնացեալ գոյքերը վանահայրն ու երկու պետական անձինք՝ Ա. Խաչատրեան եւ Ա. Գրիգորեան տեղաւորեցին վանքի տարբեր շէնքերու մէջ, «դռները կնքեցին, բանալիներն ալ յանձնեցին կոմիտէին»։

 

Մայր Աթոռի Միջամտութիւնը

            1930 յուլիսին Մայր Աթոռի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին կողմէ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Յովսէփեան, յետագային Կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ, դիմում կատարեց Հայաստանի կառավարութեան Սեւանայ Վանքին զոյգ եկեղեցիները Էջմիածնին վերադարձնելու, արդարօրէն դիտել տալով որ անոնց լուծարքի ենթարկուիլն ու եկեղեցական բոլոր շարժական գոյքը պետութեան անցնիլը բոլորովին ոտնակոխ կ՛ընէր Ս. Էջմիածնի վարկը եւ համազգային չափով կը վնասէր հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան։

            Գարեգին Արքեպիսկոպոս որպէս գիտնական կը յիշեցնէր որ Սեւանայ Վանքը պատմական, գեղարուեստական եւ կրթական յայտնի անցեալ ունեցող մենաստան մը եղած է իր Առաքելոց Եկեղեցիի դրան փայտեայ քանդակով, գաւիթի սիւնով եւ հռչակաւոր դռներով որոնք կուգային 12¬16րդ դարերէն։  Զանոնք իրենց հարազատ վայրէն եւ սրբարանէն կոպտօրէն վերցնելով ու Երեւանի պետական թանգարան բերելով «զրկած եղաք պատմական վայրը իր հրապուրիչ հնութիւններից»։ Գարեգին արքեպիսկոպոս կը շեշտէր որ Սեւանայ վանքը «դարերի ընթացքում եղել է կրօնական նշանաւոր կեդրոն հաւատացեալ ժողովրդի համար»։

 

Գրաւման Նպատակը

            Ամենէն յատկանշականն ու վտանգաւորը այս բոլորին մէջ Սեւանայ  վանքին պետականացման նպատակն էր, ուր «յոգնած եւ կազդուրման կարօտ աշխատաւորների սանատորիում հաստատել», զոր բացայայտօրէն Գարեգին Արքեպս. Յովսէփեան կը նշէր, եւ զայն նոյնիսկ «բարի նպատակ» յորջորջելով, անոր արգելք չըլլալու միտքով, կը շեշտէր նաեւ «յարգել հաւատացեալ ժողովրդի կրօնական եւ պատմական վայր մը եղած ըլլալու հանգամանքը»։

            Սրբազանի խնդրանքը յանուն Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի կ՛ըլլար     «թոյլ տալ վանահօրը կրկին վերադառնալ իր տեղը» եկեղեցին իրեն յանձնելով ժամապաշտութեան կիրարկումի համար, արտօնելով իրեն բնակիլ էջմիածնապատկան վանատան մէջ, «ուր ապրում են վանահայրն ու Էջմիածնից Սեւան գնացող հանգիստի եւ կազդուրման կարիք ունեցող միաբանները»։ Սակայն այս բոլոր բարեհաճ եւ փոխադարձ օգնութեան իղձերը գտան իրենց կոպիտ մէկ բառը՝ «մերժել» պետութեան կեդրոնական գործադիր մարմնի նախագահ Սարգիս Կասեանի կողմէ։

 

Հառիճի, Սանահինի, եւ Գեղարդի Վանքերը

            Միեւնոյն ճակատագրին պիտի ենթարկուէին երեք այս վանքերը եւս։ 1930 թուի օգոստոս 4¬ի տեղեկագրով Շիրակի թեմի թեմական խորհուրդի անունով ԳՀԽին կը գրէին Հառիճի վանքի կողոպուտի մասին, անուններով յայտնի խորհուրդին հինգ անդամները, թէ նոյն տարուոյ յուլիս 24-ի գիշերը «կողոպտուած էր Հառիճայ վանքը», տանելով 34 հատ եկեղեցական անօթներ որոնց ցուցակն   ալ կցած էին տեղեկագրին։ Յետ քննութեան, հարցը պետական գրասենեակ հասած է յանձնարարելով որ Մեծ Արթիկի Տ. Եղիշէ քահանայ Քերովբեան մասնակցի քննութեանց որպէսզի «հնարաւոր լինի ծանօթանալու կազմուած քննական արձանագրութեանց»։ Սակայն նպաստաւոր պատասխան չէր տրուած եւ Հառիճայ վանքը միւսներուն նման կը դառնար պետական շէնք, եւ լաւագոյն պարագային պատմական յուշարձան, ինչպէս եղան Հայաստանի բոլոր վանքերը Սովետական շրջանի առաջին կիսուն, խզուելով Մայր Աթոռէն եւ հաւատացեալ¬ ներէն։

            Կողոպտած են նաեւ Սուրբ Սանահինի վանքը, որուն համար Զաքարիա վարդապետ Լալայեան հոկտեմբեր 18-ին Շիրակի թեմական խորհուրդին կը հաղորդէր լուրը, թէ վանքէն կողոպտած են «մէջի եղած ամբողջ արծաթեայ անօթներն ու սրբութիւնները», մասնաւորաբար Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը, Յովհաննէս Օձնեցիի Աջը, սկիհներ եւ խաչեր, բոլորն ալ «պահապան Սուրբ  Սանահին վանքի» արձանագրութեամբ։

 

            Ամենէն սրտաճմլիկը Սուրբ Գեղարդայ վանքին գրաւումը եղած է 1933 թուականին։ Վանահայր Յովհաննէս վարդապետ Հիւսեան իր 31 օգոստոս թուա կիր յայտարարութեամբ կը հաղորդէր նորընտիր Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսին Գեղարդայ վանքին վերաբերմամբ եղած «կառավարական կտրուկ կարգադրու թիւններու» մասին։ Հիւսեան կ՛ափսոսար որ «ահաւասիկ ցամքեցաւ այն միակ աղբիւրը որ կ՛արբուցանէր հաւատացեալներու հոգեկան ու կրօնական ծարաւը»։ Գեղարդայ վանքը եւս «լռեց որ միակն էր մնացած Հայաստանի մէջ՝ փակուած յայտարարուելով»։

            Ըստ Յովհաննէս վրդ. Հիւսեանի գրութեան, օգոստոս 30-ին գիշերանց վանք եկան գործադիր մարմնի նախագահ Մարտիկեանը, Հայաստանի հնութեանց պահպանութեան նախագահ Զօրայեանը, ընդհանուր ոստիկանապետը, իրենց հետ ունենալով եօթ ութ պետական պաշտօնեաներ, եւ առաւօտուն յանձնեցին գրաւոր վճիռը, որուն պատճէնը պահուած է «Վաւերագիրներ» հատորին մէջ էջ 266։ Վճռագիրի յանձնումին ներկայ եղած է Գարեգին Արքեպս. Յովսէփեան որ անձամբ պիտի տեղեկացնէր դժբախտ պարագան Խորէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։

 

Վճռագիրը

            Վճռագիրը ստորագրած է ներքին նախարարութեան գործադիր Դաշոյեան որ երեք ուղղութեամբ առնուած որոշումը կը ճշդէր. (ա) Այրիվանքը (Գեղարդայ վանքը) եւ շրջանը յայտարարել հնագիտական փակ վայր. (բ) Զայն դնել Խորհրդային Հայաստանի մշակութային եւ պատմական հետազօտութեանց կեդրոնի իրաւասութեան տակ. (գ) Առաջարկել որ Գեղարդայ վանքը օգտագործուի որպէս զբօսաշրջիկներու եւ գիտական հետազօտութեանց վայր։ Իր 1934 ապրիլ 14ի տեղեկագրով վանահայր Հիւսեան վարդապետ կ՛իմացնէր Վեհափառ Հայրապետին որ պետական ներկայացուցիչներ եկան վանք ու բաժանում կատարեցին վանքի գոյքերուն, անասուններուն եւ սրբազան անօթներուն։ Վանքի արտաքին յուշարձաններն ու խաչքարերը ամբողջութեամբ գրաւուեցան։ Հիւսեան Էջմիածին տարած է անձամբ «ըստ պետութեան որոշած ցուցակին եկեղեցական մասունքները, խաչերը, զգեստները լրիւ եւ անկորուստ»։

 

Վերածնունդ

            Երբ կը գրենք վերեւի հինգ վանքերու դժբախտ կացութեան մասին, գրած կ՛ըլլանք նաեւ միւս տասնեակներով յայտնի մեծանուն վանքերու մասին եւս որոնց ճակատագիրը կ՛ըլլար միեւնոյնը։ Այսուհանդերձ ժամանակը պիտի գար եւ յիշեալ վանական հաստատութիւնները, մէջն ըլլալով Սիւնեաց Տաթեւն ու Նորավանքը, Հաղարծինն ու Հաղպատը, Գօշավանքն ու Խոր Վիրապը, պիտի ստանային իրենց «նորափետուր զարդարանքն ու գեղեցկատեսիլ վայելչութիւնը» նոյն դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ Տ.Տ. Վազգէն Ա. երախտաշատ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի երկարատեւ գահակալութեան ընթացքին։   

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ