Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Կեանքը «Չապրելու» Իրաւունք Այլեւս Չունինք

Այսօր,  44 օր տեւած Արցախեան Պատերազմէն ետք ունինք այն ինչ ունինք։

Շատ բաներ այլեւս չունինք։ Բոլորս կը ցաւինք եւ հոգեմաշ կ՛ըլլանք մեր բոլոր  կորուստներուն համար՝ թէ տարածային, թէ բարոյահոգեբանական, թէ յոյսի ու վստահութեան, թէ ապագայի պայծառութեան․․․ Բայց ամենէն մեծ կորուստը՝ մարտերուն մէջ զոհուած հազարաւոր մեր հերոսներն են։ Հայաստանի ապագան, Հայաստանի նոր, պայծառ խանդավառ որդիները, որ աւելի լաւ Հայաստան պիտի կառուցէին, իրենց կեանքը տուեցին յանուն հայրենիքի ապագայի։ Փառք ու պատիւ, խոնարհում անոնց հերոսական յիշատակին առաջ, խունկ ու աղոթք անոնց գերեզմաններուն։

          Այսօր , այլեւս յաւիտեանս պարտական ենք անոնց՝ մեր կեանքէն ու հայրենիքէն մնացած մասին համար։ Բոլորս, որոնք կ՛ապրինք, մեր կեանքը սին կռիւներ ու աներեւոյթ հողմաղացներու դէմ պայքարի մէջ վատնելու իրաւունք չունինք։ Մենք պարտական ենք, այնքան մեծ պարտքով, որ ապրելով ու ապրելով չենք կրնար հատուցել այն։ Այլեւս այսօրուայ համար միայն ապրելու իրաւունք չունինք, մեր հայեացքը վաղուան պիտի ուղղուած ըլլայ։ Այլեւս շռայլութիւններու իրաւունք չունինք, մեր վաստակը վաղուայ  Հայաստան  կառուցելու համար պիտի ծառայէ։ Այեւս ժամանակ սպաննելու եւ ոչինչի վրայ վատնուող մեր միտքն ու ներուժը   վատնելու իրաւունք չունինք, մեր միտքն ու ներուժը Հայաստանի ապագան կերտելու համար պէտք է ծառայէ։ 

          Այսօրուայ մեր կեանքը,  փլատակներէն դարձեալ վերակառուցուող Հայաստանը իր ամեն ապրած օրուայ մէջ կրելու  է զոհուած մեր տղաներուն յիշատակը , պարտաւորեցնող է աւելի արժանապատիւ ապրիլ ։ Ամեն մէկ կառուցուող նոր շէնք, ամեն մէկ արարուած նոր գիւտ,   արւեստի ամեն մի  գործ , տնկուած ամեն մէկ ծառ  մեծ ջանք իր մէջ պիտի ներառէ։ Կորացած մէջքը դժուարութեամբ ուղղելով պէտք է այդ ընենք, որովհետեւ մենք մեր կեանքը վատնելու իրաւունք այլեւս չունինք, մենք «չապրելու» իրաւունք այլեւս չունինք։ Մենք պարտական ենք մեր կեանքով եւ այդ պարտքը հատուցել մասամբ  կկարողանաք , եթէ մեր կեանքը  ապրինք լիարժէք։ Մենք մեր ապրած ամեն ամեն մէկ վայրկեանը հայրենիքը ոտքի հանելու, վերակառուցելու , հզօրացնելու համար պէտք է ծառայեցնենք։

Յաւերժ փառք ձեզ՝  հայրենիքի համար կեանք տուած մեր հերոսներ։

Փառք ու պատիւ ձեզ

Խունկ ու աղօթք

Յաւերժ խոնարհում:

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ