Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Արցախ, Հայաստան, Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ղարաբաղ եւ Մեծն Բրիտանիա

Արցախ

Արցախ, որ 14-րդ դարէն սկսեալ ճանչցուած է նաեւ որպէս Ղարաբաղ, (թրք. «սեւ այգի») Հայաստանի անբաժանելի մէկ մասը կազմած է 2,700 տարի նախքան 1918-ին գոյութեան կոչուած Ազրպէյճանը եւ առաջին թրքական ցեղերու Կովկաս եւ Հայաստան արշաւանքէն 10 դար առաջ։

 

Առաջին անգամ «Արցախ» անունը յիշուած է Ուրարտուի թագաւոր, Սարդուր Բ. ի (764-735 Ն. Ք.) սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ։ Սարդուր Բ. որդին էր Արգիշտի Ա.ի, որ կառուցեց էրեբունի (Երեւան) բերդաքաղաքը Ն.Ք. 782-ին ։

 

Որպէս Հայաստանի մաս՝ Արցախ յիշատակուած է  բազմաթիւ օտար եւ հայ պատմիչներու եւ աշխարհագրագէտներու գործերուն մէջ, ինչպէս Ստրաբոն, Պլինիոս Աւագ, Պլուտարքոս եւ ուրիշներ։ Ստրաբոն Արցախը կը համարէ Հայաստանի այն «շրջանը, որ համբաւաւոր է իր հեծելազօրքով»։

 

Ե. Դարու պատմիչ Փավստոս Բիւզանդ իր «Հայոց Պատմութիւն» գրքին մէջ  կը գրէ  թէ Արցախ ինչպիսի  հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուած է, երբ 387-ին Սասանեան Պարսկաստանը արշաւած է Հայաստան։

 

Է. Դարու գիտնական Անանիա Շիրակացին իր «Աշխարհացոյց»ին մէջ կը նշէ որ Արցախը Հայաստանի 15 նահանգներէն մէկն է։

 

Հայոց Տիգրան Մեծ թագաւորը (Ն.Ք 140-55) Տիգրանակերտ քաղաքը կառուցած է Արցախի մէջ։ Հնագէտները հաստատած են որ քաղաքը կառուցուած է Ա. դարուն Ն.Ք. եւ իր գոյութիւնը պահած՝ մինչեւ ԺԴ դար։

 

Հայաստան

 

 

 

Հայաստանը ունի հին պատմութիւն, բայց ես պիտի անդրադառնամ  միայն քրիստոնէական շրջանի պատմական կարեւոր դէպքերուն։

 

301թ.ին Հայաստան առաջին երկիրը հանդիսացաւ, որ քրիստոնէութիւնը ընդունեցաւ որպէս պետական կրօնք։ Հայերը զրադաշտական դարձնելու Պարսկաստանի բոլոր փորձերը ձախողեցան։ Պատմական իրողութիւն է որ Քրիստոնէութեան պաշտպանութեան համար մղուած առաջին ճակատամարտը, որ պատմութեան մէջ ծանօթ է որպէս «Վարդանանց Պատերազմ»,  տեղի ունեցաւ Պարսկաստանի եւ Հայաստանի միջեւ 451թ.ին։

 

 

387-ին Հայաստան բաժնուեցաւ Սասանեան Պարսկաստանի եւ Հռոմէական Կայսրութեան միջեւ։ Արեւելեան Հայաստանը, ներառեալ Արցախը, բաժին ինկաւ Պարսկաստանին, իսկ Արեւմտեան Հայաստանը՝ Հռոմէական Կայսրութեան։

 

Է. դարուն արաբները գրաւեցին Պարսկաստանն ու Հայաստանը։ Համեմատաբար կարճ ժամանակուան մը ընթացքին  անոնք յաջողեցան մահմետականութիւնը պարտադրել պարսիկներուն, բայց նոյնը Հայաստանի մէջ իրագործելու անոնց բոլոր ջանքերը՝ ձախողեցան։

 

Թ. Դարուն Հայաստանի մէջ հիմնուեցաւ Բագրատունեաց թագաւորութիւնը, որ գոյատեւեց մինչեւ ԺԱ. դար, երբ Սելճուգները գրաւեցին Հայաստանը։ Սելճուգեան արշաւանքներուն յաջորդեցին թաթարական, մոնկոլական, թուրքմէնական եւ հուսկ՝ Օսմանեան թուրքերու (բոլորն ալ թուրքական ցեղեր) արշաւանքները, որոնք քար ու քանդ ըրին երկիրը։ Հարիւր հազարաւոր հայեր ստիպուած լքեցին իրենց Հայրենիքը  եւ հաստատուեցան Բիւզանդական Կայսրութեան տարբեր շրջաններուն մէջ։

 

 

1198-ին, Միջերկրական Ծովու արեւելեան մասին մէջ  հիմնուեցաւ Հայոց Կիլիկեան Թագաւորութիւնը, որ կործանեցաւ Մեմլուքեան արշաւանքներուն հետեւանքով 1375-ին։

 

Հայաստան յաճախ բաժնուած է մեծ պետութիւններու միջեւ, ինչպէս Հռոմէական Կայսրութեան եւ Պարսկաստանի (1-3 դար), Բիւզանդական Կայսրութեան եւ Պարսկաստանի (4-7 դար), Արաբներու եւ Բիւզանդական Կայսրութեան (7-9 դար), որուն հետեւանքով Արեւելեան Հայաստան եւ Արեւմտեան Հայաստան անունները առաջացած են։

 

ԺԶ. Դարու սկիզբէն սկսեալ, Հայաստան բաժնուած է Պարսկաստանի (Արեւելեան Հայաստան) եւ Օսմանեան Կայսրութեան (Արեւմտեան Հայաստան) միջեւ։

 

Թուրքերու նպատակն էր իրենց կայսրութիւնը ընդարձակել արեւելեան ուղղութեամբ, իսկ պարսիկները կը ձգտէին տարածուիլ  դէպի արեւմուտք։ Այս մրցակցութիւնը պատճառ դարձաւ որ 16-18 դարերուն Պարսկաստանն ու Օսմանեան Կայսրութիւնը բազմաթիւ պատերազմներ մղեն ամբողջական Հայաստանին տիրանալու համար։

 

Յարատեւ պատերազմներէն յոգնած, անոնք որոշեցին Հայաստանը բաժնել իրար միջեւ։ Արեւելեան Հայաստանը, որ պատմական Հայաստանի տասը տոկոսը կը ներկայացնէ, բաժին ինկաւ Պարսկաստանին, իսկ մնացեալ ինիսուն տոկոսը, Արեւմտեան Հայաստանը ենթարկուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան։

 

1603-1618 պարսկա-թրքական պատերազմին, Պարսկաստան պարտութեան մատնելով Թուրքիան, գրաւեց Արեւելեան Հայաստանը։ Պատերազմի աւարտին, Շահ Աբբաս  շուրջ 500,000 հայերուն ստիպեց գաղթել Պարսկաստան եւ բնակութիւն հաստատել Իսֆահան նահանգի Նոր Ջուղա կոչուած շրջանը, որուն իբրեւ հետեւանք՝ կազմուեցաւ պարսկահայ գաղութը։

 

Ռուս-պարսկական պատերազմներու աւարտին, 1813.թ.ի Գուլիստանի եւ 1828թ.ի

Թուրքմենչայի դաշնագրերով Արեւելեան Հայաստանը կցուեցաւ Ցարական Ռուսաստանի։ Այդ թուականէն սկսեալ, Արեւելեան Հայաստանի բնակչութիւնը ապրեցաւ համեմատաբար խաղաղ կեանք մը , զերծ հալածանքներէ եւ կոտորածներէ։  Նոյնը կարելի չէ  ըսել Արեւմտեան Հայաստանի համար, որ շարունակեց տառապիլ Օսմանեան լուծին տակ։

 

ԺԹ. դարուն Ռուսիա շարք մը յաղթանակներ տարաւ Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ դէմ, որուն հետեւանքով 1888-ին Ռուսական Կայսրութեան  մաս կը կազմէին Վրաստանի մեծ մասը, Արեւելեան Հայաստանը, Կովկասի այն  շրջանը, որ 1918-ին «մկրտուեցաւ» Ազրպէյճան։ Անդրկովկասը այդ շրջանին տարբեր ժողովուրդներէ բաղկացած մոզայիկի մը կը նմանէր. վրացիները՝ հիւսիսի եւ արեւմուտքի մէջ, հայերը՝ գրեթէ ամէն տեղ մահմետական եւ թրքական ցեղերու հետ, զորս ռուսերը «կովկասեան թաթարներ» կ’անուանէին։

 

Դժբախտաբար ԺԹ. Դարուն, ինչպէս նաեւ Ա. Աշխարհամարտէն յետոյ,  Բրիտանական Կայսրութիւնը որդեգրեց թրքամէտ արտաքին քաղաքականութիւն։ Այդ էր պատճառը, երբ ցարական բանակը 1877–78 Ռուս-թրքական պատերազմին կը պատրաստուէր Իսթանպուլը գրաւել, Մեծն Բրիտանիան եւ իր դաշնակիցները պահանջեցին որ Ռուսիա դադրեցնէ պատերազմը, որ աւարտեցաւ, երբ Ռուսիան եւ Օսմանեան կայսրութիւնը 1878թ. Մարտին ստորագրեց Սանսթեֆանոյի դաշնագիրը։

 

Որոշուեցաւ պայմանագիրը քննարկել եւ վաւերացնել  Պերլինի Վեհաժողովին, որ գումարուեցաւ Յունիս-Յուլիս 1878-ին, մասնակցութեամբ եւրոպական մեծ  պետութիւններու։ Վեհաժողովը կարգ մը յօդուածներ փոփոխութեան ենթարկելէ ետք,  վաւերացուց պայմանագիրը եւ զայն վերանուանեց «Պերլինի Դաշնագիր»։

 

Ըստ Սանսթեֆանոյի դաշնագրի 16-րդ յօդուածին, Օսմանեան պետութիւնը յանձն կ’առնէր բարենորոգումներ  կատարել հայկական նահանգներուն մէջ։  Մեծն Բրիտանիա առաջարկեց 16-րդ յօդուածը փոխարինել 61-րդ յօդուածով, պատճառաբանելով որ աւելի կարեւոր խնդիրներ կային քննարկելու, քան հայկական նահանգներու մէջ «բարենորոգումներ կատարելու հարցը…։»

 

Աւելորդ է նշել որ Անգլիան եւ եւրոպական այլ պետութիւններ, փոխանակ հայկական իրաւունքները պաշտպանելու, 61-րդ յօդուածը օգտագործեցին ի նպաստ իրենց շահերուն։

 

Վստահ եմ,  բոլորս ալ կը յիշենք  Խրիմեան Հայրիկի «Թուղթէ Շերեփ»ի հանրածանօթ պատմութիւնը…։

 

Սանսթեֆանոյի պայմանագրին մէջ կային կարգ մը ուրիշ կարեւոր յօդուածներ, ինչպէս Պուլկարիոյ անկախութեան հարցը, որ դաշնագրէն հանուեցաւ այն պատճառաբանութեամբ որ Պուլկարիան կրնար  դառնալ Ռուսիոյ արբանեակ երկիրներէն մէկը եւ վտանգ  սպառնալ Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ   Անգլիոյ շահերուն Արեւելեան Միջերկրականի մէջ։

 

Մեծն Բրիտանիան ի՞նչպէս վարձատրուեցաւ իր հակահայ արարքին համար։

 

Ընթերցողը վստահ եմ վերոյիշեալ հարցումին պատասխանը կը գտնէ ստորեւ մէջբերուած գրութեան մէջ։

 

«Ըստ 4 Յունիս 1878ին Մեծն Բրիտանիոյ եւ Օսմանեան Կայսրութեան միջեւ ստորագրուած  Կիպրոսի գաղտնի համաձայնագրին,  Կիպրոսը  կառավարելու լիազօրութիւնը կը փոխանցուէր Մեծն Բրիտանիոյ, որուն դիմաց Անգլիան յանձն կ’առնէր  Օսմանեան Կայսրութեան շահերը պաշտպանել Պերլինի Վեհաժողովին մէջ։ Այս համաձայնագիրը արդիւնքն է այն գաղտնի բանակցութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան  1878-ի սկիզբը։»

 

 

Ա. Աշխարհամարտը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Դեռ Սուլթան Ապտուլ Համիտի գահակալութեան տարիներուն (1876-1909),  Թուրքիան պատրաստած էր գաղտնի ծրագիր մը, որուն նպատակն էր առաջին իսկ պատեհութեամբ ոչնչացնել Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող հայերն ու միւս քրիստոնեայ ազգերը։ Ա. Աշխարհամարտը ստեղծեց այդ պատեհութիւնը եւ Թուրքիան գործադրեց իր կանխամտածուած ցեղասպանութեան ծրագիրը։ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող շուրջ երկու միլիոն հայերէն  1,500,000 մարդիկ, կիներ եւ երեխաներ, հարիւր հազարաւոր յոյներու եւ ասորիներու հետ՝ թրքական կառավարութեան հրամանով սպաննուեցան կամ սովամահ եղան Սուրիական անապատներուն մէջ։

 

Ուինսթոն Չըրչիլի Համաձայն,

«1915-ին, թրքական կառավարութիւնը սկսաւ անգթօրէն իրագործել հայերու տխրահռչակ ընդհանուր տեղահանութիւնն ու կոտորածները Փոքր Ասիոյ մէջ։ 300,000-400,000 տղամարդիկ, կանայք եւ երեխաներ ապաստանեցան ռուսական հողամասեր, ուրիշներ՝ Պարսկաստան եւ Միջագետք, բայց ցեղին մաքրագործումը Փոքր Ասիոյ մէջ այնքան ամբողջական էր, որքան նման տարողութեամբ լայնածաւալ արարք մը  կրնար ըլլալ։ Ամենաջնջին կասկածն անգամ չկայ, որ այս ոճիրը ծրագրուած եւ գործադրուած էր քաղաքական նպատակներով։ Պատեհութիւնը ստեղծուած էր թրքական հողը մաքրելու քրիստոնեայ ցեղէ մը։»

The World Crisis, vol. 5, «The Aftermath»(New York: Charles Scribner’s Sons, 1929).

 

Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ Ռուսիան կատարուածը որակեցին «մարդկութեան դէմ ոճիր»  եւ խոստացան պատժել ոճրագործը։

 

Մեծն Բրիտանիան ո’չ միայն չպատժեց Թուրքիան, այլ ի տարբերութիւն Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ  մինչեւ այսօր կը մերժէ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը…։

 

ի՞նչ էր Հայոց Ցեղասպանութեան դրդապատճառը ։

 

Թուրքիան համոզուած էր որ Հայաստանը, կարգ մը ուրիշ երկիրներու կարգին,  անխուսափելիօրէն ուշ կամ կանուխ պիտի տիրանար անկախութեան, որուն հետեւանքով 300,000 ք.մ. տարածութիւն ունեցող զօրաւոր քրիստոնեայ երկիր մը պատճառ պիտի դառնար, որպէսզի անդամալուծուէր  Թուրքիան եւ գերեզմանուէր անոր  Իսթանպուլէն  մինչեւ Չինաստան երկարող տարածաշրջանի թրքական ցեղերու միացումով՝ համաթրքական կայսրութիւն մը ստեղծելու ծրագիրը։ Վերոյիշեալ վտանգին միանգամ ընդմիշտ վերջ տալու համար, անհրաժեշտ էր ամբողջութեամբ բնաջնջել Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող հայերն ու այլ քրիստոնեայ ազգերը։  Ինչպէս արդէն նշեցինք, Ա. Աշխարհամարտը ստեղծեց սպասուած առիթը։

 

16.9.1915-ին Թալէաթ Փաշան, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը հետեւեալ գաղտնի հրամանը հեռագրեց Հալէպի կառավարութեան.

 

«Արդէն հաղորդուած էր ձեզի որ  կառավարութիւնը, խորհրդարանի հրամանով որոշած է ամբողջովին ոչնչացնել Թուրքիա ապրող հայերը։ Վերջ պէտք է տրուի անոնց գոյութեան առանց խղճահարութեան եւ առանց ուշադրութիւն դարձնելու  անոնց տարիքին կամ սեռին , որքան ալ ձեռք առնուած միջոցառումները ունենան ոճրային բնոյթ, ։» (“Նայիմ Պէյի Յուշերը», Լոնտոն  1920) ”*** 

 

***

***Նայիմ Պէյ  Օսմանեան կառավարութեան Հալէպի Գաղթականներու Գրասենեակին մէջ պատասխանատու պաշտօն ունէր։ Պատերազմի աւարտին ան հայ մտաւորական Արամ Անտոնեանին յանձնեց  իր տրամադրութեան տակ գտնուող Թալաաթի գաղտնի հրամանագիրերը։  «Նայիմ Պէյի Յուշերուն»- անգլերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսաւ Լոնտոնի մէջ 1920-ին, Hodder & Stoughton հրատարակչութեան կողմէ,  Viscount Gladstoneի նախաբանով։

***

 

Ցաւալի է որ դաշնակիցները Ա. Աշխարհամարտի աւարտին Թուրքիան չդատեցին  մարդկութեան դէմ գործած իր ոճիրներուն համար, ինչպէս կատարուեցաւ

ոճրագործ նացիներու  պարագային, Նիւրեմպերկի միջազգային դատարանին մէջ։

Եթէ անոնք նման քայլ մը առած ըլլային՝ շատ հաւանական է Հիթլեր 22.8.1939ին, իր հրամանատարներուն եւ «Մահուան Ջոկատ»ի ներկայացուցիչներուն  հետ ունեցած գաղտնի ժողովին մէջ  հետեւեալ հրամանը (որ շատ նման է 24 տարի առաջ Թալաաթի յղած հեռագրին) չտար.

 

«Հրաման տուած եմ իմ «Մահուան Ջոկատներուն», որպէսզի առանց խղճահարութեան եւ գթասիրութեան ոչնչացնեն լեհերէն խօսող ցեղին պատկանող տղամարդիկը, կանայք եւ երեխաները։ Միայն այս ձեւով կրնանք ձեռք բերել կենսական տարածքը, որուն պէտք ունինք։»

 

Ժողովին մասնակցող հրամանատարներէն մէկը կը հարցնէ Հիթլերին,

 

«Իսկ ի՞նչ պատասխան պիտի տաք հետագայ սերունդներուն»։

 

 Հիթլեր անամօթաբար կը պատասխանէ,

 

«Ո՞վ այսօր կը յիշէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։

 

Երբ նախամտածուած ոճիր մը, ինչպիսին է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կը մնայ անպատիժ, Հիթլերի նման ոճրագործի մը առիթ կու տայ անամօթաբար յայտարարու՝

«Այսօր ո՞վ կը յիշէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։

 

Անգլիան, Միացեալ Նահանգները եւ իրենց նման պետութիւններ «կը ձեւացնեն» որ «ալզհայմըրզ» հիւանդութենէ տառապելու պատճառով ՝ չեն «յիշեր» Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ հայերը սակայն ոչ միայն կը յիշեն մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ  կը պահանջեն հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող  իրենց  հայրենիքը, որ  սրբացած իրենց նախահայրերուն եւ 1,500,000  նահատակներուն արիւնով։

 

Ցաւալի է որ կարգ մը «քաղաքակիրթ» երկիրներ եւ կազմակերպութիւններ, զանազան տնտեսական եւ քաղաքական շահերէ դրդուած՝ կը նախընտրեն  դաշնակցիլ «մարդկութեան դէմ ոճիր գործած» Թուրքիոյ, հետ, քան ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կամ պաշտպանել ճշմարտութիւնը, արդարութիւնն ու մարդու իրաւունքները…։

 

Այդպիսի պետութիւններուն համար արդարութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ թեւերը կոտրած  կոյր արծիւ մը, որ  վանդակուած է ու դրուած՝ շքեղ  դղեակի մը մութ սենեակներէն մէկուն մէջ… ։ 

 

 

Ղարաբաղ եւ Մեծն Բրիտանիա

 

  

Հոկտեմբերեան Յեղափոխութիւնը տապալեց Ցարական Կայսրութիւնը։

1917-ին, ռուսական բանակը լքեց կովկասեան ճակատը։ 1918 թուականի մայիսին Հայաստանը , Վրաստանն ու Ազրպէյճանը անկախութիւն հռչակեցին։

Անշուշտ Ղարաբաղը  որպէս Հայաստանի հողամաս՝ նաեւ դարձաւ անկախ։

 

1918-ի ամրան Թրքական արշաւանքները դէպի Կովկաս պատճառ դարձան

միջ-ցեղային կռիւներու, ստեղծելով անկայուն վիճակ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ։ Թուրքերու կարեւոր առաջադրանքներէն մէկն էր նաեւ Ղարաբաղը գրաւելով՝  ոչնչացնել անոր հայ բնակչութիւնը։ Ստեղծուած կացութիւնը արցախահայութեան համար «լինել չլինելու» խնդիր էր. Անհրաժեշտ էր  ամէն գնով պաշտպանել հայրենիքը թուրք, ազերի եւ թաթար ուժերու դէմ։

 

Հպարտութեամբ պէտք է հաստատել, որ արցախահայութիւնը հերոսական դիմադրութեամբ պաշտպանեց Արցախը մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտը, երբ պարտուած Օսմանեան բանակը ստիպուած հեռացաւ  տարածաշրջանէն։

 

Յաւարտ պատերազմի՝ Դաշնակիցները կովկասեան տարածաշրջանը կառավարելու  լիազօրութիւնը յանձնեցին Մեծն Բրիտանիոյ։ 17 Նոյեմբեր 1918-ին Բրիտանական բանակի հնդկական զօրաբաժինը մտաւ Պաքու։ Բանակին  հրամանատարը, Ուիլիամ Մոնթկոմըրի  Թոմսըն,  որ կը պաշտպանէր Ազրպէյճանի կառավարութեան տեղական մարմինները, հաւանութիւն տուաւ որպէսզի 7 Դեկտեմբեր 1918-ին կայանայ Ազրպէյճանի խորհրդարանի անդրանիկ նիստը…։

 

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանները ճշդելու հարցին մէջ, Մեծն Բրիտանիան բացայայտ կերպով կողմնորոշուեցաւ ի նպաստ մուսավաթական Ազրպէյճանին։  Հակառակ 1918-1919 տարիներուն կազմակերպուած բազմաթիւ հանրաքուէներու մէջ, քուէներու աւելի քան 90%  առաւելութեամբ Արցախի բնակչութիւնը որոշում կայացուց  Հայաստանի մաս կազմել՝ Հրամանատար Թոմսըն, հետեւելով Լոնտոնէն ստացուած հրահանգին՝ Ղարաբաղը «նուիրեց» Ազրպէյճանին։

 

Տարածաշրջանի պատմութեան մասնագէտ, անգլիացի պատմաբան Քրիստըֆըր Ուոքըր կը գրէ.

« Բրիտանիան երկու նպատակ կը հետապնդէր (երբեմն իրար հակասող), երկուքն ալ` հակա-պոլշեվիկ. Տանիքինի Սպիտակ Բանակին*** օգնել հիւսիսի մէջ, իսկ հարաւը` նախապատուութիւնը տալ  զօրաւոր եւ Անգլիոյ բարեկամ  Ազրպէյճանին։ Շատ մը Բրիտանացի սպաներ ծառայած ըլլալով Հնդկաստանի մէջ,  իսլամամէտ էին եւ չէին սիրեր տեղացի քրիստոնեաները։ Չմոռնանք  որ  Բրիտանական Կայսրութիւնը, շնորհիւ Ափրիկէի եւ Ասիոյ  իր գաղութներուն, իսլամական աշխարհին մէջ կը ներկայացնէր մեծ ոյժ ։ Հրամանատար Թոմսըն երբ Պաքու մտաւ 17Նոյեմբերին, շուտով յուսահատութիւն պատճառեց հայերուն, որոնք  մեծ յոյսեր  դրած էին զինադադարին վրայ։ Բրիտանական հրամանատարութիւնը, որ 30,000 զինուորներէ բաղկացած բանակ մը ունէր Անդրկովկասի մէջ, Օսմանեան զօրքերու մեկնումէն յետոյ հրահանգեց Ղարաբաղի հայութեան, որպէսզի ենթարկուի Ազրպէյճանին։ Առաջարկը մերժուեցաւ։  (“Armenia and Karabagh” C.J. Walker

 

 

***1918թ.ի Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն, «Կամաւորական Բանակ»-ին միացան Քուպանի հակակոմունիստ ղազախները, որոնք փորձեցին Քուպանի մայրաքաղաք,  Եկատերինոտարը ազատագրել Կարմիր Բանակէն, բայց ձախողեցան։ Սպիտակ բանակի հրամանատարն էր Անթոն Տենիքինը։

***

 

26 Մարտ 1919-ին, գնդապետ Տ. Ի. Շաթըլուըրթ (Colonel D I Shuttleworth), որ հետագային փոխարինեց Թոմսընը, հետեւեալ սպառնալից յայտարարութիւնը ըրաւ Ղարաբաղի հայ պատգամաւորներուն.

 

«Մենք բաւական ոյժ ունիք պարտադրելու ձեզ ենթարկուելու մեր հրահանգին»։ (“Armenia and Karabagh” C.J. Walker)

 

 

Ըստ նոյն հեղինակին, «Ղարաբաղի այժմու խնդրին (1991) պատճառը մեծաւ մասամբ  1919 տարուան առաջին կէսին  Անգլիոյ որդեգրած քաղաքականութիւնն է, որուն նպատակն էր արգիլել՝ որպէսզի Ղարաբաղը մնայուն կերպով Հայաստանին  մաս կազմէ։։»

 

 

Մեծն Բրիտանիոյ Հայաստանի զինուորական կցորդ, գնդապետ Ֆլաուտըն (Colonel J C Flowden) Օգոստոս 1919-ին, հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրաւ.

 

«Ղարաբաղը Ազրպէյճանին յանձնելը, իմ կարծիքով, ամենէն դառն հարուածն էր…Ան  եղած է իրենց ցեղին բնօրրանը, իրենց աւանդական վերջին ապաստանարանը եւ իրենց վերջին թագստոցը, երբ  երկիրը ենթարկուած է յարձակումներու։ Ան Հայաստանն է բոլոր անկիւններէ դիտուած . Ղարաբաղը Հայաստանի ուժեղագոյն մասն է թէ « ֆիզիքապէս եւ թէ « զինուորական եւ ընկերային իմաստով։»

 

***

1920-ին Հայաստան, Վրաստան եւ Ազրպէյճան որդեգրելով խորհրդային կարգերը, դարձան  սովետական հանրապետութիւններ։

 

12-06-1921-ին, Սովետական Ազրպէյճանն ու Սովետական Հայաստանը հրապարակեցին  հռչակագիր մը, որով հաստատեցին  Լեռնային Ղարաբաղի Հայաստանի մաս կազմելուն իրողութիւնը։

 

1923-ին, Ազգութիւններու նոր Կոմիսար Ստալինին պարտականութիւն

Տրուեցաւ,  որպէսզի ճշդէ կովկասեան հանրապետութիւններու սահմանները։ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող նախասովետական տարիներու  անհամաձայնութիւնները ուսումնասիրելէ յետոյ, Ստալին՝  անտեսելով 12-06-1921-ի հռչակագիրը, որոշեց Մեծն Բրիտանիոյ օրինակին հետեւելով  Ղարաբաղը ներառնել Ազրպէյճանի սահմանին մէջ  որպէս «ինքնավար մարզ» ։ Ստալինի որոշումը հիմնուած էր այն իրողութեան վրայ, որ   ինչպէս Մեծն Բրիտանիան, այնպէս ալ Սովետ Միութիւնն ունէր մահմետական հոծ բնակչութեամբ երկիրներ…։

 

Անշուշտ Ինչպէս Անգլիոյ՝ այնպէս ալ Ստալինի որոշումին մէջ անտարակոյս Պաքուի քարիւղը կարեւոր դեր խաղցաւ …։

 

***

Անդրադառնալով Ղարաբաղի հայութեան դիմադրութեան, Քրիստըֆեր Ուոքըր կը գրէ.

«Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը Ղարաբաղի մէջ  բացայատ կերպով մուսավաթական Ազրպէյճանին հետ դաշնակցիլն էր, որ կը համապատասխանէր Կիլիկիոյ մէջ Ֆրանսայի Քեմալական Թուրքիոյ հանդէպ որդեգրած ժամանակակից քաղաքականութեան։ Երկու պարագային ալ՝ «դաշնակիցները» կ’օժանդակէին, որպէսզի հայերը արտաքսուին տարածաշրջանէն։ Այս ծրագիրը յաջողեցաւ Կիլիկիոյ մէջ, բայց ոչ Ղարաբաղի, ուր հակառակ որեւէ արտաքին օգնութեան չգոյութեան, բնակչութիւնը դիմադրեց  եւ ձախողութեան մատնեց զինք արտաքսելու բոլոր փորձերը»։(“Armenia and Karabagh” C.J. Walker).

 

*********

Ղարաբաղի Հարցը եւ Թուրքիան

Էրտողանի Թուրքիան կարեւոր դեր խաղաց սեպտեմբեր 2020-ին Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի սկսած պատերազմին մէջ։ Գաղտնիք մը  չէ որ Թուրքիոյ ծրագիրը միշտ ալ եղած է  եւ կը մնայ՝  Կովկասի մէջ առաջացնել քաղաքական անկայուն վիճակ մը, որ կարեւոր է Համաթուրքական Կայսրութիւն մը հիմնելու իր երազը իրագործելու համար։  Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ տարած յաղթանակին հետեւանքով, ստեղծուած է նպաստաւոր պայման,  թրքական ազդեցութեան ծիրը ընդլայնելու համար  նաեւ Կեդրոնական Ասիա եւ կարգ մը պալգանեան եւ ռուսական  իշխանութեան ենթակայ երկիրներ ։  

 

Նշենք նաեւ որ Ազրպէյճանի հետ ղարաբաղեան պատերազմին Թուրքիոյ մասնակցութեան գլխաւոր  նպատակն էր Կովկասի մէջ մնայուն զինուորական  կորզ մը  հիմնելն էր։ Էրտողանի համար կարեւոր էր նաեւ որ Ազրպէյճան պարտաւորուած ըլլայ միշտ  ապաւինիլ Թուրքիոյ զինուորական ուժին։

Ինչպէս դիտել տուինք արդէն, Անգարայի յաջորդ թիրախներէն մէկը  կրնայ Ռուսիոյ իշխանութեան ենթակայ երկիր մը ըլլալ։ Բոլորին ծանօթ է  թէ ինչպէս անցեալին, Էրտողանի «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան անդամները յայտարարութիւնիններ ըրած են, ըստ որում Ղրիմը  կը պատկանի Թուրքիոյ։ Հիմա նոյնը կը կրկնէ  նաեւ Էրտողան։

 

Ռուսիոյ խորհրդարանի անդամ, Ալեքսանդր Շերինի համաձայն, երբ   Թուրքիոյ ապօրինի եւ կամայական արարքները  կը մնան անպատիժ, Էրտողան կը կարծէ որ ինք նախագահն է աշխարհի ամենէն հզօր եւ ամնէն անպարտելի պետութեան, որ կրնայ գրաւել անցեալին  կորսնցուցած բոլոր երկիրները եւ վերականգնել անգամ մը եւս Օսմանեան հզօր կայսրութիւնը։ Այդ նպատակով Թուրքիա կ’ուզէ զինուորական  զօրաւոր կայան մը հաստատել Ազրպէյճանի մէջ , նպատակ ունենալով՝

  1. Չէզոքացնել Հայաստանի մէջ հաստատուած Ռուսական զինուորական կայանը,
  2.  Ռազմական իր ազդեցութիւնը տարածել Կեդրոնական Ասիոյ մէջ։

 

Եթէ Էրտողանի կայսերապաշտական վտանգաւոր ձգտումները հակակշռի տակ չառնուին, մարդկութիւնը ականատես կրնայ ըլլալ  նոր հակամարտութիւններու  եւ պատերազմներու, որոնք կրնան նոյնիսկ պատճառ դառնալ Գ. Աշխարհամարտի, աննախընթաց ողբերգական  հետեւանքներ ունենալով մարդկութեան համար։

 

 

 

ՆԱԹՕ քաջ գիտնալով հանդերձ որ իր անդամներէն Թուրքիան՝ կ’օգտագործէր կազմակերպութեան մասնագիտական եւ ռազմավարական  դիւրութիւնները Ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին,  ան  «համր, խուլ ու կոյր» ձեւացուց ինքզինք։

 

Ինչո՞ւ։

 

Հարցումին պատասխան գտնելը  կը ձգեմ ընթերցողին։

 

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ անբարտաւան նախագահին, կրնանք առանց վարանումի ըսել. եթէ Հիթլեր «20 -րդ դարու ամենէն վտանգաւոր մարդը» տիտղոսին արժանացած է, Էրտողան անտարակոյս առաջնակարգ  տեղ  կը գրաւէ  21-րդ դարուն  նոյն տիտղոսին համար մրցող թեկնածուներուն մէջ։

 

Կ’ուզեմ յօդուածս աւարտել մէջբերելով Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի վերջերս հաւաքոյթի մը մէջ արտասանած հետեւեալ խօսքերը.

«Մարդկութեան համար մեծագոյն վտանգը «Քորոնա» ժահրը չէ, այլ ԷՐՏՈՂԱՆԸ։»

 

Լոնտոն

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ