Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Վիեննայի Հայ Գաղութի Նորաշէն Եկեղեցւոյ Օծումը Ձեռամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Վազգէն Ա Կաթողիկոսի 1968

«Լոնտոնէն բարերարուհի Հռիփսիմէ Հալաճեան Թրիքի 1962 թուին Մայր Աթոռ                  Ս. Էջմիածին կ՛այցելէր ու Վազգէն Հայրապետին կը յայտնէր իր կտակի մասին, եւ Լոնտոն վերադարձին Մայր Աթոռին կը կտակէր իր ամբողջ նիւթական կարողութիւնը»

ՄԵՍՐՈՊ Ծ. ՎՐԴ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

 Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ 

 

Հայ Գաղութը

            Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի հայ գաղութի ներկայ բարգաւաճ վիճակը կը պարտինք Վիեննայի երկարամեայ հոգեւոր հովիւ եւ ապա Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ երջանկայիշատակ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Գրիգորեանին։ Սրբազանը վախճանեցաւ 2017 Յունուար ամսուն։ Անցեալին Վիեննայի հայ գաղութը իր կազմաւորման շրջանին քաղաքամիջի շէնքի մը երկրորդ յարկին վրայ կառուցած էր Ս. Փրկիչ մատուռը երբ Աւստրիոյ մայրաքաղաքի հայեր իրենց պատմու-թիւնը կը կերտէին 18-րդ դարէն ի վեր, յատկապէս երբ Վենետիկի Մխիթարեան Միա-բանութեան մէկ մասը Վիեննա կը փոխադրուէր մշտական կայք հաստատելով 1811 թուականին։

            1913 թուին Վիեննայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքը յաջողած էր վերոյիշեալ մատուռը կառուցանել Միհրան Կարապետեանի գլխաւորութեամբ ութ հոգինոց «Եկեղեցաշինութեան Միութիւն» խնամակալ մարմնի հսկողութեան ներքեւ օծելով զայն յանուն Ս. Փրկչին։ Առաջին հոգեւորականը եղած է Արիստակէս քահանայ Ֆէսլեան՝ Ռումանիայէն, եւ ապա Եղիշէ քահանայ Իւթիւճեան, նոյնպէս Ռումանիայէն, որ 35 երկար տարիներ ծառայած է Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ հայ համայնքներուն։ Իւթիւճեան յետագային այրիանալով վեղար ու ծայրագոյն վարդապետի աստիճանները կը ստանար ։

            Այդ տարիներուն Վիեննայի հայութիւնը 300 անձ կը հաշուէր, երբ 1958 թուին Ամենայն Հայոց Հայրապետի Գահակալութեան եւ Ծննդեան երրորդ եւ յիսնամեայ տարեդարձներուն առիթով դէպի Ս. Էջմիածին մեր ճամբուն վրայ Վիեննա երկու օր մնացինք, Եգիպտահայոց Առաջնորդ Մամբրէ Արքեպս. Սիրունեանը,  պատմաբան Արշակ Ալպօյաճեանն ու ես, եւ առիթը ունեցանք այցելելու Մխիթարեանց Վանքն ու հայոց Ս. Փրկիչ մատուռը։ Հիւրասիրուեցանք Վիեննայի Մխիթարեանց Միաբանութեան կողմէ եւ Արշակ Ալպօյաճեան պատմաբանը հրճուանքն ունեցաւ ողջագուրուելու յայտնի պատմաբան եւ բանասէր Հ. Ներսէս Վարդապետ Ակինեանին հետ որպէս գրչեղբայր։

 

Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Գրիգորեան

            Անթիլիասի Կիլիկեան Աթոռի դպրեվանքին ուսեալ հոգեւորականներէն Մեսրոպ Ծ. Վարդապետ Գրիգորեան Ամենայն Հայոց Հայրապետի հրաւէրով հոգեւոր հովիւ կար-գուեցաւ Վիեննայի հայոց եւ գործի լծուեցաւ նորաշէն կալուածի մը գնումին եւ նոր  եկեղեցւոյ կառուցման կարեւոր աշխատանքներուն 1962-1963 թուականներուն։ 1962-ին նոր ժամանած երիտասարդ Մեսրոպ Ծ. Վարդապետ Գրիգորեանի առաջնորդութեամբ կալուած մը գնելու մասնաւոր աշխատանք տարուեցաւ, եւ յաջորդ տարուան Դեկտեմբերի եկեղեցական վարչութեան ժողովին նուիրատուներ գործի լծուեցան։ Որոշուեցաւ ընդարձակ բակով կալուած մը գնել ուր շուտով պիտի կառուցուէր Աւստրիոյ առաջին հայ եկեղեցւոյ շէնքը։

            Եկեղեցւոյ հիմնարկէքը Մեսրոպ Ծ. Վարդապետ ինք կատարեց 1964 թուի Յունիս 28-ին, ճարտարապետութեամբ հայրենի ճարտարապետ Եդուարդ Սարաֆեանի եւ բարերարութեամբ Լոնտոնէն Հռիփսիմէ Հալաճեան Թրիքիի որուն նուիրատուութեամբ կարելի եղած է իրագործել զայն։ Բարերարուհին երբ 1962¬ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին կ՛այցելէր,  Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Վազգէն Ա Հայրապետին կը յայտնէր իր կտակի մասին, եւ Լոնտոն վերադարձին Մայր Աթոռին կը կտակէր «իր ամբողջ նիւթական կարողութիւնը», իր փափաքն ալ յայտնելով Վիեննայի հայ եկեղեցւոյ շինութեան բարերարը դառնալու։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ կ՛իրագործուէր իր կտակը ու Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին կը կառուցուէր։

 

Ամենայն Հայոց Հայրապետի Այցելութիւնը 

 

            Յիսուներկու տարիներ առաջ Տ.Տ. Վազգէն Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը հրաւիրուէր Մեսրոպ Ծ. Վարդապետի եւ Վիեննայի հայ համայնքի Խնամակալ Մարմնին կողմէ Հայրապետական այցելութեամբ կատարելու նորաշէն եկեղեցւոյ օծումը։ Հայրապետը Վիեննա կը ժամանէր 1968 թուի Ապրիլի 20ին իր շքախումբի անդամներուն Տ. Կոմիտաս Արքեպիսկոպոսի, Տ. Ներսէս Ծ. Վարդապետի, գաւազանակիր Հայր Սուրբին եւ Արթուն Հատիտեանի հետ։ Վիեննայի օդակայանը ժամանած էին Հայրապետին դիմաւորելու Կ. Պոլսոյ Ամենապատիւ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան, Աւստրիոյ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Կարտինալ Ֆրանց Գիոնիգը, քաղաքապետն ու Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ մետրապոլիտը։ Եկեղեցւոյ հանդիսաւոր օծումը կատարած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ապրիլի 21-ին ու եկեղեցին հաստատած յանուն Սուրբ Հռիփսիմէի եւ ի յիշատակ բարերարուհի տիկնոջ։ Հայրապետը անդրանիկ Սուրբ Պատարագը մատուցած է ի ներկայութեան Կ. Պոլսոյ Հայոց Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի եւ բարձրաստիճան եկեղեցական ու քաղաքական պետական անձանց։

            Հայրապետը կու տար իր պատգամը ողջունելով Վիեննայի հայութիւնը եւ շեշտելով որ «իսկական գործը ստեղծել եւ աճեցնելն է հոգեւոր կառոյցը իրենց հաւաքական եւ համայնական կեանքին, որ է բուն եկեղեցին»։ Եկեղեցին թէեւ փոքր եւ սակայն կրնայ բաւարարել 160 հոգի, մուտքին զանգակատան ներքեւ Սուրբ Հռիփսիմէ Կոյսին մեծադիր խճանկարով։ Տարիներ առաջ առիթը ունեցայ Վիեննա այցելելու Մեսրոպ Ծ. Վարդապետին, Անթիլիասի իմ երէց դասակիցին, եւ ականատեսի վկայութիւնս է որ կը բերեմ նորաշէն եւ գողտրիկ այդ եկեղեցիէն։

 

Ճաշկերոյթ ի Պատիւ Հայրապետին

            Համագաղութային ճաշկերոյթը ի պատիւ Ամենայն Հայոց Հայրապետ Տ.Տ. Վազգէն  Կաթողիկոսին տեղի կ՛ունենար նոյն երեկոյեան ու յայտագիրը կը վարէր Հոգեւոր Հովիւ Տ. Մեսրոպ Ծ. Վարդապետ։ Նախ խօսք կ՛առնէր Ամենապատիւ Շնորհք Պատրիարք յանուն իր Աթոռին եւ թրքահայութեան, յայտնելով իր ուրախութիւնը նորաօծ եկեղեցւոյ առիթով ու եկեղեցիին նուիրելով Ատափազարի Ս. Մինաս եկեղեցւոյ արծաթապատ «Իւղաբերից Աւետարան»ը եւ զոյգ մը արծաթեայ աշտանակներ։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատելով եկեղեցւոյ վարչութեան անխոնջ նախագահ Սարգիս Կարապետեանի աշխատանքը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Ա Կարգի շքանշանով կը պատուէր զինք, եւ վարդապետական ականակուռ լանջախաչ կը շնորհէր Մեսրոպ Ծ. Վարդապետ Գրիգորեանին։

 

Մեկնում դէպի Միացեալ Նահանգներ

            Ամենայն Հայոց Հայրապետը Վիեննայէն Նիւ Եորք պիտի մեկնէր Հայրապետական այցելութեամբ այս անգամ օծելու Արեւելեան Թեմի նորակառոյց Ս. Վարդան Մայր Տաճարը։ Մեկնումէն առաջ Աւստրիոյ Ֆրանց Գիոնիգ Կարտինալը իր ապարանքին մէջ յատուկ ընդունելութիւն կը սարքէր ի պատիւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին որուն ներկայ կ՛ըլլար նաեւ Շնորհք Պատրիարք եւ Մխիթարեան Միաբանութեան Աբբահայր Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Հապոզեան։ Ապրիլ 23-ին Շնորհք Պատրիարք հրաժեշտ կ՛առնէր Վեհափառ Հայրապետէն ու Ժընեւ կը մեկնէր, իսկ յաջորդ օր նորաoծ եկեղեցւոյ մէջ Ապրիլեան Եղեռնի յիշատակին Ս. Պատարագ կը մատուցանէր Տ. Ներսէս Ծ. Վարդապետ Պոզապալեան։ Երեկոյեան Ապրիլեան յիշատակի հանդիսութիւն տեղի կ՛ունենար Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ, եւ Ապրիլ 25-ին Հայրապետը իր շքախումբով կը մեկնէր Միացեալ Նահանգներ հոն եւս օծելու համար նորակառոյց Մայր Տաճարը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ