Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Ս. Ծնունդի Խորհուրդը եւ Մենք

 

      Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ծնունդը «մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ» մըն է: Մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ … որովհետեւ ան աննման յայտնութիւնն է Աստուծոյ մարդեղութեան: Այլ խօսքով, Քրիստոսի մէջ Աստուած կը մարմնանար եւ կը մարդանար փրկելու համար մեղաւոր մարդկութիւնը: Բեթլեհէմի մէջ ծնող Յիսուս Մանկիկին մէջ տիեզերքի Յաւիտենական Աստուածը կը խանձարուրուէր անհիւրընկալ քարայրի մը անշուք մսուրի մը մէջ, որպէս զի ձերբազատէր մարդ արարածը մեղքի վաղնջական գերութենէն:

 

     Ամէնէն համեստ պայմաններու մէջ ծնող այս Մանուկը պիտի մեծնար եւ պիտի դառնար մարդկութեան ամէնէն տիրական Անձնաւորութիւնը, եզակի դէմք մը, որ երբեւիցէ շնորհուած է մեր այս մոլորակին: Արդարեւ, կրօնական շատ առաջնորդներ եկած եւ անցած են, բայց անոնցմէ ոչ մէկը ունեցած է այն հզօր ազդեցութիւնը մարդոց կեանքերուն վրայ որչափ Յիսուս Քրիստոս, որովհետեւ ան մարդացած Աստուածն էր, Էմմանուէլը («ընդ Մեզ է Աստուած»), համայն տիեզերքի մեծագոյն նուէրը Արարիչէն՝ առ արարած:

 

     Նորածին Արքային ծննդեան օրը, երկնային զօրքերու բազմութիւնը, հրեշտակները, առաջին անգամ կ’երգէին հոգեզմայլ օրհներգ մը շարադրուած եւ յօրինուած երկինքի մէջ. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, յերկիր խաղաղութիւն եւ ի մարդիկ հաճութիւն» (Ղուկ. 2.14): Այս օրհներգով երկինք եւ երկիր կը միանային՝ փառաբանելու զԱստուած իր Մեծագոյն Պարգեւին՝ Տէր Յիսուսի համար: Փառաբանութեան այդ օրհներգը երկու հազար տարիներէ ի վեր կ’արձագանգէ ու կը մնայ միլիոնաւոր մարդոց սրտին ու հոգիին մխիթարանքի եւ օրհնութեան իբրեւ մեծագոյն աւետիսը:

 

     Զուարթնոց խումբի պատկանող Տիրոջ հրեշտակներէն մէկը՝ Բեթլեհէմի հովիւներուն կը յայտարարէր. «Մի՛ վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութեան պատճառ է: Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղուկ. 2.10):

 

     Դաւիթի քաղաքին, Բեթլեհէմի մէջ ծնող Մանկիկը, Աստուծոյ Օծեալն է, երկար դարերէ ի վեր սպասուած Մեսիան, Փրկիչ-Թագաւորը, որուն գալուստը աւետած էին Հին Ուխտի մարգարէներէն շատեր, եւ այդ օրհնեալ օրը, Աստուծոյ հրեշտակը կ’աւետէր Անոր ժամանումը:

 

     Յատկանշական է նկատել, որ Բեթլեհէմի հովիւները երբ գտան նորածին Յիսուս Մանուկը, իրենց յարգանքի եւ սիրոյ տուրքը ընծայելէն ետք, վերադարձան իրենց տեղերը եւ սկսան պատմել այն բոլոր բաները, որոնք տեսան եւ լսեցին: Այլ խօսքով, անոնք ետ դարձան եւ Յիսուսի Ծննդեան աւետիսը ուրիշներու հետ բաժնեցին:

 

     Արդ, Ս. Ծնունդը թէ՛ աստուածային յայտնութիւն  մըն է եւ թէ՛ մարդկային մարտահրաւէր մը: Քրիստոսով՝ Աստուած մեզ կ’այցելէ եւ ապա մեր վրայ յատուկ յանձնառութիւն մը կը դնէ՝ իր վկաները ըլլալու, սիրոյ եւ փրկութեան աւետարանը տարածելու, օգնութեան ձեռք կարկառելու աղքատներուն, սգաւորները մխիթարելու, ինկածները ոտքի հանելու եւ յուսահատները քաջալերելու:  Առաքեալին խօսքով, «Մենք Աստուծոյ գործակիցներն ենք (Ա. Կորն. 3.4), Քրիստոսի գործակատարները այս երկրի վրայ. Անոր սիրոյ եւ փրկութեան Աւետարանի դրօշակիրները:

 

     Ինչպէս միշտ, յատկապէս այս տօնական օրերուն, որպէս հայ քրիստոնեաներ մոռնալու չենք որ Հայաստանի, Արցախի եւ Միջին Արեւելքի մեր հայրենակիցները պէտք ունին մեր բարոյական, հոգեւոր եւ նիւթական աջակցութեան: Ոմանք պատերազմի ճակատին վրայ սիրելիներ կորսնցուցած են, վիրաւորներ եւ գերիներ կան, այրիներ, որբեր, որբեւայրիներ եւ տնազուրկ մարդիկ կան, որոնց հանդէպ մենք բարոյական անզանցառելի պարտականութիւններ ունինք:   

 

     Քրիստոսի Ս. Ծնունդը նոր իմաստ եւ նշանակութիւն կ’ունենայ մեզի համար երբ մեր հիւրընկալ սրտերը բանանք Նորածին Արքային եւ Անոր կամքը կատարող հաւատարիմ քրիստոնեաներ ըլլանք: «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, Ձեզի, մեզի մեծ աւետիս»:

 

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

Գործադիր Տնօրէն Հայ Աւետարանական

Համաշխարհային Խորհուրդի

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ