Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Ոչ Եւս Է Ռ.Ա.Կ. Հաւատաւոր Ընկ. Կարապետ Փալթօպետրոսեան

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ մահը Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան պատուոյ անդամ եւ Ֆրանսայի Շրջանային Վարչութեան պատուոյ Ատենապետ, հաւատաւոր Ընկ. Կարապետ (Շարլ) Փալթօպետրոսեանի (Ծնեալ՝ 1928), որ պատահեցաւ 31 Դեկտեմբեր 2020-ին, Լիոնի մէջ։

Դժուար ժամանակներ կ’ապրինք: Երախտաւորներու սերունդ մը ամբողջ այսօր պատմութեան կը յանձնենք: 2020 Տարուան տխրութիւնները եւ ծանր թախիծը դեռ չթօթափած, մեր թանկ ընկերոջ մահուան սուգը կ’ալեկոծէ մեր բոլորին հոգիները:

Հայ ազգը, ի դէմս Ընկ. Փալթօպետրոսեանի, կորսնցուց գաղափարի հաւատաւոր զինուորագրեալ մը, հայ ազգին աննկուն ծառայող մը: Մարդ, որ իր կեանքը իմաստաւորեց նուիրումով: Մարդ, որ յաճախ իր անձը մոռնալով, Ռ.Ա.Կ.ի միջոցաւ գործեց յանուն մեր ժողովուրդին, յանուն Հայ Դատին եւ յանուն հայրենիքին:

Նորոք հանգուցեալ մեր ընկերը, որպէս ռամկավար ազատական գաղափարախօսութեան հաւատաւոր ազգային գործիչ, կառչած մնաց կուսակցութեան սկզբունքներուն: Սկզբունք, որ դարձաւ կեանքի արահետ, նուիրումի ակօս, գործի, աշխատանքի եւ հայութեան շահերը վեր բարձրացնելու նպատակ եւ միջոց:

Ընկ. Փալթօպետրոսեան, իր գիտակցական կեանքի ողջ ընթացքին, ամէն բանէ վեր դասեց Հայաստանի բարձր արժէքը, մէկդի դրաւ Հայաստանի իշխանութիւններու պատկանելիութեան քաղաքական, գաղափարական բոլոր մօտեցումները եւ, որպէս հայրենիքի նուիրեալ զաւակ, գործեց բոլորին հետ՝ յանուն Հայաստանի:

Ան տասնամեակներ շարունակ, գտնուելով ղեկավար դիրքերու վրայ, ունեցաւ կուսակցական, ազգային եւ հասարակական հարուստ գործունէութիւն: Եղած է Ռ.Ա.Կ. Ֆրանսայի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ, Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ ապա՝ Պատուոյ անդամ:

Հանդիսացած է կարեւոր անդամներէն մէկը եւ նուիրեալ անուն մը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան մէջ, եղած է Լիոնի մէջ Հ.Բ.Ը.Մ.ի առաջին Ատենապետը (1984-1989), իսկ Վիենի մէջ՝ Ատենապետը, աւելի քան 55 տարիներ:

Իր ազգային բեղուն գործունէութեան ընթացքին գործօն մասնակցութիւն ունեցած է ֆրանսահայ համայնքի ազգային եւ համայնքային կեանքէն ներս: Որպէս ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչ, եղած է Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի (CCAF) Փոխ-Ատենապետը, որուն կազմին մէջ իր աշխոյժ ներկայութեամբ աշխատած է յանուն Ֆրանսայի հայոց համայնքի ընդհանուր շահերուն:

Ահա այս բոլորը իր անձին մէջ գոյացնող ընկերը այսօր կը հեռանայ մեզմէ: Կը հեռանայ միանալու մեր վեհապանծ կուսակցութեան պատմական անցեալը կերտած նուիրեալներուն, գաղափարապաշտ, երախտաւոր ընկերներու հոյլին:

Այս  տխուր  առիթով  Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ համայն անդամակցութեան անունով, մեր խորազգաց  ցաւակցութիւնները  կը յայտնենք  հանգուցեալի հարազատներուն, բարեկամներուն, կուսակցական ու միութենական ընկերներուն:

Այսօր հողին կը յանձնենք բոլորիս կողմէ սիրուած եւ յարգուած մեր ընկերը, վստահեցնելով, որ նոյն աննկուն կամքով եւ ոգիով պիտի շարունակենք իր եւ մեր երեց սերունդի հաւատաւոր ընկերներու երթն ու ճանապարհը:

Ընկեր Կարապետ Փալթօպետրոսեանի յիշատակը պիտի մնայ վառ՝ բոլոր զինք ճանչցողներու հոգիներուն մէջ:

Խունկ ու աղօթք իր պայծառ յիշատակին:
Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն անոր բարի հոգիին:

Հողը թեթեւ գայ` սիրելի՛ Ընկեր:   

Ցաւակցութեան ամենաջերմ զգացումներով՝

 

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ

Յունուար 4, 2021

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ