Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Սքանտալ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ․ թրքական տեսաշարի մը մէջ Արցախը եւ Ատրպէյճանը ներկայացուած են որպէս Հայաստան

Թրքական տեսաշարերէն մէկու վերջին տեսարանի պատճառով սքանտալ հասունցած է Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ մէջ:

Ermenihaber.am-ի հաղորդմամբ՝ «Akıncı» («Յարձակողը») հեռուստատեսաշարի վերջին տեսարանին մէջ, որ ներկայացուած է թրքական «ATV»-ով, ցուցադրուած է տարածաշրջանի քարտէզը, որուն մէջ  Արցախի եւ Ատրպէյճանի տարածքներուն վրայ գրուած եղած է Armenia (Հայաստան):

Ըստ լրատուամիջոցներու, որոնք շտապած են արձագանգել կատարուածի մասին, այն թեխնիկական խոտանի հետեւանք եղած է, մինչդեռ տեսաշարի ստեղծագործական կազմն առայժմ չէ մեկնաբանած իրողութիւնը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ