Փասատենա քաղաքի Պլեռ վարժարանի (Blair High School) մէջ այս տարի գործել սկսած Հայկական Ճեմարանը ծառատունկով մը կը տօնէ իր ուսումնական անդրանիկ տարուան աւարտը: Վարժարանը որոշած է ATP (Armenia Tree Project) կազմակերպութեան համագործակցութեամբ՝ իւրաքանչիւր 50 աշակերտի անունով ծառ մը տնկել Հայաստանի Աշտարակ քաղաքի մէջ: Այդ ծառերը մաս պիտի կազմեն նոյն կազմակերպութեան կողմէ հիմնուած սփիւռքահայ վարժարաններու յատուկ անտառին:
Այն հայցումին, թէ Ճեմարանը ինչո՞ւ որոշած է Հայաստանի մէջ ծառատունկ կատարել՝ նորաստեղծ վարժարանի վարիչ Նորայր Տատուրեանը այսպէս արտայայտուեցաւ. «Այդ յիսուն ծառերը խորհրդանշական են: Ծառը կը ներշնչէ բարձր գաղափարներ, ինչպէս՝ յաւերժութիւն, հողի եւ մարդու կապը, համեստօրէն ծառայել, պտղատու ըլլալ… Այս ծրագրի շնորհիւ մեր աշակերտները արմատ կը դնեն հայրենի հողի մէջ: Մեր նպատակն է սփիւռք-Հայաստան կապը ամուր եւ մնայուն պահել ու այդ ուղղութեամբ դաստիարակել հայրենանուէր սերունդներ»:
Աշակերտները ծառատունկի որպէս յիշատակ կը ստանան ATP-ի կողմէ պատրաստուած գեղատիպ շնորհակալագիր եւ շապիկ մը:
Վարժարանի Հայաստան-Փասատենա կապերու մէկ այլ դրսեւորումն էր Երեւանի Գաֆէսճեան Արուեստի Կեդրոնի հետ սկսած ուսումնական կապը: Աշակերտները հեռակայ դրութեամբ հետեւեցան կեդրոնի կողմէ պատրաստուած բազմաթիւ կրթական ծրագիրներուն, ինչպէս՝ «Հայկական պետական նշաններ», «Դիմակը պատմութեան մէջ», «Հայկական թռչնագիրը», ելն.: Դասընթացքները ներկայացուց կեդրոնի կրթութեան գիծով տնօրեն Լիզա Շիրինեանը:
Հայկական Ճեմարանը կը գործէ Փասատենայի Միացեալ Կրթական Տարածաշրջանի (PUSD) երդիքի եւ հովանաւորութեան տակ: Որպէս պետական վարժարան (6-12 րդ դասարաններ) ան անվճար հայեցի դաստիարակութիւն կը մատուցէ թէ՛ Փասատենայի եւ թէ՝ յարակից քաղաքներու հայորդիներուն: Ճեմարանը ունի վարկաւորուած (accredited) լիակատար հայկական ծրագիր եւ ունի հայերէնի բոլոր մակարդակներու համար դասարաններ: Արձանագրուելու կամ այլ տեղեկութիւններ ստանալու համար հեռաձայնել՝ Թալին Նազարեան (626) 396 5820 (ext. 80124):