Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Զինքի Պակասը Կրնայ Աւելցնել Covid-19-ի Ծանր Ընթացքը

Զինքի պակասը կրնայ աւելցնել քորոնա ժահրի ծանր ընթացքի վտանգը: Այս մասին ըսուած է Մարսէյի համալսարանական հիւանդանոցի գիտնականներու հետազօտութեան մէջ, որու արդիւնքները ներկայացուած են Clinical Nutrition ամսագիրին մէջ:

«Սքրինինկ»-ի կեդրոններ դիմած քորոնա ժահրով վարակուած 152 հիւանդի եւ առանց COVID-19-ի 88 հիւանդի մասնակցութեամբ կատարուած է քորոնա ժահրի ծանր ընթացքի կանուխ կանխատեսման գնահատում:

«Հայփոսինեմիա» յաճախ տեսնուած է քորոնա ժահրով վարակուածներու մօտ: Աւելին, զինքի պակասի բարձր վտանգը եղած է տարեցներու մօտ (65 տարեկան):

Ինչպէս պարզուած է, զինքի պակասը իսկապէս կապուած է ծանր ընթացքի վտանգի հետ:

Անհրաժեշտ Համեմներ Առողջութեան Համար

Որոշ համեմներ կրնան շատ օգտակար ըլլալ առողջութեան համար, բայց, անշուշտ, չի յանձնարարուիր չափազանց շատ օգտագործել այդ համեմները:

Կասիա

Կասիան կը նուազեցնէ արեան մէջ շաքարի մակարդակը: Անիկա օգտակար է նաեւ սիրտին համար. կը նուազեցնէ «քոլեսթերոլ»-ի եւ «թրիկլիսերայտ»-ի մակարդակը: Անշուշտ, կասիան չի կրնար փոխարինել դեղերը՝ շաքարի եւ «քոլեսթերոլ»-ի մակարդակը իջեցնելու համար, բայց ատոր ներառումը սննդականոնին մէջ, նշանակուած դեղերու հետ միասին՝ վատ գաղափար չէ:

Քրքում

Քրքումը կ՛օգնէ օրկանիզմին, որպէսզի պայքարի բորբոքային գործընթացներու դէմ: Քրքումին մէջ գտնուող «քուրքումին»-ը կրնայ ազդել ուղեղի բորբոքային գործընթացներու վրայ, որ կապուած են «տեմենշիա»-ի եւ ընկճախտի հետ: «Քուրքումին»-ը արդիւնաւէտ է նաեւ «արթրիտ»-ի ցաւը նուազեցնելու համար:

Կոճապղպեղ

Կոճապղպեղը կ՛օգնէ սիրտխառնուքի եւ գործողութենէ ետք ստամոքսի խնդիրներու: Կոճապղպեղը արդիւնաւէտ է «քիմօթերափի»-ի պատճառով սիրտխառնուքի դէմ պայքարին մէջ՝ յատուկ դեղերու հետ միասին: Սակայն պէտք է յիշել, որ ոչ բոլորը կրնան կոճապղպեղ ուտել:

Սխտոր

Սխտորը օգտակար է սրտանօթային համակարգի առողջութեան համար եւ կ՛օգնէ նաեւ որոշ վարակիչ հիւանդութիւններու կանխարգիլման: Սակայն, ինչպէս կոճապղպեղի պարագային, կարելի չէ շատ սխտոր ուտել:

Քայէնի պղպեղ

Քայէնի պղպեղը կրնայ օգնել թեթեւցնելու ցաւը, յատկապէս «արթրիտ»-ի եւ շաքարախտի հետ կապուած նեարդախտութեան ժամանակ: Բայց այս պղպեղը եւս չի յանձարարուիր շատ ուտել:

afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ