Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Քորոնա Ժահրի Նոր Շտամները Վտանգաւոր՝ Փոքրիկներու Համար. Հետազօտութիւն

Քորոնա ժահրի նոր շտամները վտանգաւոր են ոչ միայն մեծերու, այլ նաեւ՝ փոքրիկներու համար։ Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցի հետազօտողները SARS-CoV-2-ով վարակման աւելի քան 2000 պարագայի «ճենոմային անալիզ» կատարած են մանկաբուժական հիւանդներու ծիրին մէջ՝ պարզելու համար, թէ որքանո՞վ փոքրիկները ընկալելու ունակ են «փաթոճեն»-ի նոր տարբերակի հանդէպ։ Հետազօտութեան արդիւնքները տակաւին փորձագիտական գնահատում չեն ստացած եւ հրապարակուած են նախնական հետազօտութիւններու medrxiv կայքին վրայ։

Բացայայտուած 560 «միւթէյշըն»-ներու 75 առ հարիւրը յայտնաբերուած է 12-էն վար տարիքի փոքրիկներու մօտ, այդ շարքին՝ «բրիտանական» В.1.1.7 շտամով վարակման 33 պարագայ, իսկ 119 փոքրիկ վարակուած է B.1.427/B.1.429 տարբերակով, որ առաջին անգամ յայտնաբերուած էր Քալիֆորնիոյ մէջ, յայտնած է Medportal.ru-ն:

Հետազօտութեան հեղինակներուն խօսքով՝ մանուկներու օրկանիզմը պահեստարան է ժահրի նոր շտամներու համար, եւ անհրաժեշտ է յաճախ «ճենոմային» վերահսկողութիւն՝ հիւանդներու այդ խումբին համար, յատկապէս նկատի ունենալով, որ անոնք վերջին պատուաստուող անձերը պիտի ըլլան քորոնա ժահրին դէմ։

Իրենց աշխատանքին մէջ, գիտնականները չեն գնահատած ախտանշաններու ծանրութիւնը եւ բարդութիւններու կարելիութիւնը քորոնա ժահրի նոր տեսակներու վարակման պարագային, բայց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մասնագէտները աւելի կանուխ տեղեկացուցած էին, որ В.1.1.7 շտամը մեծ վտանգ կը ներկայացնէ փոքրիկներու համար։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ