Յունիս 12, 2021, Շաբաթ օր Փասատինա քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը աշակերտական գողտրիկ հանդէսով մը աւարտեց իր դպրոցական տարին: Բացօթեայ հանդէսը տեղի ունեցաւ նոյնանուն եկեղեցւոյ բակի մէջ:
Յայտագիրը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով: Ապա վարժարանի տնօրէն Նորայր Տատուրեանը տուաւ իր պատգամը: Ան ամփոփեց վարժարանի միամեայ գործունէութիւնը (ծառատունկ Հայաստանի մէջ, մասնակցութիւն Համահայկական հիմնադրամի հանգանակութեան, Արցախեան պատերազմի օրերուն վիրաւոր զինուորներու նիւթական աջակցութիւն, ելն.) Ան աւելցուց, թէ վարժարանը յաջորդ տարուայ համար պատրաստած է ազգանուէր ձեռնարկներու ալ աւելի ճոխ ծրագիր մը:
Վարժարանի 4-5 տարեկան սանիկները հանդէս եկան հայաշունչ երգերով, արտասանութեամբ ու պարով: Անոնց առաջնորդեց ուսուցչուհի Անի Մարսէլեանը: Աւագ դասարանները պատրաստած էին ազգային եւ հոգեւոր երգերու փունջ մը: Երգերը ղեկավարեց վարժարանի երգի ուսուցչուհի Մարալ Քիւրտեանը:
Հուսք բանքը կատարեց Վահէ Սրկ. Չարխուտեանը: Ան փոքրիկներուն հասկնալի լեզուով մը բացատրեց հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը՝ հայապահպանման առաքելութեան մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն, ինչպէս նաեւ վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, որոնք հաւատալով վարժարանի առաքելութեան՝ հակառակ համաճարակի պատճառած դժուարութիւններուն բաց պահեցին վարժարանը ու իրականացուցին անոր բոլոր ծրագիրները:
Ու վերջապէս եկաւ այդ ակնկալուած պահը- հնչեց դպրոցական տարուայ աւարտը ազդարարող վերջին զանգը: Ուսուցչուհիներ Մարալ Դաւթեանը եւ Ազնիւ Սէրայտարեանը իրենց աշակերտներուն բացատրեցին, թէ անիկա վերջակէտ մը չէ, այլ՝ աւելի փայլուն օրերու ձայնը: Աշակերտները եւ հանդիսատես հիւրերը իրարու հրաժեշտ տուին վերամուտին դարձեալ միանալու խոստումով: Յայտագիրը աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքով:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ վարժարանը 5-15 տարեկան հայորդիներուն կը մատուցէ հայոց լեզուի դասեր: Անոր ծրագիրը կը ներառէ նաեւ երգ, պար, թատրոն, հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթ: Արձանագրուելու համար հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակին՝ (626) 449-1523 կամ գրել վարժարանին՝ stgregorysaturdayschool@gmail.com