Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ Վարժարանի Մէջ Հնչեց Վերջին Զանգը

Յունիս 12, 2021, Շաբաթ օր Փասատինա քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը աշակերտական գողտրիկ հանդէսով մը աւարտեց իր դպրոցական տարին: Բացօթեայ հանդէսը տեղի ունեցաւ նոյնանուն եկեղեցւոյ բակի մէջ:

Յայտագիրը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով: Ապա վարժարանի տնօրէն Նորայր Տատուրեանը տուաւ իր պատգամը: Ան ամփոփեց վարժարանի միամեայ գործունէութիւնը (ծառատունկ Հայաստանի մէջ, մասնակցութիւն Համահայկական հիմնադրամի հանգանակութեան, Արցախեան պատերազմի օրերուն վիրաւոր զինուորներու նիւթական աջակցութիւն, ելն.) Ան աւելցուց, թէ վարժարանը յաջորդ տարուայ համար պատրաստած է ազգանուէր ձեռնարկներու ալ աւելի ճոխ ծրագիր մը:

Վարժարանի 4-5 տարեկան սանիկները հանդէս եկան հայաշունչ երգերով, արտասանութեամբ ու պարով: Անոնց առաջնորդեց ուսուցչուհի Անի Մարսէլեանը:  Աւագ դասարանները պատրաստած էին ազգային եւ հոգեւոր երգերու փունջ մը: Երգերը ղեկավարեց վարժարանի երգի ուսուցչուհի Մարալ Քիւրտեանը:

Հուսք բանքը կատարեց Վահէ Սրկ. Չարխուտեանը: Ան փոքրիկներուն հասկնալի լեզուով մը բացատրեց հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը՝ հայապահպանման առաքելութեան մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն, ինչպէս նաեւ վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, որոնք հաւատալով վարժարանի առաքելութեան՝ հակառակ համաճարակի պատճառած դժուարութիւններուն բաց պահեցին վարժարանը ու իրականացուցին անոր բոլոր ծրագիրները:

Ու վերջապէս եկաւ այդ ակնկալուած պահը- հնչեց դպրոցական տարուայ աւարտը ազդարարող վերջին զանգը: Ուսուցչուհիներ Մարալ Դաւթեանը եւ Ազնիւ Սէրայտարեանը իրենց աշակերտներուն բացատրեցին, թէ անիկա վերջակէտ մը չէ, այլ՝ աւելի փայլուն օրերու ձայնը: Աշակերտները եւ հանդիսատես հիւրերը իրարու հրաժեշտ տուին վերամուտին դարձեալ միանալու խոստումով: Յայտագիրը աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքով:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ վարժարանը 5-15 տարեկան հայորդիներուն կը մատուցէ հայոց լեզուի դասեր: Անոր ծրագիրը կը ներառէ նաեւ երգ, պար, թատրոն, հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթ: Արձանագրուելու համար հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակին՝ (626) 449-1523 կամ գրել վարժարանին՝ stgregorysaturdayschool@gmail.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ