Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ինչպիսի՞ Խմիչքներ Օգտակար Են Լեարդին Համար

Որոշ խմիչքներ կրնան օգնել վերականգնելու լեարդի գործառոյթը, յայտնած է սննդաբան եւ «կասթրոէնթերոլոկ» Ալինա Պուտաքովսքայա:

Մասնագէտը նշած է, որ նման խմիչքներ հիմնականին մէջ ստեպղինի եւ դդումի հիւթեր կը ներառեն: Ստեպղինը, ինչպէս բոլոր նարնջագոյն եւ դեղին բանջարեղէնները, հարուստ են «քարոթինոիտ»-ներով, որ կը նուազեցնեն լեարդին վրայ «թոքսին»-ներու վնասակար ազդեցութիւնը: Մասնագէտին համաձայն, օրուան ընթացքին, կարելի է խմել 250 միլիլիթր նման հիւթեր:

«Նախընտրելի են բանջարեղէնային հիւթերը, յաճախ՝ ճակնդեղ պարունակող: Բազուկը սննդականոնին մէջ անփոխարինելի է, որովհետեւ անիկա նիւթ մը կը պարունակէ, որ կը կանխէ քաղցկեղի զարգացումը: Անիկա կը նպաստէ լեարդի բջիջներու երիտասարդացման եւ նաեւ՝ կը զօրացնէ ատոր թունազերծող յատկութիւնները: Ճակնդեղի հիւթը՝ առանց խառնելու այլ հիւթերու հետ, բաւական դժուար է խմելը, ուրեմն աւելի լաւ է զայն աւելցնել այլ հիւթերու մէջ»,- ըսած է մասնագէտը:

Մասնագէսին համաձայն՝ հանքային ջուրը եւս օգտակար է լեարդին համար, յատկապէս, եթէ անիկա քալսիումի պայքարպոնաթ (այլ ձեւով՝ խմիչքը պէտք է ըլլայ միջին կամ շատ աղի) կը պարունակէ: Նման ջուրը, սննդաբանին համաձայն, կ՛օգնէ նուազեցնելու լեարդի բորբոքումի գործընթացները, լեղապարկի լարուածութիւնը, ինչպէս նաեւ կը բարելաւէ լեղիի արտահոսքը, բնական կը դարձնէ մարսողութիւնը եւ կը վերականգնէ լեարդի բոլոր նիւթափոխանակութեան գործընթացները:

Մասնագէտը առողջ մարդոց կը յանձնարարէ օրական մէկ անգամ, ուտելէն կէս ժամ առաջ, օգտագործել մէկ գաւաթ հանքային ջուր: Լեարդի խանգարումի պարագային կը յանձնարարուի խմել օրական մինչեւ երեք գաւաթ:

Սուրճը եւս օգտակար է լեարդին համար, որովհետեւ ատոր մէջ գտնուող «քաֆէին»-ը կ՛աշխուժացնէ լեարդի ֆերմենթներու արտանետումը, որոնք կ՛ազդեն նիւթափոխանակութեան վրայ: Մասնագէտը կը յանձնարարէ ընտրել բացառապէս բնական, ոչ լուծուող սուրճ, եւ խմել օրական 2-3 գաւաթէն ոչ աւելի: Այդ սուրճը կարելի է օգտագործել ցած իւղայնութեամբ կաթով (ոչ աւելի, քան 2.5 առ հարիւր):

Կաթը նոյնպէս կը յանձնարարուի խմել լեարդի աշխատանքը բարելաւելու համար, բայց անիկա պէտք է ունենայ ճարպի ցած տոկոս, յատկապէս եթէ մարդ կշիռքի հետ կապուած խնդիրներ եւ լեարդի ճարպային հիւանդութիւն ունի:

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ