Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակով Եւ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» Պատւոյ Բարձր Շքանշանով Պարգեւատրուեցաւ Տիար Դերիկ Ղուկասեան

       Կիրակի, 27 Յունիս 2021-ի առաւօտէն սկսած, Վէն Նայիսի Սուրբ Պետրոս Հայց. Եկեղեցւոյ  կամարներէն ներս մէկտեղուել էին բազում հաւատացեալ հայորդիներ, որպէսզի մասնակիցը ըլլային օրուան ընթացքին կատարուելիք  հոգեւոր եւ նշանակալի իրադարձութեանց: Պատարագիչն էր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, առընթերականութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Տ. Շնորհք Աւ. Քհնյ. Տեմիրճեանի եւ Արարատ Տան հոգեւոր հովիւ` Տ. Երեմիա Քհնյ. Խաչատրեանի:

     <<Հայր Մեր>>-էն առաջ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աւ. Քհնյ. Տեմիրճեանը` թափորի ուղեկցութեամբ եւ <<Հրաշափառ>> շարականի երգակցութեան ներքոյ  ներս բերեց Հայրապետական Սրբատառ կոնդակը, որմէ յետոյ ձեռամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի` <<Ս. Ներսէս Շնորհալի>> պատւոյ բարձր շքանշանը շնորհուեցաւ Թեմական Խորհրդի ատենապետ եւ Արարատ Տան տնօրէն` Տիար Դերիկ Ղուկասեանին: Շքանշանի յանձնումէն յետոյ Սրբազան Հայրը Իր օրհնութեան եւ շնորհաւորանքի խօսքերն ուղղեց Տէր եւ Տիկին Դերիկ եւ Ատրինէ Ղուկասեաններուն ըսելով. <<… երջանիկ  պահ մըն է բոլորիս համար անխտիր, անձնապէս մեզ համար, Ս. Պետրոս Հայ. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ արժանապտիւ հովիւ Տ. Շնորհք Աւ. Քհնյ Տեմիրճեանի, ծխական խորհուրդի, յարակից բոլոր մարմիններու, այստեղ ներկայ մեր հոգեւոր  եղբայրներու համար, ինչպէս նաեւ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի համար: Յիրաւի ցնծութիւն է, երբ այստեղ` այս սուրբ եկեղեցւոյ կամարներու ներքոյ իրենց արժանի գնահատութիւնը կը ստանան մեծարգոյ Տէր եւ Տիկին Դերիկ եւ Ատրինէ Ղուկասեանները` պարգեւատրուելով  Հայրապետական Սրբատառ կոնդակով  եւ <<Սբ. Ներսէս Շնորհալի>> պատւոյ բարձր շքանշանով` իրենց ցուցաբերած ծառայութեանց դիմաց, որպէս վարձատրութիւն: Վստահ ենք,  սա նաեւ խթան պէտք է հանդիսանայ որպէսզի անոնք նոյն ոգով, նոյն եռանդով, նոյն հաւատքով շարունակեն իրենց բարի ծառայութիւնը Աստծուն, մեր սուրբ եկեղեցուն եւ մեր  թեմական կեանքին:

        Սիրելի Տէր եւ Տիկին Դերիկ եւ Ատրինէ Ղուկասեաններ, մենք  Ձեզ  անձնապէս  եւ Ձեր հրաշալի ընտանեօք հանդերձ` արդէն տասնութ տարիներէ ի վեր  կը ճանչնանք, շատ բան կրնանք ըսել մենք, մեր հոգեւոր եղբայրները, նաեւ այստեղ միաբանեալ ժողովուրդը, որովհետեւ Դուք բոլորի կողմէ ստացած էք ամենաբարձր վարձատրութիւնը` բոլորի սէրը, բոլորի յարգանքը եւ եթէ նժարի վրայ ուզենք դնել, թէ ինչն է ամենէն ծանր կշռող արժէքը` բնականաբար դա սէրն է, բնականաբար  յարգանքն է, որ ժողովուրդէն  կու գայ, մնացեալը անցողիկ է` կու գայ եւ կ’երթայ: Դուք արդարօրէն շահած էք այդ` Ձեր ազնիւ աշխատանքի քրտինքով, բարի ծառայութեամբ, մանաւանդ  նաեւ խոնարհ ներկայութեամբ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ` բազում պաշտօններ վերցնելով Ձեզ վրայ: Մեզի համար ուրախութիւն է, որ  Սուրբ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ Ձեր երկար տարիներու ծառայութենէ  յետոյ, թեմական կեանքին մէջ զանազան պաշտօններ վարելէ յետոյ, այսօր Դուք կը վարէք նաեւ Թեմական խորհուրդի ատենապետի բարձր եւ պատասխանատու պաշտօնը: Դուք որպէս երիտասարդ ծնողներ, դեռ շատ երկար ճանապարհ ունիք Ձեր կեանքի առջեւ բացուած, ուստի Աստուծոյ օգնականութեամբ, նոյն հաւատքի նախանձախնդրութեամբ եւ աղօթքով պէտք է շարունակէք Ձեր ծառայաբեր կեանքը` ի սէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, ի սէր հայրենիքի եւ ի սէր Արեւմտեան թեմի: Ձեզ կը մաղթենք միայն եւ միայն քաջառողջ երկար կեանք, Ձեզ կը մաղթենք նաեւ առաւել կորով, եռանդ, որպէսզի եկեղեցին շարունակէք դարձնել Ձեր հոգեւոր կեանքի մնայուն առանցքն ու հիմքը: Ուստի անգամ մը եւս  սրտագին, անկեղծ ու ջերմ սրտով կը շնորհաւորենք Ձեզ` Հայրապետական Սրբատառ կոնդակի եւ <<Ս. Ներսէս Շնորհալի>> պատուոյ բարձր շքանշանի ստացման այս ուրախ եւ տօնական օրուան առթիւ>>:

      Ապա`վերջաւորութեան Սուրբ Պատարագի ներկաները եւ հիւրերը Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ կից գտնուող Գարակէօզեան հանդիսասրահը, ուր տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, եւ գեղարուեստական յայտագիր մը` կազմուած ազգային երգերէ: Ճաշկերոյթին ներկայ էին տարբեր ծուխերէն ժամանած հոգեւորականներ, մտաւորականներ, թեմական զանազան կառոյցներու ներկայ եւ նախկին պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս` Տիար Արմէն Պայպուրտեանն իր տիկնոջ հետ:

       Մշակութային ձեռնարկէն առաջ, յաջորդաբար խօսք առին եւ իրենց սրտի բարեմաղթանքները յղեցին Տիար Դերիկ Ղուկասեանին`  Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Շնորհք Աւ. Քհնյ. Տէմիրճեանը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ծխական խորհրդի անդամները: Օրուան հանդիսավարն էր` Տիկին Սիլվա Խաչիկեանը:

      Միջոցառման վերջաւորութեանը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն անգամ մը եւս Իր ուրախութիւնը եւ գնահատանքը յայտնեց <<Ս. Ներսէս Շնորհալի>> պատւոյ բարձր շքանշանակիր Տիար Դերիկ Ղուկասեանը, ինչպէս նաեւ համայնքի եւ ներկայ բոլոր հիւրերուն, նշելով, որ նման այս օրինակները նոր յառաջադիմութեան եւ զարգացման արշալոյսներ պէտք է բանան մեր համայնքային եւ թեմական կեանքէն ներս: Ապա աղօթքով եզրափակուեց օրուան հանդիսութիւնը: Դիւան Առաջնորդարանի

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ